Լրահոս

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 15-ԻՆ՝ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ  ԻԶԱՊԷԼ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆ

Շաբաթ, 15 Նոյեմբեր, երեկոյեան 7։30-ին, միջազգային համբաւ վայելող սոփրանօ երգչուհի Իզապէլ Պայրագտարեան, իր կողքին ունենալով երաժիշտներ Էլի Քուաթը (տաւիղ), Ճիլ Ֆելպըրն (սրինգ) ու Մհեր Մնացականեանը (տուտուկ), ելոյթ պիտի ունենայ յատուկ «Պապենական երգեր, աղօթքներ եւ օրoրներ» համերգով, Պոսթընի մօտակայ Լեքսինկթըն շրջանի «Սքոթիշ Ռայթ» թանգարան-գրադարանին մէջ։

Համերգը կազմակերպողն է Պոսթընի Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Հիմնարկը («Friends of Armenian Culture Society»-FACS)։

Advertisement Subscribe Today

Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ միջնադարեան շարականներ, երգեր եւ հայ ժողովրդական գործեր։ Կոմիտաս Վարդապետի եւ իր աշակերտներուն՝ Բարսեղ Կանաչեանի եւ Միհրան Թումաճանի գործեր ալ մաս կը կազմեն յայտագրին։

Իզապէլ Պայրագտարեան միջազգային լայն ճանաչման արժանացած է թէ՛ օփերայի եւ թէ՛ ընդհանրապէս երգի բնագաւառներուն մէջ, դերեր ստանձնելով Մոցարթի, Ռեսփիկիի, Տըպիւսիի եւ Փուլենքի զանազան գործերուն մէջ։ Կատարած է բազմաթիւ ձայնագրութիւններ, որոնց կարգին՝ “The Lord of the Rings: The Two Towers” («Մատանիներու տիրակալը. Երկու աշտարակները») ժապաւէնին համար, որ Օսքարի արժանացած է։ Անոր գերտպաւորիչ ձայնը կարելի է ըմբոշխնել նաեւ Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ» ժապաւէնին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ Պի․Պի․Սի․-ի կողմէ պատրաստուած «Ողջակիզում – Երաժշտական յիշատակի ժապաւէն» վաւերագրականին մէջ։

Պայրագտարեան գլխաւոր դերակատարն է եղած «Երկար Ճամբան Դեպի Տուն» ժապաւէնին, որ կը պատկերացնէր իր առաջին այցելութիւնը հայրենիք։ Ան նաեւ մեծարուած է բազմաթիւ մրցանակներով եւ պարգեւատրումներով, որոնց շարքին՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ, 2004 թուականին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ամենաբարձր մշակութային պարգեւին՝ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին։ Դափնեկիր է՝ ներառեալ չորս անընդմէջ «Ճունօ» մրցանակներու, «Մերիլին Հորն» հիմնադրամի մրցանակի, եւ Անգլիոյ Թագուհի Էլիզապէթ Երկրորդի ոսկեայ եւ ադամանդէ յոբելինական մետալներու։ Ան պատուաւոր անդամ է թագաւորական Երաժշտանոցին եւ պատուաւոր դոկտորական աստիճանի տիրացած՝ Վիլֆրիտ Լորիէ համալսարանէն։

Նշենք, թէ Հինգշաբթի, 13 Նոյեմբերին, Պայրագտարեան ելոյթ պիտի ունենայ «Քարնըկի Հոլ»-ի մէջ, միեւնոյն համերգով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակի տօնակատարութեան առթիւ է։

Երգչուհին ներկայիս Սանթա Պարպըրա (Քալիֆորնիա) համալսարանի երգի դասախօս եւ օփերայի թատրոնի տնօրէնուհի է։

Պոսթընի մէջ, կայացուելիք համերգին տոմսերը՝ 85 եւ 65 տոլար արժողութեամբ են եւ կարելի է ստանալ առցանց․- www.facsboston

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button