ՇԻ­ՔԱ­ԿՕ.- ՀԱ­ՅՈՑ, ԱՍՈ­ՐԻ­ՆԵ­ՐՈՒ ԵՒ ՅՈՅ­ՆԵ­ՐՈՒ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՄԱ­ՍԻՆ ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԳԻ­ՏԱ­ԺՈ­ՂՈՎ

0 0
Read Time:7 Minute, 17 Second

chicago Participants i

(Լուսանկարները` ՄԱՐԱԼ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆի)

Մա­յիս 10-11-ին, Շի­քա­կո­յի Սքո­քի շրջա­նէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ յա­տուկ գի­տա­ժո­ղով մը, նիւթ ու­նե­նա­լով Հա­յոց, Ասո­րի­նե­րու եւ Յոյ­նե­րու Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: Եր­կու օր­ուայ տե­ւո­ղու­թիւն ու­նե­ցող այս գի­տա­ժո­ղո­վը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծած էր: Աւե­լի քան 120 ներ­կա­ներ ժա­մա­նած էին հե­տեւե­լու կա­տար­ուած բա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րուն, զրոյց­նե­րուն եւ կլոր սե­ղան­նե­րուն:

Դոկտ. Սթիվըն Լիոնարտ  Ճէյքըպ  անոր կողքին   ``Not My Name`` գիրքին հեղինակը Թէօ Հալօ
Դոկտ. Սթիվըն Լիոնարտ Ճէյքըպ անոր կողքին
“Not My Name“ գիրքին հեղինակը Թէօ Հալօ

Գի­տա­ժո­ղո­վը որ անգ­լե­րէ­նով կը կրէր “The Ottoman Turkish Genocides of Anatolian Christians:  A Common Case Study“ անու­նը եւ կազ­մա­կերպ­ուած էր Իլի­նո­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բին, Ասո­րի­նե­րու Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Կեդ­րո­նին եւ Յու­նա­կան Ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րո­նին կող­մէ:

Գի­տա­ժո­ղո­վին բա­ցու­մը կա­տա­րեց հան­րա­ծա­նօթ լրագ­րող Ճոն Տէ­վիս, որ աշ­խա­տակ­ցած է տեղ­ւոյն CBS-ի հե­ռա­տե­սի­լի WBBM կա­յա­նին հետ: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հո­վա­նա­ւոր­նե­րուն, կա­մա­ւոր­նե­րուն եւ դա­սա­խօս­նե­րուն, որոնք իրենց մաս­նակ­ցու­թեամբ, ներդ­րում կա­տա­րե­ցին: Ապա խօսք առաւ Սքոքիի քա­ղա­քա­պետ Ճորճ Վան Տու­զըն, որ յայտ­նեց թէ դիտ­մամբ այս գի­տա­ժո­ղո­վը կը կա­տար­ուի Ող­ջա­կիզ­ման թան­գա­րա­նէն ներս: Ապա խօսք առաւ յոյն հիւ­պա­տոս Իոն­նա Էֆ­թիմ­ի­ա­տու, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն մաղ­թեց այս ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պող մարմ­նին, աւելց­նե­լով թէ հետզ­հե­տէ երի­տա­սարդ ու­սա­նող­ներ աւե­լի պի­տի հե­տաքրքր­ուին, կա­տա­րե­լով հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ:

Ձախէն աջ` ``Զօրեան `` Հիմնարկի Գործադիր տնօրէն Ճորճ Շիրինեան եւ Տոքթ. Փօլ Պալթրոփ
Ձախէն աջ` “Զօրեան “ Հիմնարկի Գործադիր տնօրէն Ճորճ Շիրինեան եւ Տոքթ. Փօլ Պալթրոփ

Ապա բեմ բարձ­րա­ցաւ Ճորճ Շի­րի­նե­ան, որ գոր­ծա­դիր տնօ­րէնն է Թո­րոն­թո­յի  Զօր­եան հիմ­նար­կին: Ան բա­ցատ­րեց թէ ինչ­պէս պի­տի ըն­թա­նայ այս եր­կօր­եայ ժո­ղո­վը: Տոքթ. Փօլ Պալթ­րոփ որ Ֆլո­րի­տա­յի Հա­մալ­սա­րա­նէն ներս պա­տաս­խա­նա­տուն է Ող­ջա­կիզման ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նին, յայտ­նեց թէ վե­րո­յիշ­եալ երեք Ցե­ցաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար, ամե­նէն աւե­լի կա­րե­ւոր ազ­դա­կը, վե­րապ­րող­նե­րուն հետ արխիւա­յին թղթա­ծա­րար­ներ պատ­րաս­տելն է, որոնք կը մնան ստոյգ փաստ:

Ապա “սքայփ“ի դրու­թեամբ, կա­րե­լի եղաւ կապ հաս­տա­տել Աւստ­րալ­իոյ Մա­կե­տո­նա­կան Ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նէն ներս. տոք­թո­րա­կա­նի թեկ­նա­ծու Սթավ­րոս Սթավ­րի­տի­սի հետ: Ան ստոյգ փաս­տեր եւ վկա­յագ­րու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցուց, որոնք կա­տա­րած էր Քան­պե­րա­յի թան­գա­րա­նէն ներս: Ան մաս­նա­գի­տա­ցած էր Ասո­րի­նե­րու Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թին մա­սին: Մի­եւ­նոյն նիւ­թին մա­սին, անդ­րա­դար­ձաւ Անա­հիտ Խոս­րո­է­վա, որ աւե­լի օգ­տա­գոր­ծած էր Երե­ւա­նի Ակա­դեմ­իա­յէն աղ­բիւր­ներ:

Դոկտ. Հա­նի­պալ Թրա­վիս անդ­րա­դար­ձաւ փոխ-­հա­տուց­ման եւ սրբա­տե­ղի­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման մա­սին: Ան յա­տուկ ման­րա­մաս­նու­թեամբ, զե­կու­ցեց Աղ­թա­մա­րի Սուրբ Խաչ եւ Տի­ար­պէ­քի­րի Սուրբ Կի­րա­կոս եկե­ղե­ցի­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին:

Հայաստանի Ցեղասպանութեան Թանգարանի ներկայացուցիչ Գէորգ Վարդանեան
Հայաստանի Ցեղասպանութեան Թանգարանի ներկայացուցիչ Գէորգ Վարդանեան

Նիւ Օր­լին­զի հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս դոկտ. Ռա­պըրթ Շենք, անդ­րա­դար­ձաւ ամեր­կա­ցի ծո­վա­կալ Մարք Պրիս­թո­լի կա­տա­րած հետեւո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին: Ան ամէն գնով փոր­ձած էր օժան­դա­կել տեղ­ւոյն փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, որոնք յատ­կա­պէս կազմ­ուած էին հա­յե­րէ, ասո­րի­նե­րէ եւ յոյ­նե­րէ:

Թէօ Հա­լօ որ “Not Even My Name“ գիր­քին հե­ղի­նակն է, զե­կու­ցեց յոյ­նե­րու ջար­դին մա­սին, կա­տար­ուած 1913-1923 տա­րի­նե­րուն: Ապա փրոֆ. Իլէյն Ֆու­ֆաս յա­ւել­եալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց 1921-ին հրա­տա­րակ­ուած, յոյն լրագ­րող Քոս­թաս Ֆալ­թա­յի­սի գոր­ծին մա­սին:

Երկ­րորդ օր­ուայ առա­ջին խօսք առ­նողն էր Հայ Դա­տի Կեդ­րո­նա­կան գրա­սեն­եա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Քէն Խա­չիկ­եան, որ անդ­րա­դար­ձաւ լոպպի­ին­կի մա­սին եւ ան­շուշտ շեշ­տեց թէ նմա­նօ­րի­նակ գի­տա­ժո­ղով­ներ առաջ­նա­հերթ դեր ու­նին ճա­նաչ­ման, պա­հան­ջա­տի­րու­թեան եւ հա­տուց­ման գծով:

Տոք­թո­րա­կա­նի թեկ­նա­ծու վրա­ցի Ճորճ­իա Քու­թա, որ կ՛ու­սա­նի Լոն­տո­նի հա­մալ­սա­րա­նէն ներս, ման­րա­մաս­նու­թեամբ ներ­կա­յա­ցուց Բրի­տան­իոյ տեղ­ւոյն յոյն խմբա­ւո­րու­մին աշ­խա­տան­քը, հե­տե­ւո­ղա­կան ձե­ւով հա­ւա­քե­լով տե­ղե­կու­թիւն­ներ, լու­սան­կար­ներ, թեր­թեր, եւայլն:

Շիքակոյի յոյն հիւպատոս Իոննա Էֆթիմիատու
Շիքակոյի յոյն հիւպատոս Իոննա Էֆթիմիատու

Ապա խօսք առաւ տոքթ. Թեհ­մի­նէ Մար­տոյ­եան, որուն կի­զա­կէտն էր Սեպ­տեմ­բեր 1922-ին կա­տար­ուած Զմիւռն­իոյ ջար­դը, տե­ղե­կաց­նե­լով թէ յատ­կա­պէս հա­յեր եւ յոյ­ներ հա­լած­ուած ու սպան­ուած էին:

Հայաս­տա­նի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Թան­գա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Գէ­որգ Վար­դան­եան բաղ­դա­տա­կան մը ներ­կա­յա­ցուց, մի­եւ­նոյն թուա­կան­նե­րուն կա­տար­ուած յոյ­նե­րու եւ հա­յե­րու ջար­դե­րուն մի­ջեւ: Ան անդ­րա­դար­ձաւ քիւր­տե­րու մա­սին, որոնք Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առն­չու­թեամբ, աշ­խար­հագ­րա­կան պատ­ճառ­նե­րով աւե­լի դեր ստանձ­նած էին, քան յոյ­նե­րու դէմ կա­տար­ուած հա­լա­ծանք­նե­րուն:

Փրոֆ. Տիգ­րան Խա­լիկ­եան (Ուս­տը­րի Պե­տա­կան Հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս) խօ­սե­ցաւ ան-վտան­գու­թեան եւ անա­պա­հո­վու­թեան մա­սին 1908-էն 1914-ի մի­ջեւ: Նա­եւ ներ­կա­յա­ցուց, այդ օրե­րու “Երի­տա­սարդ Թուր­քեր“ու գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնը, որ հետզ­հե­տէ դէ­պի ազ­գայ­նա­մո­լու­թիւն ուղղ­ուած էր:

Օր­ուան վեր­ջին խօս­նակն էր տոքթ. Սու­րէն Մա­նուկ­եան (Ռաթ­կըրզ Հա­մալ­սա­րան), որ չար­չա­րան­քի մա­սին խօ­սե­լով, յայտ­նեց թէ հա­մե­մա­տած հրեա­նե­րու Ող­ջա­կիզ­ման, հա­յե­րու ջար­դը շատ աւե­լի դժուար է նկա­րագ­րե­լը, նկա­տի ու­նե­նա­լով որ զա­նա­զան ձե­ւեր օգ­տա­գործ­ուած էին:

Այս նիւ­թե­րուն մա­սին ար­տա­յայտ­ուե­լով, կազ­մա­կեր­պիչ մարմ­նի ան­դամ Ճորճ Մավ­րո­փու­լոս ըսաւ.- “Լսե­լէ ետք, այս դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներն ու անոնց յա­ջոր­դող հարց-պա­տաս­խա­նը, կա­րե­լի է եզ­րա­կաց­նել թէ հա­յե­րու, յոյ­նե­րու եւ ասո­րի­նե­րու դէմ կա­տար­ուած ջար­դե­րը կան­խամ­տած­ուած են եւ նպա­տակն է քրիս­տոն­եայ բնակ­չու­թիւնը հե­ռաց­նել Անա­թոլ­իա­յէն“:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles