
Երեւանի մէջ, Յուլիս 11ին սկսաւ «Ոսկէ Ծիրան» 7րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը« որ ունեցաւ մէկ շաբթուայ տեւողութիւն: Այս առթիւ, աւելի քան հարիւր ժապաւէններ ցուցադրուեցան: Փառատօնը այս տարի հարուստ էր յոբելեաններով: Այսպէս, նշուեցաւ հայրենի բեմադրիչ Հենրիկ Մալեանի 85« դերասաններ Մհեր Մկրտչեանի եւ Խորէն Աբրահամեանի 80« նկարահանող Ալպերթ Եաւուրեանի եւ դերասան Արմէն Ջիգարխանեանի 75ամեայ յոբելեանները: Վերջապէս, նշուեցաւ նաեւ փառատօնի պատուոյ նախագահ Աթոմ Էկոյեանի ծննդեան յիսնամեակը:
Առաջին ցուցադրուող ժապաւէնն էր Հանրի Վերնէօյի «Մայրիկ» ժապաւէնը: Այս առթիւ, Հայաստան ժամանեց «Մայրիկ»ի դերը ստանձնած 72ամեայ Քլաուտիա Քարտինալլէ, որ ստացաւ «Արծաթէ թալեր» մրցանակը, «: Այս մրցանակը Սերգէյ Փարաճանովի ձեռքի գործն է: Ան զայն պատրաստած է շիշի թիթեղեայ կափարիչի վրայ՝ իր եղունգով նկարելով դրամի նմուշը: Իտալացի բեմադրիչ Փասքուալէ Սքուիթիերին կողակից ունենալով, ան նախապէս 1966էն 1975 թուականներուն, ամուսնացած էր իտալացի արտադրիչ Ֆրանքօ Քրիսթալտիի հետ:1980 թուականէն ի վեր Քարտինալլէ կը բնակի Փարիզ:
»Չինէչիթա«ի կարկառուն դէմքերէն՝ Քարտինալլէ նկարահանուած է իտալացի հանրայայտ բեմադրիչներու ժապաւէններու մէջ: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին եռանդուն ու շքեղ, ան վերջերս լրջօրէն կը զբաղի առողջապահական ծրագիրներով եւ կ’օգնէ Սիտաով վարակուած հիւանդներուն: Ան ըսած է« որ այդ սարսափելի հիւանդութիւնը արհեստածին ծագում ունի:
Փառատօնը »Մայրիկ« ժապաւէնով մեկնարկելը յարգանքի տուրք մըն էր Հանրի Վերնէօյին« որ Հայաստանի մէջ միայն վերջերս կը ստանայ իր իսկական արժէքը: Այս մէկը առիթ մը եղաւ նաեւ, որ նաեւ նշուի հայ մեծ բեմադրիչին իննիսնամեակը: Ժամանած էր նաեւ Հանրի Վերնէօյի որդին՝ Փաթրիք Մալաքեանը: Փառատօնը աւարտեցաւ Կիրակի, Յուլիս 18ին: