ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ․- ՏՆՕՐՀՆԷՔ՝ ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի, 25 Մարտի առաւօտուն, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, ըստ տասնամեակներու աւանդութեան, այցելեց Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանը, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ․ Վաչէ Վրդ. Պալըգճեանի՝ հոգեւոր հովիւ Սրբոց Վարդանանց (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) եկեղեցւոյ, եւ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեանի՝ հոգեւոր հովիւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր(Նիւ Եորք) եկեղեցւոյ , որպէս ուսման տուն Տնօրհնէքի արարողութիւնը կատարելու եւ հանդիպում ունենալու աշակերտութեան հետ։
Աշակերտութեան գեղարուեստական կոկիկ յայտագրէն ետք, տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի հետաքրքրաշարժ բաժին մը, որուն աւարտին Սրբազան Հայրը ընդգծեց աշակերտութեան ուշիմութիւնը եւ անոնց ունեցած լայն հետաքրքրութիւնները, միաժամանակ բարձրօրէն գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը, ծնողներն ու բարերարները։

