ԳլխաւորՅօդուածներ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

 

Հաճնոյ ահեղ կոտորածէն վերապրած սերունդի մը ժառանգորդներէն խումբ մը՝ ճիտապուրի պատրաստութեան ընթացքին

Կիրակի, 19 Հոկտեմբերին, Պաթոն Ռուժի հայութիւնը անգամ մը եւս խուռներամ հաւաքուած էր Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ՝ ոգեկոչելու համար Հաճնոյ հերոսամարտի 105-ամեակը։

Առկան հիացում պատճառող երեւոյթ մըն է, որ հաճընցի հայրենակիցներ, տակաւին քանի մը տասնեակ տարի առաջ մերձաւորարեւելեան երկիրնե­րէն արտագաղթելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգը, իրենց հետ բերած են ան­կապտելի աւանդ մը՝ իրենց հայրենի բնօրրանին տոհմիկ սովորութիւնները, Հաճընի հանդէպ հաւաքական յիշո­ղութիւնը եւ հոն հերոսաբար նահա­տակուած նախնեաց խնկելի յիշատա­կը։ Հակառակ անոր, որ պատմական Հաճընի անկումէն արդէն աւելի քան դար մը անցած է, սակայն միեւնոյն է, անոնք յաջողած են սերունդէ-սերունդ փոխանցել ցեղի մը գոյատեւման հո­գեւոր-մշակութային այն արժէքները, որոնք իրենց կտակած է մահուան ար­հաւիրքէն վերապրած հաճընցիներու աւագ սերունդը։

Արդարեւ, տեղի ունեցածը ամենեւին սովորական կամ ընթացիկ հնամոլութեան մը ձանձ­րալի կրկնութիւնը չէ, այլ ան հայրենակցական բովանդակալից տօնախմբութիւն մըն է՝ պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու, հայեցի ինքնութիւնը կոփելու, ազգային պատկանե­լիութեան եւ հայրենեաց սիրոյ սրբազան ուխտը վերանորոգելու մեծարժէք ժառանգու­թիւն մը։

Վերոնշեալ մշակութային ժառանգութեան բաղկացուցիչ մասերէն մին է նահատակաց հոգիներուն ձօնուած մատաղի պատրաստութիւնը, որուն հաճընցիներ ճիտապուր կը կոչեն, նկատի ունենալով այդ ուտեստին համար օգտագործուած միսը, որ սովորաբար տաւարի կամ ոչխարի ճիտէն առնուած պէտք է ըլլայ։

Հաճնոյ հերոս նահատակներու յիշատակին ձօնուած ճիտապուրի քանի մը օրերու վրայ երկարող արարողութիւնը, կորկոտն ու միսը խնամքով պատրաստելու, ապա նախօրէին զայն խոշոր կաթսաներու մէջ մինչեւ եփիլը հարելու ժամանակատար գործը համայնքը միաւորելու եւ մարդիկ նպատակի մը շուրջ համախմբելու ազդեցութիւնը ունին։

Այս տարի եւս հաւաքական այս ամբողջ աշխատանքը իրականացաւ տէր եւ տիկ. Վազգէն եւ Հայկօ Գալթաքճեաններու հիւրընկալ օճախին մէջ, ուր համայնքի տիկինները, փորձա­ռու ցուցմունքներով տիկնայք Մարի Գալթաքճեանի եւ Ազատուհի Մութաֆեանի, պատ­րաստեցին ճիտապուրին բաղադրութիւնը, եփած միսի ահագին զանգուածը մէկիկ-մէկիկ փետելով զայն վերածեցին թելանման շերտերու, իսկ յաջորդ օրը երեկոյեան մինչեւ ուշ գիշերուան ժամերը այր մարդիկ, նաեւ տղաք ու աղջիկներ, ազգային-հայրենասիրական երգեր երգելով՝ խինդ ու ծիծաղով հարեցին միսն ու կորկոտը մինչեւ ճիտապուրին պատ­րաստուիլը։ Աւելցնլել է պէտք, որ միսն ու կորկոտը իրարու հետ շաղելէ եւ կաթսաներուն մէջ լեցնելէ առաջ կատարուեցաւ աղի օրհնութեան կարգը, որ, ըստ Հայց. եկեղեցւոյ ծիսա­կան աւանդոյթներուն, կատարեց Զուիցերիայէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեանը։

Հաճընի հերոսներու յիշատակին ձօնուած ծաղկեպսակը՝ կանգնած Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ դասին առջեւ

Արդարեւ, կիրակի առաւօտեան Հաճնոյ դիւցազնամարտի 105-ամեակին ձօնուած պատա­րագը մատուցեց տ. Սիմէօն աբղ. Օտապաշեանը։ Խորանին սպասարկեցին եկեղեցական վայելուչ շապիկներ հագած դպիրներ եւ ուրարակիր սարկաւագներ։ Իսկ պատարագի երգեցողութիւնը գեղեցկօրէն կատարեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տիկնանց երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ տիկ. Սօսի Գալթաքճեանի։

Յաւարտ պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 15 Հոկտեմբեր 1920 թուականին Հաճնոյ մէջ նահատակուած բոլոր զոհերու, նաեւ տե­ղաբնակ եւ շրջակայից հայ ընտանիքներու հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգւոց հանգստեան եւ լուսաւո­րութեան համար։ Ապա Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ օրուան պատարագիչը՝ Սիմէօն աբեղայ, կատարեց մատաղի օրհնութեան կարգը, որուն հե­տեւեցաւ Հաճընի գոյամարտին ձօնուած երգը՝ յոտն­կայս եւ միաբերան երգեցողութեամբ բոլոր ներկանե­րուն։

Այս առթիւ դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ հիմնահարցի մը՝ շեշտե­լով, որ ինչո՞ւ համար տարուէ-տարի կը նշենք Հաճնոյ դիւցազնական հերոսամարտին տարեդարձը, հակա­ռակ այն փաստին, որ աւելի քան հարիւր տարիներու հեռաւորութիւն մը մեզ կը բաժնէ պատմական եղե­լութենէն, երբ այնուհետեւ մեզմէ ոչ ոք կամ որեւէ մէկ ուրիշ հայ կ’ապրի Հաճընի մէջ։ Ան ըսաւ.

«15 Հոկտեմբեր 1920-ը «դամբանի սեւ մրուրով» գրուած եղերական թուական մըն է Հաճընի տարեգրութեան էջերուն մէջ։ Սակայն ան մահախուճապ իր ամբողջ ողբերգութեամբ հանդերձ կը ներկայանայ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայ­քարի հերոսական էջերէն, ինքնահաստատման ու դաժան գոյապայքարի պեր­ճախօս վկայութիւններէն մին:

105 երկար տարիներու թաւալումէն ետք, մենք այսօր տակաւին ամենայն երկիւղա­ծութեամբ ու համակ յարգանքով կը խոնարհինք մեր նախնեաց՝ Հաճընի բիւրաւոր նահատակներու անթառամ յիշատակին առջեւ։

Անշո՛ւշտ յուզուած ենք ու կը սգանք, այո՛, բայց նաեւ զիրենք կը յիշենք հպարտու­թեամբ։ Որովհետեւ մեզի համար Հաճըն միայն տառապանքի խորհրդանիշ մը չէ, այլ ան հերոսական դիմադրութեան, դիւցազնական ոգիի, արժանապատուութեան եւ կեանքին հանդէպ անկոտրում հաւատքի մը վկայութիւնն է։

Թող Հաճնոյ խնկելի յիշատակը մեզ պարտաւորեցնէ պահպանելու ճշմարտութիւ­նը, փնտռելու արդարութիւնը, բարձրացնելու մեր ձայնը՝ մեր ազգային պահանջա­տիրութեան, արդար իրաւունքներու եւ պատմական արդարութեան իրականաց­ման, խաղաղ ու հզօր հայրենիք մը կերտելու ուղղութեամբ։ Վասնզի Հաճըն կ’ապ­րի մեր սրտերուն, մեր հաւաքական յիշողութեան եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ Մենք մեր կորուստները չենք յիշեր՝ արդէն լեռնակուտակ մեր ցաւն ու սուգը, լացն ու կոծը առաւել եւս բազմացնելու համար, այլ զանոնք կը յիշենք գերազանցա­պէս պահպանելու համար մեր նահատակ հերոսներուն արժանապատուութիւնը. մարդիկ, որոնց կուռ հաւատամքն էր «մահ իմացեալ անմահութիւն է» կարգախօսը՝ հայրենի հողը ցեղասպան ոսոխին դէմ թէկուզ սեփական կեանքի գնով պաշտպա­նելու համար։

Մենք կը յիշենք Հաճընը, քանի որ յիշողութիւնը ճշմարտութիւն կը նշանակէ։ Ան գերազանցապէս դիմադրութեան եւ ճշմարտութեան նկատմամբ պատասխանատւ­ութեան դրսեւորում է։ Մինչդեռ մոռացումը անտարբերութեան արտայայտութիւն եւ մեղկ ցուցանիշ մըն է ինքն իրմէ փախուստի։

Այն ազգը, որ կը լռէ ու կը մոռնայ իր նախնեաց տառապանքը՝ կը կորսնցնէ իր պատմութիւնը։ Իսկ ան, որ կը կորսնցնէ իր պատմութիւնը, ոչ միայն կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը, այլեւ իր անհատականութիւնը, իր առնչուածութիւնը մարդկային հոգեւոր ու բարոյական բովանդակ արժէքներու հետ։

Զտարիւն հաճընցիներ, ձախէն՝ դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան եւ տիար Վազգէն Գալթաքճեան, ճիտապուրը հարելու ընթացքին

Հաճըն էական մէկ մասը կը կազմէ մեր ինքնութեան, դիմադրական ոգիին, հերոսա­կան գոյապայքարին եւ նոյնիսկ մոխիրներուն մէջէն որպէս փիւնիկ վերածնելու կա­րողութեան։ Ան «խորին խորհուրդ» մըն է, աստուածային շնորհաշատ պարգեւ մը, որ ազգեր ձեռք կը բերեն պատմութեան ամենաթէժ քուրաներուն, կեանքի դժուա­րագնաց քառուղիներուն եւ լինել-չլինելու վճռորոշ գոյամարտերուն մէջ։

Ուստի մենք կը յիշենք մեր հայրենի բնօրրան Հաճընը, որովհետեւ յիշողութիւնը յա­րատեւ արդարութիւն կը փնտռէ ու հետեւողականօրէն, ի գին ամէն ինչի, կը պա­հանջէ կեանքին համարժէք եւ անոր պէս թանկ այդ զգետնուած, լլկուած ու յօ­շոտուած արդարութեան իրականացումը։ Իսկ հոս ո՛չ ժամանակի քայքայիչ ուժը, ո՛չ ալ հզօրներու զէնն ու ասպարը կրնան յարատեւ դիմադրել այն գերազանց կա­րողութեան, որ ազգի մը հաւաքական յիշողութիւնն է։ Որովհետեւ կը հաւատանք, որ սէրը աւելի զօրեղ է քան մահն ու աւերը, ճշմարտութիւնն է վերջին ու մնայուն յաղթանակողը։

Հակառակ բոլոր փաստացի իրականութիւններուն, ժամանակի եւ աշխարհագրա­կան հեռաւորութիւններուն, որոնք գոյացած են հերոսածին Հաճընի, նաեւ մեր ու գալիք սերունդներուն միջեւ, Հաճըն պիտի մնայ ու ապրի մեր պատմութեա՛ն, մեր երգերո՛ւն եւ սերունդներու սիրտերո՛ւն մէջ։

Այնքան ատեն, որ թէկուզ դեռ մէկ հոգի կ’արտասանէ Հաճըն անունը, քանի դեռ մէկ հոգի կը վառէ մոմ մը անոր ութամսեայ դիւցազնական ինքնապաշտպանու­թեան յիշատակին օրը՝ Հաճընը չի մեռնիր։ Ան կ’ապրի իբրեւ վերածնունդի խորհրդանիշ, քաջարի ցեղի մը հաւատքի ցուցանիշ, անընկճելի հպարտութեան, անձեռնմխելի արժանապատուութեան, հայեցի անեղծ ինքնութեան պերճախօս վկայութիւն»։

Յաւարտ բանիս հարկ է շնորհակալութիւն յայտնել Պաթոն Ռուժի, Նիւ Օրլինզի եւ շրջակայից հայութեան, նաեւ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի անդամնե­րուն, որոնք իրենց յօժարակամ աշխատանքով, նիւթաբարոյական սրտաբուխ նուէրներով իրականացուցին հայաբոյր աւանդոյթներով հարուստ այս տօնակատարութիւնը։

Խունկ, աղօթք եւ օրհնութիւն՝ արծուաբոյն Հաճընի նահատակ հերոսներու հոգիներուն, եւ մեր հերոսածին նախնեաց անմոռաց յիշատակին՝ բի՜ւր յարգանք եւ խոնարհում։

Ներկայ մը

 Պաթոն Ռուժ, 19 Հոկտեմբեր 2025

Զ. կիրակի զկնի Սուրբ Խաչի  

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button