
Յետ երկարատեւ հիւանդութեան, 80 տարեկանին մահացաւ ֆրանսահայ ծանօթ ջութակահար Ժան Տէր-Մերկերեան:
Ծնած եղեռնէն ճողոպրած ընտանիքէ մը: 11 տարեկանին, ան աւարտեց Մարսիլիոյ երաժշտանոցը, որմէ տարի մը ետք նոյն քաղաքին մէջ կատարեց իր առաջին մենահամերգը։
Ան 1948ին ընտանիքին հետ ներգաղթեց Հայաստան: Ժան Տէր Մերկերեանի ուսուցիչները եղած են հայրը` Երուանդը, եւ աշխարհահռչակ ջութակահար Տաւիտ Օյսթրախը, Մոսկուայի մէջ ուսանելու տարիներուն։
Ան, Փրակայի (1956) եւ ապա Փարիզի մէջ (1961) արժանացած է մրցանակներու։ Ան դասաւանդած է Երեւանի «Կոմիտաս» երաժշտանոցիէն ներս, 1964-էն 1979:
1971ին արժանանաւ Խորհրդային Հայաստանի «ժողովրդական արուեստագէտ»ի կոչումին։
Ան 1981ին վերադարձաւ Մարսէյ, ուր սկսաւ դասաւանդել տեղւոյն երաժշտանոցէն ներս եւ կատարեց մենահամերգներ։
Ժան Տէր Մերկերեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 2ին, Մարսէյի Սրբոց Թարգմանչաց Մայր եկեղեցւոյ մէջ: