Լրահոս
ՈՒՔՐԱՅԻՆԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՆԱԽԱԳԻԾ
ՔԻԵՒ.- Ապրիլ 3ին, Ուքրանիոյ խորհրդարանին ներկայացուած է “Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին“ բանաձեւի թիւ 2530 նախագիծը։
Խորհրդարանի պաշտօնական կայքին վրայ նշուած է, որ օրինագիծի նախաձեռնողն է Օտեսայէն երեսփոխան Վիթալի Պարվինենքօն:
Նշենք թէ, “Երկիր“ կայքը, վերջերս Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Քիեւի դիրքորոշման մասին հարցում յղած էր Ուքրայինայի արտաքին գործոց նախարարութեան, որուն պատասխանելով՝ նախարարութիւնը շեշտած էր թէ Ուքրայինա, Օսմանեան կայսրութեան մէջ, 1915-ին տեղի ունեցած դէպքերը որպէս Հայոց Ցեղասպանութիւն չի ճանչնար“:


