Լրահոս

ՇԻՔԱԿՕ.- Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ


Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, գումարեց իր 59-րդ ժողովը՝ Շիքակոյի մէջ, Մայիս 18-էն 20, նախագահութեամբ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ հովանաւորութեամբ տեղւոյն Կլենվիու շրջանի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան:
Երեք օրերու վրայ տեւողութիւն ունեցող այս ժողովը քննարկեց Առաջնորդարանին, կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան միամեայ աշխատանքներն ու արձանագրուած արդիւնքները: Կատարուեցան Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան ընտրութիւնները:
Ազգային Վարչութիւն ընտրուեցան Ճէք Մարտոյեան Յակոբեան (ատենապետ), Քարէն Ճիհանեան (փոխ-ատենապետ), Սուզըն Չիթճեան Էրիքսըն (ատենադպիր), Րաֆֆի Ուրլեան (գանձապահ), Հերի Սէօյլեմեզեան, Վեհ Պզտիկեան եւ Մարք Ֆիլիփս: Կրօնական Խորհուրդի անդամ ընտրուեցան Տէր Ներսէս Աւագ քհնյ. Մանուկեան, Տէր Սահակ Ծայր. Վարդապետ Եմիշեան եւ Տէր Նարեկ Քհնյ. Թրթռեան: Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեանի խօսքը.-

Գերաշնորհ, գերապատիւ, հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ հոգեւոր եղբայրներ,
Մեծայարգ հիւրեր եւ սիրելի ժողովականներ,
Քրիստոնէական եւ հայրական ջերմ սիրով կþողջունեմ ձեզ բոլորդ, Ամերիկայի
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Երեսփոխանական այս պատկառելի
ժողովին առիթով: Կþաղօթեմ առ բարձրեալն Աստուած, որ մեզի պարգեւէ աստ-
ուածային շնորհք եւ իմաստութիւն, որպէսզի ժողովական մեր նիստերը ընթանան
հեզասահ, արդիւնաւէտ եւ օգտաշատ՝ մեր մտածումները եւ առաջադրութիւնները
կեդրոնացնելով մեր սուրբ եկեղեցւոյ եւ հաւատարիմ ժողովուրդին յառաջդիմու-
թեան, հոգեւոր եւ ազգային կեանքի կենսունակութեան եւ մեր գործունէութեան
նպատակասլաց ճիգերուն վրայ:
Ամէն բանէ առաջ, փառք ու գոհութիւն կþառաքեմ բարին Աստուծոյ, որ իր
ողորմութեամբ, գթութեամբ եւ քաղցր սիրոյ մէջ պահեց մեզ՝ որպէս իր կամքը
կատարող մշակներ, որպէսզի Աւետարանի ճշմարտութիւններուն ու պատգամներուն քարոզութեամբ եւ մեր եկեղեցւոյ կանոններուն, սկզբունքներուն եւ աւանդութիւններուն հաւատարմութեամբ, ծառայենք մեր պանծալի ժողովուրդին: Փառք քեզ, Աստուա՛ծ, փառք քեզ, յաղագս ամենայնի, Տէ՛ր, փառք քեզ:
Երախտագիտական զգացումներով եւ որդիական ակնածանքով շնորհակա
լութիւն կը յայտնեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալին՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իր ցուցաբերած հայրական հոգածութեան եւ կատարած ցուցմունքներուն համար: Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնները, խորհուրդներն եւ թելադրութիւնները մեծապէս նպաստեցին Թեմիս արդիւնաւոր գործունէութեան:
Եղբայրական ողջոյնի խօսք ունիմ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝
Բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանին: Ողջոյններ Քանատայի նորընտիր Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին, որ անցնող տարի ստանձնեց առաջնորդական իր պաշտօնը: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, նոյնպէս ալ յառաջիկային մեր յարաբերութիւնները Հիւսիսային Ամերիկայի քոյր թեմերուն հետ պիտի շարունակեն մնալ մտերիմ եւ եղբայրական: Երկու Առաջնորդ Սրբազան Հայրերուն յաջողութիւն կը մաղթեմ աստուածահաճոյ իրենց առաքելութեան մէջ, որպէսզի կարենան ամենայն նուիրումով առաջ տանիլ իրենց վստահուած պատասխանատու պաշտօնը՝ մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին բարօրութեան եւ վերելքին համար:
Եղբայրական ողջոյններ Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ.
Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանին, որուն հետ մեր յարաբերութիւնները եղան մտերիմ եւ յարգալիր, եւ զանազան մարզերէ ներս գործակցելով՝ ջանացինք եւ կը ջանանք ամրացնել Հայ Եկեղեցւոյ ներքին կեանքը:
Յանուն Թեմիս Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Վարչական Ժողովներուն,
մեր Թեմի բոլոր համայնքներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, յատուկ ողջոյնի խօսք ունիմ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին՝ Գերապատիւ Տ. Ղեւոնդ Ծայրագոյն Վարդապետ Բէնդէզեանին, Հոգաբարձութեան եւ յարակից
մարմիններուն, որոնք սիրով կը հիւրընկալեն մեզ եւ մեր կեցութիւնը կը դարձնեն
հանգիստ ու հաճելի:
Սրտի պարտք կը զգամ շնորհակալութիւն յայտնել Առաջնորդական Փոխա
նորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեանին՝ իր շինիչ ներդրումին եւ գործակցութեան համար, մեր հոգեւոր հովիւներուն եւ քահանայ հայրերուն, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Վարչական Ժողովներուն անդամներուն, Թեմիս բոլոր հոգաբարձական կազմերուն, նուիրեալ ազգայիններուն եւ բարերարներուն, Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնէութեան, որոնք հաւատարմութեամբ եւ
ժրաջանութեամբ ծառայեցին մեր ժողովուրդին եւ նպաստեցին ներդաշնակ եւ
արդիւնալից գործունէութեան եւ իրագործումներուն:
***
Սիրելի՛ Ժողովականներ,
Վստահաբար, բոլորդ տեղեակ էք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Վեհափառ Հայրապետը 2017 տարին հռչակեց «Վերանորոգումի Տարի»: Վերանորոգում չի նշանակեր միայն հինը կամ հինցածը նորոգել, այլ կը նշանակէ մա՛նաւանդ մեր ունեցած ծրագիրները, աշխատաձեւերը եւ արժէքները վերատեսել նոր մօտեցումներով՝ նորանոր միջոցներու աւելի ազդու գործածութեամբ եւ աշխուժութեամբ:
Ահա այս առաջադրութեամբ Թեմիս Ազգային Վարչութիւնը ամէն ճիգ թափեց
2016-ի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին որոշումը գործադրելու՝ Երիտասարդաց Ծառայութեան (Youth Ministry) յատուկ յանձնախումբ մը կազմելով, եւ այդ նպատակին համար հրաւիրեց փորձառու եւ մասնագէտ անձ մը՝ Տիկին Անի Օհաննէսեանը, որպէսզի յանձնախումբի անդամներուն հետ միատեղ մեր զաւակները առաջնորդէ Հայ Եկեղեցւոյ հիմնական հաւատքին եւ պատմութեան ճանաչողութեան։
Ծրագիրի կազմութեան մէջ բնական է, որ պիտի շեշտուի փոքրերու եւ պատանիներու դաստիարակութեան եւ ուսուցումին կարեւորութիւնը: Միւս կողմէ՝
նկատի պիտի ունենանք բոլոր անոնք, որոնք չունին ամբողջական իմացութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ հաւատքին, պատմութեան, ծէսին եւ աւանդութեանց, եւ մանաւանդ անոր ունեցած անցեալի դերակատարութեան եւ ապագայի տեսիլքին։
Անկասկած որ քրիստոնէական հաւատքին համար անհրաժեշտ է հոգեւոր
սնուցումը եւ ապրումը։ Այլ խօսքով, հաւատքը պէտք է կեանքի վերածուի, ամէն
օրուան զգացում ըլլայ մեր խօսքին թէ գործին ընդմէջէն եւ մեզ վերածէ այն տեսակ օրինակելի տիպարներու, որոնց ներկայութեամբ եւ վարքով՝ անձնական
յաջողութիւններուն առընթեր, հոգեկան խաղաղութիւն, սփոփանք, սէր ու յարգանք սփռենք չորս դին, ո՛ւր ալ որ գտնուինք։ Այս ապրումը կը կոչենք ոգեղինութիւն (spirituality), որ ամենէն պարզ ձեւով կ՛արտայայտէ մարդուս ներաշխարհը, առաքինութիւնները եւ աստուածային պատուիրաններուն պատգամը։ Ոգեղինութիւնը մարդկային բնութեան մաս կը կազմէ, մարդ էակին հետ կը ծնի, եւ եթէ ոգեղինութիւնը հաւատքի դաստիարակութեամբ անհատին մէջ զարգանայ եւ աճի, այն ատեն բնական եւ դիւրին կերպով մարդս կը կապէ մարդկային սիրալիր ու յարգալիր սկզբունքներու եւ հաւատքի առաքինութիւններու։
Ոգեղինութիւնը ինքնին կրօնք չէ, այլ հոգեւոր հասկացողութիւններու եւ
ըմբռնումներու արտայայտութիւն մը, որ կրնայ նոյնիսկ հասարակաց ըլլալ ոեւէ
կրօնքի պարագային։
Այսօր յաճախ կը կրկնուի, յատկապէս արեւմտեան մշակոյթին մէջ, թէ
Աստուծոյ հաւատալու համար պէտք չունինք կրօնքի հետեւող ըլլալու, կը բաւէ
ունենալ ոգեղինութիւն, որ ապրելու եւ յարաբերելու եղանակ մըն է։ Մինչդեռ կրօնքը հաստատութենական կառոյց մըն է, որ բարոյականութեան ապրելաձեւ մը կը թելադրէ ու կը քարոզէ, եւ ուր ծէսը մեծ դեր եւ ազդեցութիւն ունի։ Այո՛, յաճախ
ոգեղինութիւն եւ կրօնք նմանութեան գիծեր ունին, մասամբ զիրար կը ծածկեն
(overlap), սակայն հաւաքական արտայայտութեան մէջ իրարմէ տարբեր են։
Ոգեղինութիւնը անձնական է, մինչ կրօնքը՝ համայնական, խմբական, որ կրնայ նաեւ յատկանիշը եւ ինքնութիւնը դառնալ ոեւէ ազգի։ Այս պարագային կրօնքը կը դառնայ ազգին սեփականութիւնը, ինչպէս դարերով անիկա, այսինքն քրիստոնէութիւնը, հայ ժողովուրդի պարագային, եղած է ագգային իր սեփականութիւնը։ Ահա այստեղ կը ծնի նոր հասկացողութիւն մը, որ անցնող դարերուն որպէս իմաստասիրական եւ ընկերաբանական զանազանութիւն նկատի չէր առնուած անձի մը հաւատքին կամ ազգի մը հաւաքական հաւատքի պարագային. այսինքն, կրօնքը ցուցանիշ է ազգի մը պատկանելութեան, ի տարբերութիւն անձնական ոգեղինութենէն։ Ոգեղինութիւնը ոեւէ անձ կրնայ ունենալ, աշխարհի ո՛ր կողմն ալ որ գտնուի եւ ի՛նչ ցեղի ալ որ
պատկանի։ Ցեղային ինքնատպութիւնը կապուած է այդ ցեղին պատկանող բնա-
խօսութեան, կազմախօսութեան եւ ֆիզիքական երեւոյթին, մինչդեռ ազգային
պատկանելութիւնը բացայայտումն է անձի մը կամ այդ անձին պատկանած
ազգութեան մշակոյթին, որ ծագում կ՛առնէ աշխարհագրական վայրէ մը եւ
ժամանակի ընթացքին հաւաքականութիւնը, այսինքն ազգը, կ՛ունենայ իր լեզուն,
կրօնքը, սովորութիւնները եւ ազգային ինքնուրոյնութիւնը։ Մէկ խօսքով՝ իր
ինքնութիւնը։ Հայ ժողովուրդի պարագային, Ամերիկայի մէջ, յստակ է պատկերը։
Մենք զմեզ կը կոչենք ամերիկահայ։ Մեր ցեղը կը կոչուի հայ, եւ աշխարհագրական որպէս միջավայր, Հայ ցեղը աճած է իր հողին վրայ, Հայաստանի մէջ։ Եթէ Ամերիկայի մէջ մեր կապը խզենք մեր մայր հողէն եւ ազգային պատկանելիութենէն, այսինքն լեզուէն, կրօնքէն, սովորութիւններէն, եկեղեցական թէ ազգային աւանդութիւններէն եւ լրիւ ընկալենք ամերիկեան մշակութային բոլոր երեսները, այն ատեն կը հեռանանք մեր ակունքէն եւ կը դառնանք ամերիկացի, փոխանակ՝ ամերիկահայու։
Ոգեղինութիւնը առանձինը կրնայ մեզ գոհացնել անձնապէս, մինչ Հայ
Եկեղեցւոյ համայնական կեանքը մեզ միշտ կը կապէ մեր անցեալին եւ ինքնութեան։
Եւ հոս է մեծագոյն հարցը։ Կրնաք ըսել վտանգը կամ մարտահրաւէրը: Մարդ
անհատը ազատութիւնը ունի ընտրութիւն կատարելու՝ աւելի բնական, հեշտ եւ յաջողած կեանք մը վարելու համար, սակայն որպէս հայ եւ հայ քրիստոնեայ կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը եւ ինքնութիւնը կը դառնայ մոռցուած պատմութիւն։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button