ՇԱՐ­ԺԱ­ՊԱՏ­ԿԵ­ՐԻ 10-ՐԴ “ՈՍ­ԿԷ ԾԻ­ՐԱՆ“ ՓԱ­ՌԱ­ՏՕ­ՆԸ

0 0
Read Time:13 Minute, 10 Second

p5 atom-egoyan-  ԵՐԵ­ՒԱՆ.- “Ոս­կէ ծի­րան“ երե­ւան­եան մի­ջազ­գա­յին 10-րդ շար­ժա­պատ­կե­րի փա­ռա­տօ­նին ազ­դան­շա­նը տրուե­ցաւ Յու­լիսին:

Ալեք­սանդր Սպենդ­ի­ար­եա­նի ան­ուան Օփե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ակա­դե­մա­կան թատ­րո­նին մէջ, պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ այս հա­յաս­տան­եան մշա­կու­թա­յին կեան­քի կա­րե­ւո­րա­գոյն իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն:

p5 charles1Փա­ռա­տօ­նի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր արա­րո­ղու­թեան նա­խոր­դեց “Ազա­տու­թիւն“ հրա­պա­րա­կին վրայ փա­ռա­տօ­նի աւան­դա­կան բաղ­կա­ցու­ցիչ­նե­րէն մէ­կը դար­ձած Կար­միր գոր­գի արա­րո­ղու­թիւնը, որուն վրա­յէն ան­ցան փա­ռա­տօ­նի հիւ­րերն ու Երե­ւան ժա­մա­նած ան­ուա­նի շար­ժա­պատ­կե­րի գոր­ծիչ­ներ: Նա­եւ, փա­ռա­տօ­նի յո­բե­լե­նա­կան մեկ­նար­կը տրուե­ցաւ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի անու­նը կրող հրա­պա­րա­կին վրայ` անոր “Աստ­ղի“ բա­ցու­մով: Բաց­ման հան­դի­սա­ւոր արա­րո­ղու­թիւնը “Մոսկ­ուա“ շար­ժա­պատ­կե­րի թատ­րո­նին յա­րա­կից տա­րած­քին մէջ հա­մախմբ­ուե­ցան փա­ռա­տօ­նի հիւ­րե­րը, հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող բե­մադ­րիչ­ներ, հա­սա­րա­կա­կան-մշա­կու­թա­յին, քա­ղա­քա­կան նշա­նա­ւոր գոր­ծիչ­ներ եւ հիւ­րեր:

Բա­ցու­մին ան­ձամբ ներ­կայ էր նոյ­նինքն Շարլ Ազ­նա­ւու­րը, որ այս առի­թով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լո­րին:

“Սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ, շատ սի­րե­լի Շարլ: Շատ-շատ ու­րախ ենք, որ ձեր անու­նը կրող հրա­պա­րա­կում ձեր անու­նը կրող աստղ ենք բա­ցում. աստղ, որը խորհր­դան­շե­լու է մեծ հա­յի, մեծ ար­ուես­տա­գէ­տի, Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղովր­դի, ֆրան­սե­րէն լեզ­ուի մեծ դես­պա­նի:…Աստ­ղը խորհր­դանշ­ե­լու է բո­լոր այն փոքր աստ­ղե­րը, որոնք մեր սրտե­րում են: Մենք բո­լորս ցան­կա­նում ենք, որ քո աստ­ղը, որն ու­ղեկ­ցե­լու է մեզ, նա­եւ քո աստ­ղը, որը երկն­քում է, յա­րա­տեւ ու յա­ւերժ լոյս բե­րի““, այս առի­թով յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Եդ­ուարդ Նալ­պանտ­եան: Նշենք թէ “Ոս­կէ ծի­րան“ի այս տար­ուան պա­տուոյ հիւ­րե­րէն է Ազ­նա­ւուր, որ Երե­ւան հա­սած այ­ցե­լու­թիւն տուած էր Սուրբ Էջմ­ի­ա­ծին:p5 VosgeDziran1

Փա­ռա­տօ­նին ըն­թաց­քին հիւ­րըն­կալ­ուե­ցան շար­ժա­պատ­կե­րի կեան­քին մէջ ու­նե­ցած մեծ վաս­տա­կին հա­մար “Փա­րա­ճա­նով­եան թա­լեր“-ի ար­ժա­նա­ցած նշա­նա­ւոր գոր­ծիչ­ներ` Քշիս­թոֆ Զա­նու­սի, Կոտֆ­րիտ Ռեճիօ եւ Ճոս Ստե­լինկ:

Այս տա­րի եւս փա­ռա­տօ­նին գլխա­ւոր հո­վա­նա­ւորն է “Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.“ ըն­կե­րու­թիւնը եւ Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւնը: Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղոս­եան, “Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.“-ի գլխա­ւոր տնօ­րէն Ռալֆ Եի­րիկ­եան, “Ոս­կէ Ծի­րան“ փա­ռա­տօ­նի տնօ­րէն Յա­րու­թիւն Խա­չատր­եան, փա­ռա­տօ­նի ծրա­գիր­նե­րու տնօ­րէն Մի­քա­յէլ Ստամ­պոլց­եան եւ գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վար Սու­սան­նա Յա­րու­թիւն­եան մամ­լոյ ասու­լի­սի մը ըն­թաց­քին յայտ­նե­ցին թէ “Ոս­կէ ծի­րան“-ին հա­մար 2013 թուա­կա­նը առանձ­նա­յա­տուկ է, որով­հե­տեւ յո­բե­լե­նա­կան է:

“Ան­ցած տա­սը տա­րի­նե­րի ըն­թաց­քում շատ բան փոխ­ուեց, եւ փա­ռա­տօ­նը չէր կա­յա­նայ առանց պե­տա­կան եւ մաս­նա­ւոր հատ­ուա­ծի աջակ­ցու­թեան“, իր խօս­քին մէջ ըսաւ փա­ռա­տօ­նի հիմ­նա­դիր տնօ­րէն Յա­րու­թիւն Խա­չատր­եա­նը: Ան յա­տուկ մրցա­նակ յանձ­նեց տա­սը տա­րի­նե­րէ ի վեր փա­ռա­տօ­նի գլխա­ւոր հո­վա­նա­ւո­րը հան­դի­սա­ցող “Վիվա­սել-Էմ.Թի.Էս.“ ըն­կե­րու­թեան գլխա­ւոր տնօ­րէն Ռալֆ Եիրիկ­եա­նին` մնա­յուն կեր­պով փա­ռա­տօ­նին նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րած աջակ­ցու­թեան հա­մար:

p5 VosgeDziran2“Ակա­մա­յից պէտք է յի­շենք 2004 թուա­կա­նը, երբ փա­ռա­տօ­նի հիմ­նադր­մա­նը շա­տե­րը թե­րա­հա­ւա­տօ­րէն էին մօ­տե­նում, սա­կայն այն իր վստահ քայ­լե­րով կա­յա­ցաւ“, նշեց մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղոս­եա­նը` աւելց­նե­լով, որ “Ոս­կէ ծի­րան“ը նո­րան­կախ Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին կեան­քին գլխա­ւոր ձեռք­բե­րում­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ: Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րը նա­եւ ըն­թեր­ցեց Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի` “Ոս­կէ ծի­րան“ին ուղղ­ուած շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղեր­ձը, որուն մէջ յատ­կա­պէս նշուած էր. “Հա­յաս­տա­նը դեռ շատ անե­լիք­ներ ու­նի հա­մաշ­խար­հա­յին կի­նո­քար­տէ­զի վրայ իր դիրքն ամ­րապն­դե­լու հա­մար, ուս­տի առանձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի “Ոս­կէ ծի­րա­նի“` տա­րա­ծաշր­ջա­նում առաջ­նա­յին կի­նո­փա­ռա­տօն լի­նե­լու փաս­տը: Անու­րա­նա­լի է, որ այս­պի­սի փա­ռա­տօ­նը մեծ պա­տիւ է ցան­կա­ցած երկ­րի հա­մար եւ հի­ա­նա­լի առիթ` մշա­կու­թա­յին նոր կա­պեր հաս­տա­տե­լու ուղ­ղու­թեամբ: Դա է վկա­յում փա­ռա­տօ­նի մաս­նա­կից­նե­րի ըն­դար­ձակ աշ­խար­հագ­րու­թիւնը, ինչ­պէս նա­եւ մի­ջազ­գա­յին լայն լսա­րան ու­նե­ցող մի շարք լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րի հե­տաքրք­րու­թիւնը “Ոս­կէ ծի­րա­նի“ եւ մեր երկ­րի հան­դէպ“, յայտ­նեց նա­խա­գա­հը` յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն եւ մաս­նա­կից­նե­րուն:

Այս առի­թով խօսք առաւ նա­եւ նշա­նա­ւոր բե­մադ­րիչ Ատոմ Էկոյ­եա­նը. “Երբ մե­զի հարց կու տան, թէ ի՞նչ կը նշա­նա­կէ հայ ըլ­լա­լը կամ ի՞նչ եղած է հա­յե­րուն նպաս­տը աշ­խար­հին` մենք յա­ճախ մէկ բա­ռով կը պա­տաս­խա­նենք` “Ազ­նա­ւուր“: Ազ­նա­ւու­րը աստ­ուա­ծա­յին պար­գեւ է մե­զի. ան անձ մըն է, որ կը սի­րէ իր ժո­ղո­վուր­դը, որ իր կար­գին` կը սի­րէ Ազ­նա­ւու­րը“, ըսաւ Էկոյ­եան` “Փա­րա­ճա­նով­եան թա­լեր“ մրցա­նա­կը Ազ­նա­ւու­րին յանձ­նե­լու պա­հուն:

Փա­ռա­տօ­նի բաց­ման արա­րո­ղու­թիւնը եզ­րա­փակ­ուե­ցաւ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ, բե­մադ­րիչ Ֆրանս­ուա Թրիւ­ֆո­յի “Կրա­կէ՛ դաշ­նա­կա­հա­րին վրայ“ (Tirez sur le pianiste) ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թեամբ:

“Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.“-ի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թեան կող­մէ փո­խանց­ուած լու­րե­րուն հա­մա­ձայն, փա­ռա­տօ­նը այս տա­րի ստա­ցած է մօ­տա­ւո­րա­պէս 1200 դի­մում` աշ­խար­հի 94 եր­կիր­նե­րէ (2012-ին` 67 եր­կիր), ինչ որ կը հաս­տա­տէ, որ “Ոս­կէ ծի­րան“-ին հան­դէպ հե­տաքրք­րու­թիւնը տար­ուէ տա­րի կ՛աւել­նայ: “Ոս­կէ ծի­րան“ փա­ռա­տօ­նը այս տա­րի եւս կը ներ­կա­յա­նայ եր­կար, վա­ւե­րագ­րա­կան եւ “Կո­րիզ“ կարճ ժա­պա­ւէն­նե­րու մի­ջազ­գա­յին մրցու­թա­յին ծրա­գիր­նե­րով, ինչ­պէս նա­եւ “Հայ­կա­կան հա­մայ­նա­պատ­կեր“ ազ­գա­յին մրցու­թա­յին ծրագ­րով: Մրցու­թա­յին ծրա­գիր­նե­րուն մէջ ընդգրկ­ուած ժա­պա­ւէն­նե­րը պի­տի գնա­հատ­ուին դա­տա­կան չորս ան­դամ­նե­րու կող­մէ:

“Խա­ղար­կա­յին ժա­պա­ւէն­նե­րու մի­ջազ­գա­յին մրցոյթ“-ի դա­տա­կան կազ­մը կը գլխա­ւո­րէ հուն­գա­րա­ցի ակա­նա­ւոր բե­մադ­րիչ, հա­մաշ­խար­հա­յին շար­ժան­կա­րի դա­սա­կան` Իշթ­վան Զա­պոն, իսկ “Վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րու մի­ջազ­գա­յին մրցոյթ“-ի դա­տա­կան կազ­մը կը գլխա­ւո­րէ 2012-ի “Ոս­կէ ծի­րան“-ի դափ­նե­կիր, նշա­նա­ւոր բե­մադ­րիչ Սեր­գէյ Լոզ­նի­ցան: Փա­ռա­տօ­նի օրե­րուն կ՛աշ­խա­տին նա­եւ շար­ժան­կա­րի քննա­դատ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին միու­թիւնը եւ Էքիւ­մե­նիք դա­տա­կան կազ­մը:

Հա­րուստ են “Ոս­կէ ծի­րան“-ի ար­տամր­ցու­թա­յին ծրա­գիր­նե­րը: Անոնց մէջ առանձ­նա­կի նշա­նա­կու­թիւն ու­նին “Երե­ւան­եան անդ­րա­նիկ ներ­կա­յա­ցում­նե­րը“, “Յե­տա­հայ­եաց ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ“ եւ “Յար­գան­քի տուրք“ ծրա­գիր­նե­րը, որոնց մէջ անակն­կալ­ներ կը սպաս­ուին հա­մաշ­խար­հա­յին շար­ժան­կա­րի վար­պետ­նե­րէն: Փա­ռա­տօ­նի ծի­րին մէջ յար­գան­քի տուրք պի­տի մա­տուց­ուի Արամ Խա­չատր­եա­նի 110, Ար­տա­ւազդ Փե­լեշ­եա­նի եւ Ներ­սէս Յով­հան­նիս­եա­նի 75-ամ­եակ­նե­րուն առի­թով“, որոնց մա­սին նշուած է այս առի­թով հրա­պա­րակ­ուած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ:

“Ար­ուես­տը կը ձգտի ազա­տու­թեան: Երե­ւա­կա­յա­կան ար­ուես­տը` շար­ժան­կա­րը հսկա­յա­կան դեր կը կա­տա­րէ ան­հա­տի կրթու­թեան եւ զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ: Հե­տե­ւա­բար Հա­յաս­տա­նի մէջ շար­ժան­կա­րի սի­րա­հար­նե­րուն հա­մար բա­ցա­ռիկ ար­ժէք ու­նե­ցող, աւե­լի նրբա­ճա­շակ, հե­տաքրք­րա­կան եւ լուրջ ժա­պա­ւէն­նե­րը հա­սա­նե­լի դարձ­նե­լը աջակ­ցու­թեան ար­ժա­նի կա­րե­ւո­րա­գոյն գործն է: Միւս կող­մէ, “Ոս­կէ ծի­րան“-ին շնոր­հիւ, Հա­յաս­տա­նի երի­տա­սար­դու­թիւնը սկսած է աւե­լի մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րել շար­ժան­կա­րի եւ անոր ար­տադ­րու­թեան հան­դէպ: “Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.“-ի հա­մար “Ոս­կէ ծի­րան“-ի առա­քե­լու­թիւնը չի սահ­մա­նա­փակ­ուիր շար­ժա­պատ­կե­րա­յին նշա­նա­կու­թեամբ. շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նը կա­րե­ւոր քայլ է աշ­խար­հի մշա­կու­թա­յին քար­տէ­սին վրայ Հա­յաս­տա­նի ու­րոյն տե­ղը ամ­րապն­դե­լու ուղ­ղու­թեամբ“, նշեց “Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.“-ի գլխա­ւոր տնօ­րէն Ռալֆ Եի­րիկ­եա­նը:

Նշենք թէ, “Թու­մօ“ ստեղ­ծա­րար ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ, Յու­լիս 8-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ իւ­րա­յա­տուկ դա­սա­խօ­սու­թիւն մը, զոր ներ­կա­յա­ցու­ցած է գա­նա­տա­հայ նշա­նա­ւոր բե­մադ­րիչ Ատոմ Էկոյ­եա­նը, որ խօ­սած է շար­ժա­պատ­կե­րի աշ­խար­հին եւ անոր նո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

Քննար­կում-հան­դի­պում կա­յա­ցաւ “Թու­մօ“ կեդ­րո­նի եւ “Ոս­կէ ծի­րան“ երե­ւան­եան 10րդ մի­ջազ­գա­յին շար­ժա­պատ­կե­րի փա­ռա­տօ­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րին մէջ:

Էկոյ­եան նշեց, որ այ­սօր հա­մա­կարգ­չա­յին թեք­նիքն ու ժա­պա­ւէ­նը հա­մա­կար­գի­չով ցու­ցադ­րե­լէ բա­ցի, շատ կա­րե­ւոր է, որ անի­կա ցու­ցադր­ուի նա­եւ շար­ժա­պատ­կե­րի սրահ­նե­րուն մէջ:

Ան կը նա­խընտ­րէ, որ ժա­պա­ւէ­նը իր հե­րոս­նե­րուն մի­ջո­ցով ներ­կա­յաց­նէ տար­բեր պատ­մու­թիւն­ներ, սա­կայն այս մէ­կը, առա­ջին հեր­թին, իրա­կա­նաց­նել ոչ թէ մետ­իա­յի հնար­քով, այլ տու­եալ հե­րո­սի երե­ւա­կա­յու­թեան մի­ջո­ցով: “Իմ բնա­գա­ւա­ռիս մէջ կան ժա­պա­ւէն­նե­րու այ­լընտ­րան­քա­յին տար­բե­րակ­ներ, սա­կայն ժա­պա­ւէն­նե­րու պատ­կեր­նե­րուն մէկ մա­սը իր սրբա­զան մաք­րու­թիւնը կորսն­ցու­ցած է“, յայտ­նած է ան:

Բե­մադ­րի­չին հա­մա­ձայն` մեր օրե­րու շու­կան կ՛ո­րո­շէ, թէ ի՛նչ պատ­մու­թիւն պի­տի ներ­կա­յաց­նէ բե­մադ­րի­չը, սա­կայն սկզբնա­կան շրջա­նի ժա­պա­ւէն­նե­րուն մէջ ան այդ մէ­կը չէր ար­տօ­ներ. “Օրի­նակ` “Արա­րատ“ ժա­պա­ւէ­նին մէջ կայ հատ­ուած մը, որ յա­տուկ կեր­պով տե­ղադ­րած եմ, որ­պէս­զի դի­տո­ղը կա­րե­նայ ար­ձա­գան­գել, բե­մադ­րի­չին հետ երկ­խօ­սու­թեան մէջ մտնել“, յայտ­նած է Էկոյ­եան` աւելց­նե­լով սա­կայն, որ ատի­կա չի նշա­նա­կեր, թէ իւ­րա­քան­չիւր անձ կրնայ իր ու­զած հատ­ուա­ծը տե­ղադ­րել եւ ներ­կա­յաց­նել ակն­դիր­նե­րուն:

Քննար­կու­մը կա­րե­լիու­թիւն տուած է մաս­նա­կից­նե­րուն` բա­ցա­յայ­տե­լու զա­նա­զան ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­ներ մի­ա­ւո­րող ար­տադ­րու­թեան առանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը` ընդ­լայ­նե­լու հա­սա­նե­լիու­թիւնը եւ կեր­տե­լու մէկ ընդ­հա­նուր պատ­մու­թիւն: Քննար­կու­մը աւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ դարձ­նե­լու նպա­տա­կով պաս­տա­ռին վրայ ներ­կա­յաց­ուած են տար­բեր ժա­պա­ւէն­ներ եւ տե­սա­նիւ­թեր:

Այս փա­ռա­տօ­նէն առաջ մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի մաս­նա­գէտ­նե­րու եւ Արե­ւել­եան գոր­ծըն­կե­րու­թեան եր­կիր­նե­րէ եկած շար­ժա­պատ­կե­րի երի­տա­սարդ վար­պետ­ներ, քննա­դատ­ներ “Շար­ժան­կա­րի լրագ­րու­թիւն առանց սահ­ման­ներ“-ու խո­րագ­րով դա­սըն­թացք­ներ տուին: Այս առ­թիւ հրա­տա­րակ­ուե­ցաւ նա­եւ “Ոս­կէ ծի­րան“ տա­րե­կան պար­բե­րա­կա­նը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles