ԱմերիկահայԼրահոս

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՇՈՒՇԻ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵԼՈՅԹԸ ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՕԾՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Անցեալ տարի, Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր Տաճարը բոլորեց իր հիմնադրութեան քառասուն տարիները: Այս առթիւ, վերջերս, Սուրբ Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ Տաճարի նոր պրոնզեայ դռներու օծում, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Խաժակ Արք. Պարսամեանի, եւ ներկայութեամբ Նիւ Եորք Նահանգի Կառավարիչ Մայքըլ Պլումպըրկի:

Shushi Diocese 3 girls (small)
Օծումէն ետք, հնչեց Արա Գէորգեանի »Արցախ«ը եւ »Շուշի« պարախումբի անդամները իրենց տպաւորիչ ու հմայիչ շարժումներով խանդավառեցին ներկաները: Բոլոր ներկաները ակնածանքով դիտեցին ներկայացուող պարերը:
Ապա բեմ բարձրացաւ Շուշիի երեց անդամներէն, շնորհալի հայուհի Լոռի Տապաղեանը որ ապրումով ասմունքեց Վահան Թէքէեանի »Եկեղեցին Հայկական«ը, յուզելով ներկաները:
Այս խանդավառ մթնոլորտէն ետք ներկաները հիւրասիրուեցան Տաճարի սրահը, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը նուիրուած պրոնզեայ դռներու նուիրատուներուն:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button