ՆՈՐ ԳԻՐ­ՔԵ­ՐՈՒ ՀԵՏ.- “ԻՆՉ Է ԳՐՈՒԵԼ ԻՐԱ­ՆՈՒՄ ՀԱ­ՅՈՑ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՏԱ­ՐԻ­ՆԵ­ՐԻՆ“ (Հեղինակ`ԱՐ­ՄԻ­ՆԷ ԿԱ­ՐԱ­ՊԵՏ­ԵԱՆ-ԳՈՒՆ­ՏԱԳՃ­ԵԱՆ)

0 0
Read Time:4 Minute, 59 Second

p12-13 Armine's book  Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱՆ

Այն օրե­րուն, երբ 2012 տա­րին կը պատ­րաստ­ուէր մայր մտնել, Երե­ւա­նի “Լու­սա­բաց“ հրա­տա­րակ­չա­տու­նէն լոյս տե­սաւ Ար­մի­նէ Կա­րա­պետ­եան-Գուն­տագճ­եա­նի “Ինչ է Գրուել Իրա­նում Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Տա­րի­նե­րին“ հա­տո­րը, որ ու­շագ­րաւ հրա­տա­րա­կու­թիւն մըն է եւ նոր ներդ­րում մը` Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րու ծի­րին մէջ:

Մաս­նա­գի­տու­թեամբ քիմ­ի­ա­գէտ, սա­կայն հոգի­ով ու խոր­քով մեզ տագ­նա­պեց­նող հար­ցե­րու հե­տա­մուտ Ար­մի­նէ Գուն­տագճ­եա­նը վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ձեռ­նար­կած է ու­սում­նա­սի­րա­կան աշ­խա­տան­քի, եւ ահա, ըն­թեր­ցո­ղին ու Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծալ­քե­րով հե­տաքր­քիր­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նէ եռա­լե­զու հա­տոր մը: Նա­խորդ գոր­ծը լու­սար­ձա­կի տակ առած էր պատ­մա­կան պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով քիչ քննարկ­ուած վէրք մը` ստա­լին­եան տա­րի­նե­րուն հայ­րե­նա­դարձ­նե­րուն վի­ճակ­ուած տա­ռա­պանք­նե­րը. “Հայ­րե­նա­դարձ­նե­րի Բռնաճն­շում­նե­րը Ստա­լին­եան Ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նում“ հա­տո­րը (2010) վա­ւե­րա­գիր­նե­րու պե­ղու­մով ու մէկ­տե­ղու­մով կազմ­ուած գործ մըն էր. երկ­րոր­դը լու­սար­ձա­կը կը կեդ­րո­նաց­նէ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին վկա­յու­թիւն­նե­րու վրայ: Խո­րա­գի­րէն իսկ կա­րե­լի է հե­տեւց­նել, թէ հա­տո­րը կը բո­վան­դա­կէ մա­մու­լէն քաղ­ուած պա­տա­ռիկ­ներ, ինչ­պէս նա­եւ յու­շագ­րա­կան գրու­թիւն­նե­րէ քաղ­ուած բա­ժին­ներ:

Հա­տո­րը, որ կը տա­րած­ուի 260 էջե­րու եւ յա­ւել­եալ էջի մը վրայ, բաժն­ուած է երեք գլխա­ւոր մա­սե­րու, որոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը քաղ­ուած նիւ­թե­րը կը ներ­կա­յաց­նէ հա­յե­րէ­նով, անգ­լե­րէ­նով ու պարս­կե­րէ­նով:

Հե­ղի­նա­կը հա­տո­րը կը բա­նայ բա­ցատ­րա­կան յա­ռա­ջա­բա­նով մը (հա­յե­րէ­նէ, անգ­լե­րէն ու պարս­կե­րէն), ուր լու­սա­բա­նու­թիւն կու տայ հա­տո­րի արար­ման պատ­ճառ­նե­րուն մա­սին: Այ­նու­հե­տեւ, քաղ­ուածք­նե­րը կը մար­մնա­ւոր­ուին եր­կու գլխա­ւոր բա­ժին­նե­րով. առա­ջին բա­ժի­նին մէջ տեղ գտած են իրան­եան մա­մու­լէն քաղ­ուած եւ առա­ւե­լա­բար օր­ուան լու­րե­րէն մէջ­բեր­ուած գրու­թիւն­ներ: Այս տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը չեն սահ­մա­նա­փակ­ուած նոյ­նինքն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­նե­րով, այլ կը տա­րած­ուին 1904էն մին­չեւ 1920 տա­րի­նե­րը: Տար­բեր օրա­թեր­թե­րու մէջ տրուած լրատ­ուա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը վկա­յու­թիւն­ներ են` կազ­մա­կերպ­ուած ու մի­տում­նա­ւոր ջար­դե­րու, հա­լա­ծանք­նե­րու եւ բռնի տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րու մա­սին. եւ ինչ­պէս գիր­քը կազ­մո­ղը կը նշէ, այդ թեր­թե­րէն մէկ քա­նին կը նկատ­ուին Թուրք­իոյ նկատ­մամբ դրա­կան տրա­մադ­րու­թիւն ու­նե­ցող հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ…: Այս բա­ժի­նը, ինք­նին, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին վկա­յու­թիւն­ներ հա­ւա­քող պատ­մա­բա­նին, ին­չո՞ւ չէ` նա­եւ հե­տաքր­քիր ըն­թեր­ցո­ղին կ՛ըն­ծա­յէ ար­ժէ­քա­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ:

Թեր­թե­րէն քաղ­ուած լրատ­ուա­կան պա­տա­ռիկ­նե­րուն կը յա­ջոր­դէ ամ­բողջ բա­ժին մը, որ քաղ­ուած է իրան­ցի չորս դէմ­քե­րու յու­շե­րէն եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րէն: Անոնք կը կոչ­ուին Մո­համ­մատ Ալի Ջե­մալ­զա­դէ, Ռե­զա Դիւան­բե­գի, Իս­մա­յիլ Ռա­յին եւ Թու­րաջ Փար­սի: Այս բա­ժի­նը կազմ­ուած է յիշ­եալ գրող­նե­րուն յու­շագ­րա­կան գրու­թիւն­նե­րուն մա­սին բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով ու անոնց­մէ կա­տար­ուած լայն քաղ­ուածք­նե­րով, վեր­ջի­նին հրա­տա­րա­կած ու­սում­նա­սի­րա­կան յօդ­ուա­ծին մա­սին ակ­նար­կու­թիւն­նե­րով:

Եռա­լե­զու ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը այս հրա­տա­րա­կու­թեան կու տայ մի­ա­ժա­մա­նակ այս երեք լե­զու­նե­րուն ծա­նօթ ըն­թեր­ցող­նե­րու լայն զանգ­ուա­ծի մը հաս­նե­լու ար­ժա­նի­քը:

260րդ էջէն ետք կա­տար­ուած մէկ էջ­նոց յա­ւե­լու­մով, հե­ղի­նա­կը կարճ բա­ցատ­րու­թիւն մը կու տայ, թէ ին­չո՛ւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մէջ Թուրք­իոյ պե­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը պէտք չէ նուա­զա­գոյն չա­փով նօս­րա­ցու­մի են­թար­կել` ոճի­րին մէջ անոր իբ­րեւ մեղ­սա­կից յա­ռաջ բե­րե­լով գեր­ման­նե­րը, անգլ­ի­ա­ցի­ներն ու հրեա­ներ­րը: Լու­սար­ձա­կի տակ կը բեր­ուի այն իրա­կա­նու­թիւնը, որ հա­յու­թեան հայ­րե­նի­քին բռնագ­րա­ւումն ու ժո­ղո­վուր­դին բնաջն­ջու­մը հե­տապն­դող Թուրք­ի­ան 1915էն շատ առաջ որ­դեգ­րած էր հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles