ԱմերիկահայԼրահոս

Նիւ Ճըրզիի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 50-Ամեակի Տօնակատարութիւն

 

Նիւ Ճըրզիի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 50-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 1-ի, երեկոյեան ժամը 7-ին, Հազպրուկ Հայցի (Hasbrouck Heights, NJ) «Հիլթըն» պանդոկի «Սքայ Պոլրում» սրահին մէջ։ Հանդիպումը պիտի համախմբէ հարիւրաւոր նախկին եւ ներկայ Հ․Մ․Ը․Մ․-ականներ, ինչպէս նաեւ ամերիկահայ համայնքի անդամներ՝ նշելու նուիրումի, ծառայութեան եւ ձեռքբերումներու 50-ամեակը։ Օրուան հիւր երգիչն է Ժոզէֆ Գրիգորեանը։

Այս նշանակելի հանդիսութիւնը Նիւ Ճըրզիի հայ համայնքի համար պիտի հանդիսանայ կարեւոր հանգրուան մը։ Նիւ Ճըրզիի Հ․Մ․Ը․Մ․-ը կը մնայ տեղւոյն հայ համայնքի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկը՝ երիտասարդներուն ընձեռելով հայկական ինքնութիւնը ամրապնդելու հարթակ։

Advertisement Subscribe Today

Հ․Մ․Ը․Մ․-ականները իրենց ցուցաբերած բազմաթիւ գործունէութեամբ, ունեցած են դրական ու ամուր ազդեցութիւն թէ՛ հայ, թէ՛ տեղական համայնքներուն վրայ՝ մասնակցելով դրօշակի արարողութիւններու, Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու, եկեղեցական արարողութիւններու, կրթական սեմինարներու եւ համայնքային նախաձեռնութիւններու։ 1975-էն ի վեր անոնք Նիւ Ճըրզիի գործօն ներկայութիւնն ու առաջապահ ուժն են։

Հ․Մ․Ը․Մ․-ի 50-ամեակի յոբելենական գիրքին մէջ հովանաւորութեան կարելիութիւնները նախատեսուած են վեց դասակարգով՝ սկսելով կէս Էջ (150 տոլար) հովանաւորութենէն, որ կը ներառէ անձնական նուիրուած գիր կամ պատկեր, մինչեւ ոսկեայ Էջ (հազար տոլար) հովանաւորութեան՝ ամբողջական էջով եւ ոսկէ եզրագծով։

Հովանաւորութեան եւ յոբելենական գիրքին գովազդի վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է դիմել՝ njhomenetmen50th@gmail.com  հասցէին։

Մուտքի տոմսերու գին՝ 150 տոլար, իսկ 12 տարեկանէն վար՝ 75 տոլար։ Մասնակցութիւնը հաստատելու համար կարելի է կապուիլ Հիլտա Դաւիթեանի (201-538-2480) կամ Լենա Տիշոյեանի (862-207-2221) հետ, կամ ալ «Զել»-ի միջոցաւ․-  newjersey@homenetmen.org  հասցէին։

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button