ՈՒ­ՐՈՒԿ­ՈՒԱ­ՅԻ ԽՈՐՀՐ­ԴԱ­ՐԱ­ՆԻ ՆԱ­ԽԱ­ԳԱ­ՀԸ ԱՅ­ՑԵ­ԼԵՑ ԱՐ­ՑԱԽ

0 0
Read Time:3 Minute, 38 Second


 Ու­րուկ­ուա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Խոր­խէ Օրի­քոն, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ Հա­յաս­տան կը գտնուէր, Նո­յեմ­բեր 13-ին ժա­մա­նեց Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թիւն: Մայ­րա­քա­ղաք Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ, ան  դի­մա­ւոր­ուե­ցաւ Ար­ցա­խի նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հակ­եա­նի կող­մէ:

Բարձ­րաս­տի­ճան օտար հիւ­րը դի­մա­ւո­րե­լու հա­մար, Ստե­փա­նա­կեր­տի Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կին վրայ հոծ բազ­մու­թիւն մը հա­ւաք­ուած էր: Ու­րուկ­ուա­յի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին կ՛ըն­կե­րա­նա­յին Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Վա­հան Յով­հան­նիս­եա­նը եւ Ու­րուկ­ուայի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

 

Ար­ցա­խի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ  տեղի ունեցաւ  խորհրդարանականներուն հանդիպումը  ճանաչողական այցելութեամբ Արցախ գտնուող Ուրուկուայի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոյի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն հետ: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Օրիքօ, տարբեր նիւթերու կողքին, յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ այն, որ Ուրուկուայի մէջ կ՛ընդունին եւ կը հասկնան, թէ այլ ժողովուրդներ եւս ինքնորոշման օրինական փափաք ունին:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ կառավարութեան անդամներ, գերագոյն դատարանի նախագահը, մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, պետական եւ հանրային կառավարման այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Ազգային ժողովի աշխատակազմի անդամներ եւ լրագրողներ:

Հանդիպումին բացումը կատարելով` Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան երկրի իշխանութիւններուն եւ յատկապէս Ազգային ժողովին անունով ջերմօրէն ողջունեց Խորխէ Օրիքոյին եւ անոր գործընկերներուն` խորհրդարանականներ Ռուպեն Մարթինես Ուելմոն, Տանիէլ Ռատիոյին, Ռիքարհօ Փլանշոնին, Ռիչըրտ Սանտերսին եւ անոնց ընկերակցողներուն այցելութիւնը:

Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան նաեւ նշեց, որ Ուրուկուայի Հանրապետութիւնը աշխարհի առաջին երկիրներէն է, որ 27 մայիս 1992-ին ճանչցաւ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեց անկախ, ինքնիշխան Հայաստանի Հանրապետութեան հետ. ան աւելցուց, որ հայ ժողովուրդի մայիսեան յոբելեաններու շքահանդէսին ընթացքին այս տարի նշուեցաւ նաեւ ուշագրաւ ու կարեւոր յոբելեան մը` Ուրուկուայի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակը:

Ազգային ժողովի նախագահը նաեւ հաստատեց, որ Ուրուկուայը մէկն է աշխարհի այն երկիրներէն, որոնք ըմբռնումով եւ համակրանքով կ՛ընկալեն արցախահայութեան ազգային ազատագրութեան  ձգտումները, իր կեանքը ինքնուրոյն կերպով տնօրինելու կամքը, այդ ուղղութեամբ գործադրած հսկայական ու անձնուրաց ջանքերը եւ անոնց արդիւնքը հանդիսացող` անկախ պետականութեան կառուցման ակնառու յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները: Աշոտ Ղուլեանի համաձայն, այդ ջերմ եւ բարեկամական վերաբերմունքին վկայութիւնն է Ուրուկուայի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոյի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան Արցախ տուած այցելութիւնն ու անոնց հետ կայացած հանդիպումը:

Խոր­խէ Օրի­քօ իր կարգին նշեց, որ իրեն եւ իր գործընկերներուն համար շատ հաճելի է գտնուիլ  Ար­ցա­խի եւ անոր խորհրդարանին մէջ, ուր իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութիւնը պարտաւորեցնող է: Խորխէ Օրիքօ հանգամանալից կերպով ներկայացուց իր երկրին աշխարհագրական եւ աշխարհաքաղաքական դիրքը, բնակչութեան թուային ու ազգային կազմը: Յատուկ կերպով անդրադառնալով երկրի հայկական համայնքին` ան յայտնեց, որ հայերը դէպի Ուրուկուայ գաղթելու սկսած են նախորդ դարու սկիզբները`  1915 թուականէն ի վեր, Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով: Անոր համաձայն, Ուրուկուայը աշխարհի այն տասնմէկ երկիրներէն է, որ 1920-ին կողմ քուէարկած է Ազգերու լիկա Հայաստանի ընդունման:  Ան հաստատեց, որ այս մէկը լաւ փաստ է հայութեան նկատմամբ իրենց ունեցած վերաբերումին, որ կու գայ նախնիներէն եւ իբրեւ պատգամ կը փոխանցուի յաջորդող սերունդներուն:

«Այն հանգամանքը, որ 1965-ին Ուրուկուայը օրէնքի ուժով ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկութեան մէջ մեր նախնեաց պատգամն էր, զոր կեանքի կոչեցին յաջորդող սերունդները: Եւ ամէն տարի` ապրիլ 24-ին, մենք կը հաւաքուինք մեր ժողովրդավարութեան պալատին մէջ` խորհրդարանին մէջ ու կը յիշատակենք Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մէկը կը կատարենք իբրեւ դրսեւորում` նահատակներու յիշատակին նկատմամբ մեր ունեցած յարգանքին», յայտնեց Օրիքօ: Ան դիտել տուաւ, որ Ուրուկուայի խորհրդարանականներուն նախաձեռնութեամբ Ուրուկուայի մէջ բացումը պիտի կատարուի  Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին:

«Մենք խաղաղութեան երկիր ենք եւ խաղաղութեան առաքելութեամբ հոս եկած ենք: Թէեւ փոքր ազգ ենք, բայց միշտ ազատ զգացած ենք մենք մեզ եւ կը հասկնանք, որ այլ ժողովուրդներ եւս ունին ինքնորոշման իրաւունք ու կայ միջազգային դատարան, որ կրնայ լուծել բոլոր հակասութիւնները: Մենք միշտ կը մտածենք, որ հարցերու լուծման ուղին ազատութիւնն է, որուն կողմնակից եղած ենք միշտ։ Մենք քաջ կը գիտակցինք, թէ ի՛նչ իրավիճակ կը տիրէ հոս, ուր կը գտնուինք այսօր:  Մեր հանրապետութիւնը առայժմ պաշտօնական դիրքորոշում չէ որդեգրած այս առնչութեամբ, բայց մեր մօտ ոչ ոք կը հակադրուի հոս տիրող իրողութեան:  Մենք կողմնակից ենք հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման եւ պատրաստակամ ենք համագործակցելու այն բոլոր հարցերուն գծով, որոնք կը միտին հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման։ Եթէ մեր կարիքը ունենաք, ապա մենք պատրաստ ենք ձեզի աջակցելու», հաստատեց Ուրուկուայի խորհրդարանի նախագահը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles