ՈՒԱՅՈՄԻՆԿՆ ԱԼ ԴԷՄ ՔՈՒԷԱՐԿԵՑ ՊԱՔՈՒԻ ՀԱԿԱՀԱՅ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ

0 0
Read Time:34 Second

Cheyenne_capitol_sitzungssaal3

WYOMING ՇԱՅԷՆ.- Հաուայիէն եւ Հարաւային Տաքոթայէն ետք, Ուայոմինկ հանդիսացաւ պատմութիւն խեղաթիւրելու Ատրպէյճանի նորագոյն արշաւը մերժող յաջորդական երրորդ նահանգը։ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 25ի դէմ 35 քուէով, Ուայոմինկի նահանգային խորհրդարանը մերժեց Ատրպէյճանի հովանաւորութիւնը վայելող թիւ 2 հակահայ բանաձեւը, որուն նպատակն էր պատմութիւնը խեղաթիւրել:
Բանաձեւի քննարկման ընթացքին, անոր ընդդիմացողները՝ գլխաւորութեամբ Նեթըն Ուինթըրզի, շեշտը դրած են Ատրպէյճանի իշխանութեան բռնատիրական քայլերուն վրայ՝ դատապարտելով խօսքի ազատութեան ու ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութեանց դէմ անոնց առած քայլերը:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան բաց նամակով մը դիմած էր Միացեալ Նահանգներու բոլոր նահանգային խորհրդարաններու անդամներուն՝ կոչ ընելով անոնց, որ դէմ դնեն «ժողովրդավարութիւնը առեւանգելու» նպատակով Ատրպէյճանի իշխանութեանց աշխուժացած ջանքերուն:

Քննարկումը կարելի է դիտել՝ այցելելով.- http://youtube/KXniXJJCwCo կայքէջը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles