Լրահոս

Նշուեցաւ Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 19-րդ Տարելիցը

 

ՊՈԼԻՍ.- Յունուար 19-ին  ոգեկոչուեցաւ 19 տարի առաջ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան առջեւ սպաննուած լրագրող ու հրապարակախօս Հրանդ Տինքի նահատակութեան 19-րդ տարելիցը։

Հակառակ աննպաստ օդին, հազարաւոր անձեր ներկայ եղան Շիշլիի շէնքին առջեւ:
Անկասկած, որ Հրանդ Տինքի դէմ կատարուածը պետական ահաբեկչութիւն էր: Հայ մտաւորականը զոհն էր,  Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող անիրաւութեան:

Advertisement Subscribe Today

Տինք յաջողած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնել եւ ամբողջ հասարակակարգ մը իրազեկել, սակայն, թուրք ազգայնականութիւնը լուռ հետեւեցաւ անոր քայլերուն եւ խօսքին, քանի մը սպառնալիքներէ ետք որոշեց լռութեան մատնել ազնուական հայու սիրտն ու մտածումները:

 

 

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button