Լրահոս

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՑՈՅՑԸ

p16URUGUAY1

ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Կազմակերպութեամբ, Ուրուկուայի հայ երիտասարդական միութիւններուն, Մարտ 26-ի երեկոյեան, Հայոց Ցեղասպանութեան հրապարակի տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ լուռ ցոյց մը, որուն ընթացքին մասնակից երիտասարդները գետին նստած եւ իրենց բերանները կարմիր երիզներով կապած` ցոյց մը կատարեցին, մինչ կարգ մը երիտասարդներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին թերթիկներ կը բաժնէին բազմաթիւ անցորդներուն, որոնք հետաքրքրութեամբ առաւել տեղեկութիւններ կը փափաքէին ունենալ Ցեղասպանութեան մասին:p16URUGUAY

Հայոց Ցեղասպանութեան հրապարակի տարածքը կը գտնուի զբօսաշրջիկներու յատուկ շրջանի մը մէջ:

Advertisement Subscribe Today

Ցուցարար երիտասարդները պարզած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր` “Կը զօրակցինք աշխարհի բոլոր լքեալներուն“, “Ո՛չ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն“, “Հայոց Ցեղասպանութիւն` բնաւ երբե՛ք“:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button