
Աւելի քան երեք հարիւր հայորդիներ ներկայ եղան հիւրասիրութեան մը, որ տեղի ունեցաւ Շիքակոյի “Union League Club” սրահին մէջ, բարի գալուստ մաղթելու համար ՆԱԹՕ-ի վեհաժողովին մասնակցող հայրենի պատուիրակութեան: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր շրջանի հայկական քսան միութիւններուն եւ հինգ ծուխերուն կողմէ:Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Արտաքին Գործոց Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանէ եւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանէ: Արտաքին Գործոց նախարար` Նալպանտեան (նկարը), խօսք առնելով, բացատրեց թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան մերժած է այս ժողովին մասնակցիլ, Արցախի հիմնահարցին գծով առնուած կողմնակալ որոշումներուն պատճառով: “Այս կարող է ոչ միայն վնաս հասցնել Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին, այլեւ վտանգել փխրուն իրավիճակը տարածաշրջանում` յատկապէս Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերի աննախադէպ աճի եւ նրա ղեկավարութեան ռազմատենչ հռետորաբանութեան ֆոնի վրայ: Հաշուի առնելով այս մտահոգութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը որոշում է չմասնակցել Շիքակոյի հանդիպմանը”, ըսաւ Նալպանտեան:
Հիւրասիրութեան կողքին, տեղի ունեցաւ ընթրիք, որուն ընթացքին նաեւ խօսք առին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի երկու Առաջնորդներ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Ամենայն Հայոց Խաժակ Արք. Պարսամեան: Օրուան հանդիսավարն էր Սամուէլ Տէր Եղիայեան:
Ստորեւ, կը հրապարակենք Վազգէն Այվազեանի խօսքը, արտասանուած Շիքակոյի մէջ, Մայիս 20-ին, “Union League Club“ սրահին մէջ, ՆԱԹՕ–ի վեհաժողովին մասնակցող հայրենի պատուիրակութեան` բարի գալուստի ձեռնարկին:
Հայկական Սփիւռքի անդամներուս համար, “ՆԱԹՕ“յի Համաշխարհային Համագումարին մասնակցելու գծով քաղաքս գտնուող Հայաստանի նախագահին ողջունող այս ձեռնարկին ներկայ գտնուիլը իրապէս պատիւ է:
Մենք` Հայերս գրեթէ 100 տարի սպասած ենք այսպիսի պահերու համար: Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութեան զարհուրելի եւ աւերիչ հետեւանքները ապրելէ ետք, իսկապէս ապշեցուցիչ հրաշք է, որ ժողովուրդը տակաւին գոյութեան ունի: Փիւնիկի նման հայ ժողովուրդը բարձրացաւ եւ ստեղծեց նոր սկիզբ մը որուն հետեւանքով մենք ունինք ազատ եւ բարգաւաճող Հանրապետութիւն մը եւ աշխարհով մէկ` Հայկական Սփիւռք մը:
Մեր ծնողները մեծ հայրերը եւ մեծ մայրերը վերապրեցան եւ պայքարեցան այս իրագործման համար: Նոպելեան ամերիկացի մրցանակակիր` Տոքթ. Մարթին Լուտեր Քինկ կրտեսրի բառերուն նման թէ` “Ես երազ մ՛ունիմ“, հայ ժողովուրդն ալ գրեթէ 100 տարի շարունակ ըսաւ. “Մենք երազ մ՛ունինք“:
Մեր նախահայրերը երազ մը ունէին թէ օր մը հայկական քաղաքակրթութիւնը պիտի յարատեւէ եւ նոր Հայաստան մը պիտի բարձրանայ:
Մեր նախահայրերը երազ մը ունէին թէ օր մը գոյութեան պիտի կոչուի Հայկական նոր Հանրապետութիւն մը, որ պիտի դառնայ աշխարհի երկիրներէն յարգուած անդամ մը:
Մեր նախահայրերը երազ մը ունէին թէ օր մը այս հայրենիքը պիտի ըլլայ փառոս որ կը դառնայ տուն մը, որպէսզի հայ ժողովուրդը այլեւս պիտի չըլլայ քոչար ու թափարի երկրագունդի վրայ, հայրենիք, ապաստան մը փնտրելու համար:
Մեր նախահայրերը երազ մը ունէին թէ օր մը Հայաստանի բոլոր պատմական հողերը պիտի վերադարձուին եւ Մեծն Հայաստան դարձեալ ծնի:
Մեր նախահայրերը երազ մը ունէին թէ այս նոր Հանրապետութիւնը պէտք է ըլլայ ժողովրդավար կառավարութիւն մը, որ օժտուած է ազատ ընկերութեան մը բոլոր իրաւունքներով եւ լիազօրութիւններով: Առանց բռնաճնշման վախի: Ազատ մամուլով: Յոյսի եւ յարգուած ղեկավարութեան մը լուսաշող փառոս մը:
Հայկական Սփիւռքի մէջ մենք կոյր չենք այն փորձութիւններուն եւ ցնցումներուն հանդէպ, որոնք պարտադրուած են մեր հողերուն վրայ ապրող հայ ժողովուրդին, Սովետական Միութեան մենատիրական կարգերու կողմէ: Անոնք դժուար ժամանակներ էին: Անոնք վախազդեցիկ ժամանակներ էին: Հայ ժողովուրդին բնական ունակութիւնները խափանուած եւ բռնաճնշուած էին: Մեր ժողովուրդին համար դժուար էր շնչել այդ օրերուն Պատմական հայկական եկեղեցիները արգիլուած էին եւ կառոյցները քանդուած:
Հիմա մենք ժամականաշրջանի մը մէջ ենք որ մեր ժողովուրդին ազատութիւն կու տայ հասնելու համար իր ճակատագրին: Այլեւս արգելքներ չկան: Հայ մը կրնայ գործել եւ բարգաւաճիլ եւ ընտանիք կերտել մայր հողին վրայ: Մեր երեխաները կրնան հայկազեան բառեր արտասանել առանց վախի: Անոնք կրնան Մեսրոպ Մաշտոցի տառերը գրել առանց թաքցնելու իրենց խոհերը:
Յատկապէս կարեւոր է Հայաստանի այս ազատ երկիրը ուր անոնք որոնք օտար հողերու վրայ կը բռնաճնշուին, վայր մը ունին ուր կրնան ապաստանիլ եւ վերանորոգել իրենց կեանքը Արարատ լերան հովանիին ներքեւ: Անոնք օտար բռնակալներէն այլեւս վախնալու հարկադրանքի տակ չեն: Անոնք կ՛ըմպեն զուլալ հայկական ջուրը եւ կը ճաշակեն Հայկական այս Հանրապետութեան պտուղները:
Հիմա մենք` մեր քաջարի հայ նախահայրերուն յաջորդներս, ունինք երազ մը:
Մենք ունինք երազ մը թէ այս միայն սկիզբ մըն է նոր Հայաստանին համար:
Մենք ունինք երազ մը թէ մեր Հայաստանը պիտի հետապնդէ մեր պատմական հողերուն վերադարձը եւ երբեք պիտի չլքէ այս պահանջատիրութիւնը:
Մայիս 28ի ոգին, հաւատքը ու կամքը Հայաստանի վերանկախացումով վերականգնեցաւ սակայն ոչ ամբողջութեամբ: Ներկայ Հայաստանը եւ Արցախը մէկ մասն են միայն ամբողջական եւ Պատմական Հայաստանին, մենք պէտք է հզօրացնենք ներկայ Հայաստանը եւ ազատագրենք Արցախը եւ շարունակ պայքարել ի խնդիր ամբողջական Հայաստանի:
Մենք ունինք երազ մը թէ մեր հայկական կառավարութիւնը պիտի ըլլայ վճռական եւ պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու մեր պատմական հողերուն վերադարձը: Այս արդարապահանջութիւնը չի կրնար մղուիլ միայն ժողովուրդին կողմէ: Հարկաւոր է որ պետական ղեկավարութիւնն ալ նախձեռնարկ ըլլայ:
Մենք ունինք երազ մը թէ մեր հայ ժողովուրդը դառնայ ՄԷԿ ԱԶԳ: Հարկ է մէկդի շպրտել Սովետական Միութեան անցեալի կարգախօսը, որ կը հետապնդէր մասնատել մեր ժողովուրդը: Մենք պէտք է գիտակցինք որ բոլոր հայերը Մէկ Հայ Ազգին մասնիկներն են:
Մենք ունինք երազ մը թէ Հայկական Սփիւռքի եւ Հայկական Հանրապետութեան մէջ մեր ղեկավարութիւնը իրարու պիտի նային, որպէս Մէկ Հայ Ազգ:
Մենք ունինք երազ մը թէ օր մը մեր ազգին 70 տոկոսը փոխանակ Սփիւռքի մէջ ապրելու գոյատեւէ Հայկական Հանրապետութեան մէջ եւ յատկապէս մեր պատմական հողերուն վրայ, որոնք տակաւին պիտի վերամիացուին:
Մենք ունինք երազ մը թէ մեր հայ ժողովուրդը պիտի գիտակցի որ այս երկրորդ առիթը որպէս Անկախ Պետականութիւն պէտք չէ չարաշահուի: Քաղաքակրթութեան պատմութեան ընթացքին շատ քիչ ժողովուրդներու երկրորդ առիթ մը ընծայուած է: Բազմաթիւ ազգեր անհետացած են սակայն բարձրեալն երկինքը գիտէ թէ հայ ժողովուրդը իր առաքելութիւնը չէ աւարտած: Մենք աշխարհին պատգամ մը ունինք: Մէյ մը որ դարձեալ վերալարենք կառավարման եւ մշակութային իրագործման չափանիշները: Կրնայ ըլլալ որ մենք ըլլանք պատասխանը որ կրնայ լուծել աշխարհին տագնապները:
Այո՛, մենք ունինք երազ մը եւ այս երազը պէտք չէ վերածուի Մղձաւանջի մը: Շատ դիւրին է որ երազները Մեձաւանջներու վերածուին: Երբ տեսլականէ եւ պատասխանատուութենէ զուրկ մարդիկ դառնան ղեկավարներ, շատ դիւրին է երազները Մղձաւանջներու վերածուին: Հայկական Սփիւռքի եւ Հայկական Հանրապետութեան մէջ մեր ղեկավարութիւնը պէտք է կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Այլեւս սխալներու տեղ չմնաց: Ո՞ւր գրուած է որ հայ ազգին երրորդ առիթ մը պիտի տրուի:
Երբեմն աղէտէն լաւ բան մը դուրս կու գայ: Հայոց Ցեղասպանութեան որպէս արդիւնք, մեր ժողովուրդին սփռումր հող տուաւ կենսունակ Համաշխարհային Հայկական Սփիւռքի մը, որ պատրաստակամ է միանալու Հայկական Հանրապետութեան այս նոր սկիզբի շէմին: Այլեւս մենք չենք կրնար ընդունիլ անցեալի բաժանումները եւ թոյլ տալ որ մեր միասնական ջանքերը վատնուին:
Մենք բոլորս պէտք է ունենանք մեր նախահայրերուն երազը: Գործը չէ աւարտած: Այս երազը իրականացնելու համար շատ գործ կայ: Մենք չենք կրնար կերտել Հայոց այս նոր տունը քանդուած հիմքերու վրայ: Մեր երազը պէտք է կերտուի հաստատ հիմերու վրայ: Յաջորդ սերունդները կը սպասեն հայկական միասնութեան այս օրինակին: Հրամայական է որ Հայկական Հանրապետութիւնը եւ Հայկական Սփիւռքը այս ուղղութեամբ աշխատին:
Ես երազ մը ունիմ: Ես երազ մը ունիմ: Ես երազ մը ունիմ թէ ամէն ինչ իմի պիտի գայ: Ես երազ մը ունիմ թէ իմ թոռներս եւ ծոռներս օր մը պիտի դառնան Հայկական նոր Հանրապետութեան Նոր քաղաքացիները: Ես երազ մը ունիմ թէ անոնց առաջին լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը: Ես երազ մը ունիմ թէ անոնց նախընտրածները պիտի ըլլան Հայոց լեզուի գիրքերը, հայկական տեսաժապաւէնները եւ հայկական հեռուստայայտագիրները: Ես երազ մը ունիմ թէ իմ յաջորդները Հայ Ազգին պիտի պատկանին: Ես երազ մը ունիմ: Ես տակաւին այս Հայկական երազին կը հաւատամ:
ՎԱԶԳԷՆ ԱՅՎԱԶԵԱՆ