ՊԱՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՒԱՐՏԱ՞Ծ Է

0 0
Read Time:1 Minute, 56 Second

cold-war

Մակար, ի Գաղիա, Յունիս 10, 2016

Կեդրոնականցի Արմենակ կը սիրէ ճամբորդել, ասդին-անդին երթալ, տեսնել-լսել եւ յետոյ տրտնջալ:

Հեղեղային անձրեւներէն ետք արեւոտ չորեքշաբթի մըն էր: Տխրութեամբ կը դիտէի յորդառատ անձրեւին պարտէզիս պատճառած վնասները: Լոլիկի, սմբուկի, պղեպղի տնկիներուն գլուխները ծռած էին, ցանած հունտերս փտած էին եւ ծիլ չէին արձակած: Այդ պահուն հասաւ Կեդրոնականցին:

Երբ տեսաւ տխրութիւնս եւ իմացաւ պատճառը, իր քահ-քահով դրացուհիիս գլուխը դուրս կանչեց խոհանոցի պատուհանէն:

– Է՜հ, Մակար, այսօր հասկցայ որ հանգստեան կոչուած ես եւ մանրուքով կը զբաղիս: Դուրս ե՛լ, շուրջդ դիտէ՛:

– Թատրոն մի՛ խաղար, ի՞նչ աւելի կարեւոր բան կայ, ըսէ՛:

– Կը մտահոգուիս փտած հունտերովդ: Նորը կը ցանես: Իսկ փտած ուղեղներու եւ հոգիներու մէջ ոչինչ կը բուսնի, ոչ այսօր եւ ոչ ալ վաղը:

Տնկիներս եւ հունտերս մոռցայ, սպասեցի, որ ըստ արմենակեան սովորութեան, ըսէ իր ցաւը եւ յայտնաբերումներ ընէ:

– Մակա՛ր, Հայաստան փրկուեցաւ համայնավարական պարտադրուած այլամերժութենէ, քարացած վերաբերումներէ եւ նեղմտութիւնները որպէս ժառանգութիւն տուաւ սփիւռքին: Հոն հասկցան որ պաղ պատերազմը վերջացած է, բայց մենք կը շարունակենք այդ պաղ պատերազմը:

– Լաւ է, հետզհետէ մաշող համայնքները արթուն կը մնան:

– Բայց գիտես, որ տխմարութիւնը ազգը կրծող կեղ է: Ինչպէ՞ս կարելի է լսել բաներ, որոնք մեր բաժանումներու չախչախին կեր կու տան: Անցեալ շաբթուան ընթացքին հայկական երկու ակումբներու մէջ դասախօսութիւն կար: Գացի: Կողքիս նստած արդիական տիկին մը իրեն հետ խօսող այր մարդուն կ’ըսէր, թէ ինչո՞ւ հոս կը ցուցադրէին գործերը նկարիչի մը՝ որ «մեզմէ չէ»: Միւս ակումբին մէջ ալ լսեցի երիտասարդ մը, որ իր ընկերոջ կ’ըսէր, թէ «այսօր մեծ թիւով հակառակորդներ ալ եկած են»:

– Արմենա՛կ, մենք աւանդութիւնները բծախնդրութեամբ կը պահենք, քանի որ անոնց վրայ հիմնուած են մեր երեւելիութիւնները: Կրնա՞ս երեւակայել, թէ ինչե՜ր կրնան պատահիլ, եթէ մեր պաղ պատերազմը վերջանայ: Անոր վրայ հիմնուած երկուքով, երեքով, չորսով բազմապատկուած երեւելիութիւնները այդպէս ալ կը բաժնուին եւ կը յառաջանայ մեծ տագնապ: Իսկ դուն ի՞նչ ըսիր եւ ըրիր:

– Կը կարծե՞ս որ պիտի լռէի: Առաջինի հիւրասիրութեան ընթացքին մօտեցայ արդիական տիկինին եւ ըսի, որ «այդ նկարիչը եթէ մեզմէ չէր թո՞ւրք էր»: Տիկինը զիս վերէն վար չափեց եւ հեռացաւ: Իսկ «հակառակորդ» տեսնողին ալ ըսի, որ հիմա պաղ պատերազմը վերջացած է, ո՞ւր գտնենք հակառակորդը կռիւը շարունակելու համար:

– Այսպէս է, Արմենակ, սփիւռքները հեղեղին տակ մնացած հունտերուս կը նմանին, քանի անձրեւի պէս ժամանակը կ’անցնի, այնքան աւելի կը փտին:

– Եթէ գրոց-բրոցներդ այս բաները գիտէք, ինչո՞ւ լուռ կը մնաք մեղսակից դառնալով առանց պատճառի պաղ պատերազմի շարունակման,- եզրակացուց Կեդրոնականցին:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles