“ՈՒ՜Շ- ՈՒ՜Շ ԵՆ ԳԱԼԻՍ, ԲԱՅՑ Ո՛Չ ՈՒՇԱՑԱԾ“

0 0
Read Time:8 Minute, 59 Second

Պետրոս Քհնյ. Շիթիլեան

Պա­րոյր Սե­ւա­կի յայտ­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թե­նէն քաղ­ուած այս տո­ղե­րը մտա­բե­րե­ցի երբ կար­դա­ցի “Հայ­րե­նիք“-ի Փետր­ուար 10, 2012 թիւին մէջ հրա­տա­րակ­ուած յօդ­ուա­ծը. Ո՞ւր է Մեր Հայ­րե­րուն Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւնը վեր­նա­գ­րով, որ թարգ­մա­նու­թիւնն է նա­խա­պէս հրա­տա­րակ­ուած յօդ­ուա­ծի մը, անգ­լե­րէն լե­զուով լոյս տես­նող “Ար­մինի­ըն Ուիք­լի“ին մէջ:

Ըլ­լա­լով ոչ կու­սակ­ցա­կան, այլ` հա­մա­կիր, որ կը կի­սէ նոյն կազ­մա­կեր­պու­թեան նպա­տակ­նե­րը, ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւնը, մէ­կը որ կը հասկ­նայ անոր յոյժ կա­րե­ւո­րու­թիւնը, կա­տա­րե­լա­պէս կը հասկ­նամ ու կ՛աջակ­ցիմ այդ յօդ­ուա­ծին մէջ ար­տա­յայտ­ուած տե­սա­կէտ­նե­րուն:

Հար­ցը հո՛ն է, որ շա­տո՜նց կը սպա­սէ­ինք նման ճշմար­տա­խօս խօս­քե­րու. հար­ցը հո՛ն է, որ բո­լորս ալ պա­կաս կամ աւե­լի գի­տենք, իրա­րու կը փսփսանք գրե­թէ նոյն իրա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին որ յիշ­ուած են  հոն, բայց բա­ցա­յայտ չենք խօ­սիր. հար­ցը հո՛ն է, որ այդ յօդ­ուա­ծը կը շօ­շա­փէ Սփիւռք-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն կա­րե­ւոր, բայց մէկ երե­սը:

Չնա­յած այն բա­նին, որ կը կի­սենք նոյն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, բայց այդ հար­ցին գործ­նա­կան լու­ծու­մը կը մնայ այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­քին հար­ցը , որ  միայն պա­հանջ­քի պա­րա­գա­յին կրնայ ստա­նալ նաեւ հա­մա­կիր­նե­րուն աջակ­ցու­թիւնը: Մենք միայն կրնանք յու­սալ եւ որ­պէս քրիս­տոն­եայ աղօ­թել, որ­պէս­զի այն օրը գայ երբ Հ.Յ.Դ.-ն հայ­րե­նի­քին մէջ իս­կա­պէս ըլ­լայ.Մեր Հայ­րե­րուն Հ.Յ.Դ.-ն:

Նշեալ յօդ­ուա­ծը առիթ եղաւ անձ­նա­պէս ին­ծի հա­մար, որ­պէս­զի որոշ մտո­րում­ներ ար­տա­յայ­տեմ Սփիւռք-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու որոշ երես­նե­րուն մա­սին: Գի­տակ­ցա­բար կը գրեմ նախ Սփիւռք եւ ետ­քը Հա­յաս­տան, որով­հե­տեւ նիւ­թը մեր` սփիւռ­քի կեց­ուած­քի մա­սին է:

Վե­րը նշե­ցի, որ իրա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին բո­լորս ալ գի­տենք եւ իրա­րու կը փսփսանք, բայց բա­ցա­յայտ չենք ար­տա­յայտ­ուիր: Բա­ցա­յայտ ար­տա­յայտ­ուե­լու  մա­սին է խօս­քը: Նպա­տա­կը Հա­յաս­տա­նի մէջ իրա­վի­ճա­կը ապա­կա­յու­նաց­նե­լը չէ, նպա­տա­կը Հա­յաս­տա­նի մէջ “Արա­բա­կան գա­րուն մը“ ու­նե­նա­լը չէ, որ իր կար­գին ճա­կա­տագ­րա­կան սխալ մը կրնայ ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թեան ապա­հով­ման հա­մար: Բայց միւս կող­մէն մեր հա­ճո­յա­կա­տա­րու­թիւնը, պա­տե­հա­պաշտ ըլ­լա­լը, լռե­լը, գործ­նա­կա­նօ­րէն բան մը չնե­լը, նոյն­քան ճա­կա­տագ­րա­կան սխալ մը կրնայ ըլ­լալ մեր հայ­րե­նի­քին հա­մար: Դժբախ­տա­բար այդ կա­րե­լիու­թիւնը կայ: Գ՛ոնէ անոնք որոնք “մէջ“-էն գի­տեն Հա­յաս­տա­նի վի­ճա­կը, պէտք է հասկ­նան թէ ի՞նչ կ՛ու­զեմ ըսել: Սփիւռ­քի մէջ բնա­կա­նօ­րէն կը հպար­տա­նանք Ան­կախ Հա­յաս­տա­նով, բայց մէյ մը եթէ ու­շա­դիր լսենք Հա­յաս­տա­նի հա­սա­րակ ժո­ղո­վուր­դին, մէյ մը եթէ Երե­ւա­նէն դուրս ել­լենք ու առի­թը ու­նե­նանք վստա­հե­լի կապ մը հաս­տա­տե­լու հա­սա­րակ ժո­ղո­վուր­դին հետ յստա­կօ­րէն կը հասկ­նանք, որ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դը ան­կա­խու­թեան մա­սին ու­րիշ կար­ծիք ու­նի, ցա­ւա­լի կար­ծիք մը, շատ ժխտա­կան կար­ծիք մը: Խորհր­դա­յին օրե­րուն` 1947-48-ի հայ­րե­նա­դարձ­նե­րուն կող­մէն ըս­ուած.“Եր­կի­րը եր­կիր չի“-ն, այ­սօր դուք կը լսէք գրե­թէ բո­լո­րին կող­մէն: Ու այդ եր­կի­րը մեր հայ­րե­նիքն է` Հա­յաս­տա­նը, որուն ան­կա­խա­ցու­մը ար­ժէ­քազրկ­ուած է: Դեռ աւե­լին, այս յու­սա­խա­բա­նու­թիւնը շատ խո­րունկ կ՛եր­թայ ու կը հաս­նի հայ­րե­նիք եւ ազ­գու­թիւն հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րուն ամ­բող­ջա­կան ար­ժէ­քազրկ­ման: Ժո­ղո­վուր­դի կա­րե­ւոր հատ­ու­ա­­ծին քով նոյ­նիսկ զզուանք մը կայ հա­յու­թեան հան­դէպ, մեր­ժում մը կայ ամէն բա­նին նկատ­մամբ որ հայ­կա­կան է ու անընդ­հատ ձգտում մը կայ առա­ջին առի­թին հայ­րե­նի­քը ձգե­լու: Ահա ա՛յս է ամե­նէն մտա­հո­գե­ցու­ցի­չը: Մար­դը իր հայ­րե­նի­քին մէջ ինք­զին­քը պէտք է լաւ զգայ, մար­դը գո՛նէ նուա­զա­գոյն պայ­ման­նե­րը պէտք է ու­նե­նայ ար­ժա­նա­վա­յել կեանք մը ապ­րե­լու եւ իր ըն­տա­նի­քին նուա­զա­գոյն կա­րիք­նե­րը ապա­հո­վե­լու: Հար­ցը ոչ թէ յղփա­ցած կեանք մը ապ­րե­լու մա­սին է, այլ ապ­րուս­տի նուա­զա­գոյն պայ­ման­նե­րուն բա­ցա­կա­յու­թիւնն է: Ինչ­պէս մենք հոս Սփիւռ­քի մէջ, այն­պէս ալ Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դը կը հասկ­նայ, որ տնտե­սա­կան ծանր պայ­ման­նե­րուն պատ­ճա­ռը միայն շրջա­փա­կու­մը չէ, այլ նաեւ եւ աւե­լի` ղե­կա­վա­րու­թեան եւ վեր­նա­խա­ւին փտա­ծու­թիւնը: Եթէ ժո­ղո­վուր­դը տես­նէր, թէ վեր­նա­խա­ւը իս­կա­պէս կը ջա­նայ կա­ցու­թիւնը ուղ­ղել, թէ վեր­նա­խա­ւը փտած չէ, թէ ան ժո­ղո­վուր­դին հետ կը կի­սէ նոյն դժուա­րու­թիւն­ներն ու ցա­ւե­րը, վստա­հօ­րէն հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փա­րը նման ան­կում պի­տի չար­ձա­նագ­րէր եւ ո՛չ թէ վիհ, այլ` հա­րա­զա­տու­թիւն ու փոխ-վստա­հու­թիւն գո­յու­թիւն պի­տի ու­նե­նար ղե­կա­վա­րու­թեան ու ժո­ղո­վուր­դին միջեւ, ինչ­պէս որ եղած է 1918-1920 Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ժա­մա­նակ, բան մը որ այն ատեն առողջ պա­հած է ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թիւնը: Ար­խիւ­նե­րը կը պատ­մեն, թէ ժո­ղո­վուր­դին նման, ի՜նչ խեղճ պայ­ման­նե­րու մէջ կ՛ապ­րէ­ին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան այդ ժա­մա­նակ­ուայ ղե­կա­վար­նե­րը. Արամ Մա­նուկ­եա­նը, Ռու­բէն Տէր-Մի­նաս­եա­նը… եւայլն: Ասոր վրայ կ՛ա­ւել­նայ հա­ւատ­քի ու եկե­ղեց­ւոյ ապ­րած տագ­նա­պը, որ եղած յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րը զօ­րա­ւոր ձե­ւով կը խո­րաց­նեն: Ար­դար էին Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Վե­հա­փա­ռի խօս­քե­րը ըս­ուած Երե­ւա­նի մէջ անց­եալ տար­ուան Սեբ­տեմ­բե­րին Հա­յաս­տան-Սփիւռք հա­մա­գու­մա­րի ժա­մա­նակ.Մեր թշնա­մին ու­զեց Հա­յաս­տանն առանց հա­յե­րի տես­նել: Այ­սօր մենք մեր ձեռ­քե­րով Հա­յաս­տա­նը հա­յա­թա­փում ենք: Փտա­ծու­թեան, կո­ռուպց­իա կո­չուող հիւան­դու­թեան արագ ըն­թաց­քը, փոք­րա­մաս­նու­թեան տնտե­սա­կան յղփա­ցած վի­ճա­կը եւ դրա դի­մաց մտա­ւո­րա­կան­նե­րի, գրող­նե­րի, ու­սու­ցիչ­նե­րի ու ընդ­հան­րա­պէս ժո­ղո­վուր­դի կեն­ցա­ղա­յին խեղճ պայ­ման­նե­րը բա­րե­փո­խում­նե­րի խիստ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն են զգում:

Գիտ­նա­լով այս բո­լո­րը սփիւռ­քը ի՞նչ պէտք է ընէ եւ կամ ի՞նչ կրնայ ընել: Հոս պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ որ սփիւռ­քը մի­ա­կամ չէ: Հատ­ուած մը կայ որ որոշ շա­հե­րով ու հա­շիւ­նե­րով կապ­ուած է Հա­յաս­տա­նի նոյն վեր­նա­խա­վին հետ եւ բնա­կան է որ այդ հատ­ուա­ծին հա­մար ներ­կայ վի­ճա­կը ձեռն­տու է: Երկ­րորդ գոր­ծօ­նը ռու­սա­հա­յու­թեան հզօ­րա­ցումն է, որուն կա­ռուց­ուած­քը տար­բեր է արեւմտ­եան սփիւռ­քէն, եւ աւե­լի քան վեր­ջինս անմ­ի­աս­նա­կամ է:Ահա այս պայ­ման­նե­րը նկա­տի առ­նե­լով յստակ կ՛երե­ւի, որ առ այժմ սփիւռ­քը մի­ա­ցած կեց­ուածք մը չի կրնար ու­նե­նալ: Այս վի­ճա­կին մէջ կը մնայ գո՛նէ չլռե­լը, պատ­շաճ բայց զօ­րա­ւոր ձե­ւե­րով ճշմար­տու­թիւն­նե­րը ար­տա­յայ­տե­լը եւ ուր որ կա­րե­լի է սփիւռ­քի կող­մէն եղած օգ­նու­թիւն­նե­րուն հսկե­լը ու ճնշում բա­նեց­նե­լը, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նու­թեան լծակ ու­նե­ցող­նե­րը աւե­լի ար­դար ըն­թացք մը ու­նե­նան, բան մը որ պա­կաս կամ աւե­լի յա­ջո­ղու­թեամբ ոմանք ար­դէն կ՛ընեն:

Պէտք չէ թե­րագ­նա­հա­տել ար­դար եւ ճշմա­րիտ խօս­քին զօ­րու­թիւնը: Նա­փոլի­օ­նը ըսած է. Լրագ­րո­ղի մը խօս­քը ին­ծի աւե­լի կը վախց­նէ, քան թշնամի­ին բա­նակ­նե­րը: Գո՛նէ առ այժմ խօս­քով ար­տա­յայ­տենք մեր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, որ ինք­նին գոր­ծե­լու ու­րիշ ձեւ մըն է, մին­չեւ այն ժա­մա­նակ երբ իրա­վի­ճա­կը փոխ­ուի ու աւե­լի գործ­նա­կան քայ­լե­րու պա­հանջ­քը հա­սու­նա­նայ:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles