Յօդուածներ

Ո՞վ Է Օտարը

 

Գէորգեան–Պօղոսեան ընտանիքը Սէնթ Լուիսի (Միսուրի) մէջ 1885-ի շուրջ։
Շատեր Իզմիթէն ճամբայ ելած են դէպի Թեքսաս՝ «Նոր Հայաստան» հաստատելու նպատակով։ Հիւանդութիւնը ծանր հարուած հասցուցած է գաղթականներուն Թեքսասի մէջ, եւ միայն քանի մը հոգի ողջ մնացած է։
Լուսանկարը՝ Սուրէն Սթիվընզի

Արթօ Վաուն / Պոսթըն – Մասաչուսէց

ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Բացառիկ թիւ 1

Մանկութեանս տարիներուն «օտար» բառը վաղուց լսեցի։ Յաճախ եւ պատշաճօրէն նշուած պարզ բառ մը, նշուած անոնց համար, որոնք հայ չէին, որոնք «մեր» լեզուի, յիշողութեան եւ միջավայրի շրջանակէն հեռու էին։

Ամերիկացիները օտար էին։ Դրացիները՝ օտար։ Ուսուցիչները, աշխատակիցները, անծանօթները՝ օտար։ Բառը կը սահմանէր պատկանելիութեան եզրերը։ Կը յստակացնէր ո՞վ էր «մերը» եւ ո՞վ՝ «անոնցը»։

Սակայն այդ բառը լսեցի շատ առաջ, քան անոր բարդ իմաստները, հետեւանքներն ու պատմական խորքը հասկնայի։ Գիտէի օտարը՝ շատ աւելի առաջ, քան թէ ի՞նչ կը նշանակէ պատկանիլ։

Advertisement Subscribe Today

1980 թուականի Իրանի ճգնաժամին ընթացքին, երբ ընտանիքս Վըրճինիա տեղափոխուած էր, ես եւ ծագումով ֆիլիփինցի ընկերս՝ Տին խաղավայրին մէջ յարձակման ենթարկուեցանք դեռահաս տղոց կողմէ — ոչ թէ այն պատճառով, թէ ո՞վ էինք, այլ պարզապէս բանի մը համար, որ ուրիշները կը վախնային։ Կացութիւն մը ստեղծած էին, որ չէի հասկնար։ Միայն արտաքին տեսքիս համար կը մեղադրուէի։ Այդ ատեն տակաւին չէի գիտեր տարբերութիւնը հայուն ու իրանցիին միջեւ, ամերիկացիին ու ասիացիին, իտալացիին ու ռուսին, պատմութեան ու լուրերու, ներգաղթողի եւ քաղաքացիի միջեւ։ Գիտէի միայն, թէ ինչքան արագ մէկու դէմքը, անունը կամ շեշտը կրնայ հարցական նշան դառնալ։

Խարբերդ ծնած Կիրակոս Սարգիսեան՝ հեծանիւով, Քէյպրիճի (Մասաչուսէց) մէջ, ցուրտ ձմրան ժամանակ, շուրջ 1895 թուականին։
Լուսանկար՝ Համալսարանական Արուեստի Սթիւտիօ

«Ուրտե՞ղէն ես», կը հարցադրէին անընդհատ։

Հարցումը ինծի համար իմաստ չունէր։ Վերջապէս «Պոսթընէն», պատասխանը դուրս եկաւ դողդոջուն ութ գարուններ բոլորած շրթունքներէս։

Այդ ատեն տակաւին չէի գիտեր, թէ ո՞վ պէտք է ըլլայի․ միայն կը զգայի, թէ այդպիսի վախի պահերուն ուրիշներ կրնան որոշել, թէ ես չեմ պատկանիր։ Շուտով սորվեցայ, թէ օտարութիւնը ճշգրտութիւն չի պահանջեր։

Առանց վերնագրի․-
1900 թուականին նորածին մը, Քէյմպրիճի (Մասաչուսէց) մէջ
Լուսանկար՝ Զաւէն Մուսէքեան

Տարիներ պիտի անցնէին, մինչեւ որ այդ փորձառութեան մէջ թաքնուած հեգնանքը հասկնայի։ Որովհետեւ, ոչ շատ առաջ այս երկրին մէջ հայերն ալ իրենց կագին օտարներ էին։

Իբրեւ “Project Save” լուսանկարներու արխիւի գործադիր տնօրէն, օրերս կ’անցընեմ 1860-ականներէն մինչեւ 1980-ականները երկարող դէմքերու հետ։ Տղամարդիկ, կիներ, երեխաներ, որոնք Ամերիկա հասան՝ ճամբու պայուսակներէն աւելին կրելով, կամ հոն ծնան։ Անոնք կը կրէին բեկում։ Կը կրէին կորուստ։ Կը խօսէին լեզու մը, որ տակաւին «չէր պատկաներ» ապրած նոր երկրին։ Անուններ, որոնք սխալ պիտի հնչուէին, պիտի կրճատուէին, տեղայնական դառնային կամ ամբողջովին փոխուէին։ Այս լուսանկարներուն մէջ կը տեսնեմ մարդիկ, որոնք ներկայ էին, բայց յաճախ չտեսնուած կամ նուազ արժէք ունեցողի պէս տեսնուած։ Օտարներու դէմքեր։

Վահան Պէլոյեան՝ խումբի հետ Սոլթ Լէյք Սիթիի մէջ
Հայ զբօսաշրջիկներ՝ հաւանաբար Քալիֆորնիայէն եւ սկզբնապէս Սեբաստիայէն, Սոլթ Լէյք Սիթիի մէջ՝ փոխադրակառքի մը մօտ, Սեպտեմբեր 1912-ին։ Լուսանկարիչը անյայտ է։
Ճամբորդ Վահան Պէլոյեան (կանգնած՝ ետին շարքէն աջէն երրորդը) այս լուսանկարը, իբրեւ բացիկ առաքած էր իր կնոջը՝ Նունէին (Շիքակօ), գրելով թէ խումբէն մէկը ուզած էր լուսանկարուիլ, եւ ինք տեսնելով, որ յիշատակելի նկար է՝ օրինակ մը ստացած էր։ Ան նաեւ կը նշէ իր ուշ ժամանումը Լոս Անճելըս, որովհետեւ գնացքը փճացած էր, եւ կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրեզնօ պիտի հասնի Սեպտեմբեր 12-ի առաւօտեան։

Այս պատկերները սովորաբար պատմութիւն կը կոչուին։ Բայց երբ անոնց հետ նստիմ, աւելի շատ յիշողութեան կը նմանին՝ մօտիկ, ոչ հեռաւոր։ Անոնք կը վկայեն ժամանումը, այո՛, բայց աւելի քան այդ՝ խոցելիութիւնը։ Նոր սկիզբ առնելու լուռ քաջութիւնը այն վայրին մէջ, որ տակաւին քու անունդ չի գիտեր։

Ամենէն աւելի հին լուսանկարներուն մէջ, երբեմն կաշկանդուած դէմքեր են, որոնց աչքերը ուղղած են ապագաներու, զորս դեռ չեն կրնար պատկերացնել։ Անոնք կը կրեն դիտուելու, չափուելու զգացումը, եւ անորոշութիւնը, թէ որքան տարածք կարելի է զբաղեցնել։ Ասիկա օտարի տեսողական լեզուն է։

Լուսանկարին ետեւը, հետեւեալը գրուած է հայերէնով,-
25 Ապրիլ 1915, Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա
«Սիրելի հօրեղբայր,
Յիշեցի մեր հայրենիքը։ Այս լուսանկարին համար քսանհինգ սէնթ տրամադրեցի։ Ինշալլահ (Աստուծոյ կամքով) պիտի երթանք։ Թէեւ այս երկրի համար անարդար է, բայց ուղարկեցի քեզի։
Անկեղծօրէն՝
Սթեփան Խաչատուրեան»

Եւ ապա՝ աշխատանքը։

Գործարաններ, արհեստանոցներ, փոքր խանութներ, փողոցային արհեստներ։ Ձեռքեր՝ զանազան մեքենաներու վրայ։ Դէմքեր՝ երկար օրերու աւարտին։ Այստեղ աշխատանքը պարզապէս զբաղմունք չէ, այլ արտօնութիւն։ Առաջին փխրուն պահանջը պատկանելիութեան։ Աշխատիլը կը նշանակէ ըսել․ «Ես օգտակար կ՛ըլլամ հոս։ Ես կը նպաստեմ։ Ես տեղս կը գտնեմ»։ Շատ մը հայերու համար աշխատանքը Ամերիկայի առաջին լեզուն էր, որ սահուն սորվեցան։

Այս պատկերներուն կողքին կան դիմանկարները, որոնք արխիւին ամէնէն ազդեցիկ լուսանկարներն են։ Խնամքով կանգնած։ Խնամքով հագուած։ Լաւագոյն հագուստները։ Ուղիղ կեցուածքներ։ Ուղիղ հայեացքներ։ Ասոնք պատահական պատկերներ չեն։ Անոնք ինքնութեան յայտարարութիւններ են։ Ոսպնեակին առջեւ այս մարդիկը չեն խնդրեր տեսնուիլ։ Անոնք կը յայտնեն, թէ ինչպէս կը ցանկան տեսնուիլ։ Յարգելի։ Արժանապատիւ։ Նորահաստատ։ Ոսպնեակը կը դառնայ իրավիճակ փոխելու գործիք․․․ ոչ միայն որպէս ներգաղթողներ, այլ՝ ամերիկացիներ։

1920, Տիթրոյթի շրջանին մէջ, դաշտահանդէսի պահուն։
Լուսանկար՝ Յովհաննէս Մելիքեան

Համայնքային լուսանկարները այլ պատմութիւն մը կը պատմեն։ Եկեղեցիներ։ Սրահներ։ Կազմակերպութիւններ։ Հարսանիքներ։ Հաւաքներ։ Այս տարածքները ստեղծուած էին ոչ միայն աղօթքի կամ տօնի համար, այլ՝ գոյատեւման։ Այստեղ երկա՜ր կարելի էր խօսիլ առանց բացատրութեան։ Սովորութիւններն ալ ներողութեան կարիք չունին։ Իսկ վիշտը՝ ծանօթ ձեւերով կարելի է բաժնել։ Այս սրահներուն մէջ օտարութիւնը կը մեղմանար։ Այստեղ մարդիկ կը հանգստանային իրենց ապացուցելու պարտաւորութենէն։

Ժամանակի ընթացքին լուսանկարները կը փոխուին։ Ընտանիքներ կը յայտնուին։ Երեխաներ՝ ծնողներուն միջեւ կանգնած, յաճախ իրենց դասընկերներուն նման հագուած, ոչ թէ ընտանեկան պարագաներուն։ Երիտասարդական խումբեր։ Դպրոցական պատկերներ։ Մարզական խումբեր։ Կեցուածքները կը փոխուին։ Դէմքերը կը հանգչին։ Յաջորդ սերունդը տարբեր ձեւով կը պատրաստուի նկարուելու։

1930-ականներուն, Երջանիկ «Կլէտիս» Տոմպալեան – Փաւլիտիս, Սան Ֆրանսիսքոյի (Քալիֆորնիա) մէջ։
Լուսանկար տրամադրողը կը գրէ․ «Մօրս քոյրը՝ իմ ամենասիրելի հարսաքոյրս»։

Պատկանելիութիւնը կը դառնայ պակաս փխրուն, աւելի համակուած։

Օտարը կը դառնայ նուազ տեսանելի։

Եւ հոս է, որ յիշողութիւնը կը բարդանայ։

Քանի, որ երբ օտարութիւնը կը կորսուի, շատ դիւրին է մոռնալ՝ ինչ կը նշանակէր օտար ըլլալ։

2018-ի ձմրան, տարիներ անց, այս պատմութիւնը պատմեցի Երեւանի մէջ։ Բեմահարթակ բարձրացած, խօսելով պատկանելիութեան եւ սխալ ճանաչման մասին, յանկարծ զգացի երկար կամուրջը Վըրճինիայի այն շփոթած ընկերոջս եւ իմ այսօրուան բարդ յարաբերութեան միջեւ, հայ աշխարհի հետ։ Հայաստանը, պայքարով ու գոյատեւումով ձեւաւորուած վայր մը, ստիպեց հարցը անխուսափելի դարձնել․ եթէ գիտենք, թէ որքան դիւրին է «օտարը» ստեղծելը, հապա ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք այս բառը գործածելուն առնչութեամբ, յատկապէս այս օրերուն՝ ներգաղթականութեան դէմ տիրող ատելութեան մթնոլորտին մէջ։

1935, հայկական ակումբ Մասաչուսէցի հանրահռչակ MIT (Քէյմպրիճ) հիմնարկին մէջ

Արխիւի պատկերները այսօր դիտելով կը զարմանամ ոչ միայն, թէ հայերը ինչպէս դարձան Ամերիկայի մէկ մասնիկը, այլ թէ որքան արագ այդ պատմութիւնը կրնայ սեղմուիլ։ Ինչպէս Նոր Աշխարհ ժամանումը կը վերածուի յաջողութեան։ Ինչպէս խոցելիութիւնը կը ջնջուի։ Ինչպէս տեղահանութենէ ծնած համայնքը կրնայ իրեն տեսնել ապահով, հաստատ եւ հեռու նոր եկողներու անորոշութիւններէն։ Project Save-ի բազմաթիւ լուսանկարներուն մէջ կարելի է տեսնել, թէ ինչպէս օտարները կամաց-կամաց կը սկսին ուրիշները օտար նկատել։

Բայց արխիւը մոռացում չարտօնէր։ Ասիկա անոր անբացատրելի արժէքներէն է։ Ան կը պարտադրէ բարդութիւնը։ Կը յիշեցնէ, թէ պատկանելիութիւնը ինքնաբերաբար չի տրուիր որեւէ մէկուն, որ դուրս է նեղ սահմանումէն։ Ան կը կառուցուի՝ դժուարութեամբ, աշխատանքով, համայնքով, դիմացկունութեամբ եւ ժամանակով։ Եւ երբեմն — ինչպէս այսօր կը տեսնենք — այդ պատկանելիութիւնը կրնայ վերանալ։ Այլեւս օտար չըլլալը երաշխիք մը չէ, որ կրկին օտար չես դառնար։

1938, խումբ մը հայորդիներ “Frank’s Steak House” (Քէյմպրիճ – Մասաչուսէց) ճաշարանի դիմաց
Ձախէն աջ՝ Տէա Պորզաքեան (ճաշարանի սեփականատէր), Վըրճինիա Կիւվէեա, Սեթրաք (Սեթ) Եալընէզեան, Կուսինէ Կիւվէեան, Էլիզապէթ Կիւվէեան – Մարկոսեան

Ամերիկայի 250-ամեակի շեմին այս լուսանկարները կը պատմեն յոբելինական այլ պատմութիւն մը, ոչ թէ յուշարձաններու եւ հռչակագրերու, այլ խոհանոցներու եւ գործարաններու, հիւղակներու եւ եկեղեցւոյ նկուղներու պատմութիւնը։ Մարդոց, որոնք չէին գիտեր, թէ պիտի մնա՞ն, եւ մնացին։ Մարդոց, որոնք իրենց կեանքը կառուցեցին անորոշութեան մէջ։ Մարդոց, որոնք հաւատացին, թէ Ամերիկան սահմանէ կամ դարպասէ աւելի տարբեր բան մըն է։ Մարդոց, որոնք — ինչպէս Ամերիկայի բոլոր բնակիչները — ժամանակին ներգաղթողներ էին։ Երկիր մը, որ հիմնուած եւ կառուցուած է օտարներու կողմէ։

Հ․Ե․Դ․-ի առաջին համագումարէն խմբանկար մը՝ 1934-ին

Այսօր երբեմն կը լսեմ բացառման լեզուն, նոյնիսկ հայկական շրջանակներու մէջ։ Երբ կը լսեմ, կը մտածեմ Project Save-ի դէմքերուն մասին։ Կը մտածեմ, թէ որքա՜ն դիւրին է վախը օտարութիւն բաժնել, եւ որքան հազուադէպ է ճշգրիտ ըլլալ։

Եթէ Ամերիկան գաղափար է այնքան, որքան վայր, ապա այս լուսանկարները ցոյց կու տան, թէ այդ գաղափարը միշտ գաղթականներու կողմէ յատկանշուած է․․․ օտար եղած մարդոց կողմէ։ Կառուցուած՝ անորոշութեան մէջ հասնողներով։ Պահպանուած՝ խոցելիութիւնը կայունութեան վերածողներով։

Ո՞վ է օտարը։

Արխիւը չի պատասխաներ այդ հարցին։ Այլ վերստին կ՛արծարծէ։

Լուսանկարները՝ «Project Save»-ի արխիւներէն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button