

կլոր սեղանի մասնակիցներուն հետ
Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչներ մասնակցեցան Մ.Ա.Կ. -ի Կիներու Իրավիճակի (CSW) 57-րդ Յանձնաժողովի նիստերուն, որոնք տեղի ունեցան Նիւ Եորքի մէջ` Մարտ 4-15, 2013ին: Այս տարուան հաւաքին թեման էր` “Վերացում եւ Խափանում կիներու եւ աղջիկներու դէմ գործադրուող բոլո՛ր տեսակի բռնութիւններու“:
CSW-ն Մ.Ա.Կ. ի տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի (ECOSOC) աշխատանքային յանձնաժողովն է, որուն Հ.Օ.Մ.ը կ՛անդամակցի 1998էն ի վեր: Հ.Օ.Մ.ի աշխատանքները կը կեդրոնանան մարդկային իրաւունքներու եւ ընկերային արդարութեան հարցերու շուրջ:

Այս տարուան նիստերուն ներկայ էին միջազգային կազմակերպութիւններու եւ անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներ: Հ.Օ.Մ.ի կողմէ մասնակցեցան Մ.Ա.Կ. ի յանձնախումբի ընկերուհիներ, Մ.Ա.Կ. ի մէջ Հ.Օ.Մ.-ի աշխատանքները գործադրող ընկերուհին, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական գրասենեակի գործադիր տնօրէնուհին եւ Արեւելեան Ամերիկայի շրջանէն ու Եւրոպայէն ընկերուհիներ, որոնք տարուան ընթացքին կը մասնակցին Մ.Ա.Կ. ի տարբեր աշխատանիստերու:
Այս նիստերուն մասնակցելով Հ.Օ.Մ.-ի նպատակն է այլ կազմակերպութիւններու հետ համագործակցիլ եւ յայտնել մեր տեսակէտը, ինչպէս նաեւ կլոր սեղաններու ու զրոյցներու ընդմէջէն արծարծել կնոջական եւ ընդհանրապէս մարդկային իրաւունքներու հետ կապուած հարցեր: Այս նիստերը նաեւ Հ.Օ.Մ.ին առիթ կ՛ընծայեն մօտէն գործակցելու այլ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու հետ` ի խնդիր կիներու իրավիճակի բարելաւման:
Այս տարուան յանձնաժողովի նիստերուն Հ.Օ.Մ.-ը գործակցեցաւ զանազան կազմակերպութիւններու հետ որոնց կարգին Zonta International, NGO/CSW NY, Global Women of Women Peacebuilders, Հրեայ Կանանց Միջազգային Խորհուրդ, եւ Al Hakim հիմնարկը: Կլոր սեղաններու նիւթերը եղան` “Կիներու եւ Աղջիկներու Թրաֆիքինկ“, “Վերջ Տալ Աղջիկներու Դէմ Գործադրուող Բռնութիւններու Ծիրին“, “Համաշխարհային Մօտեցումներ Կիներու Դէմ Բռնութիւններու Նկատմամբ“, եւ “Գործադրում Հոգեկան եւ Կրօնական Արժէքներու` Պայքարելու Համար Կանանց Դէմ Գործադրուող Բռնութիւններու Դէմ“:
Հ.Օ.Մ.-ի կողմէ հիւր դասախօսները եղան` ֆիլմի արտադրիչ եւ դերասանուհի` Նորա Արմանի եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ արեւելեան թեմի Աթոռակալ` Անուշաւան եպիսկոպոս Դանիէլեան:
Հետաքրքրական տեսանկիւնէ ներկայացնելով թրաֆիքինկի հարցը: Արմանի խօսեցաւ հանրութեան մէջ այսպիսի լուրջ հարցեր տարածելու նպատակով շարժապատկերի կարեւորութեան մասին: Ան նշեց թէ որեւէ մէկ քայլ առնելէ առաջ պէտք է դաստիարակենք հանրութիւնը եւ այդ մէկը ընելու լաւագոյն ձեւը իրական կեանքէ պատկերներ ներկայացնելն է:
Հիմնական էր նաեւ Սրբազան Հայր Անուշաւան Դանիէլեանի ներկայութիւնը: Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ “Գործադրում Հոգեկան եւ Կրօնական Արժէքներու` Պայքարելու Համար Կանանց Դէմ Գործադրուող Բռնութիւններու Դէմ“ նիստին: Ան ներկայացուց այս հարցին նկատմամբ կրօնական եւ բարոյական դաստիարակչական մօտեցումը, ինչպէս նաեւ անոնց հիմնական դերը պայքարելու համար բռնութիւններու դէմ:

կը ներկայացնէ “թրաֆիքինկի“ հարցը ֆիլմաշխարհի տեսանկիւնէն
Այլ կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ, Հ.Օ.Մ.ը կազմակերպած էր կլոր սեղան մը Մ.Ա.Կ. ի մէջ Հայաստանի եւ Էսթոնիոյ մնայուն ներկայացուցչութեանց հետ: Օրուան հիմնական նիւթը եղաւ “Բանաձեւ 1325“ որը կ՛անդրադառնայ զինեալ բախումներու ազդեցութեանը կիներու վրայ, եւ կիներու հաւասար մասնակցութեանը խաղաղութեան բանակցութիւններու ու յետ բախումներու վերակառուցման աշխատանքներուն շուրջ:
Առաւելաբար, Հ.Օ.Մ.ի ներկայացուցիչ ընկերուհիները հանդիպում մը ունեցան Մ.Ա.Կ. ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան` Պարոն դեսպան Կարէն Նազարեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան հարցեր հայրենիքի եւ սփիւռքի հետ կապուած: Իր կարգին, Պարոն դեսպանը բարձր գնահատեց Հ.Օ.Մ.ի աշխատանքները համահայկական ծրագիրներու եւ Մ.Ա.Կ. ի հետ առնչուած:
Այս նիստերուն իբրեւ արդիւնք, անդամ երկիրները համաձայնեցան լուծումներու պայքարելու համար կանանց բռնութիւններուն դէմ: Այս հաւաքին մասնակցելով, Հ.Օ.Մ.ը անգամ մը եւս յաջողութեամբ կրցաւ գործակցիլ նոյնանման նպատակներ ունեցող այլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ: Նոյն ժամանակ, նիստերը առիթ կ՛ընծայեն ներկայացնելու համար նաեւ մեր համահայկական ծրագիրները եւ ըստ կարելիութեան, ապահովել նիւթական նպաստներ եւ համագործակցութեան առիթներ ապագային այլ ծրագիրներ եւս իրականցնելու հեռանկարով, մանաւանդ Յետ 2015-ի Մ.Ա.Կ. ի աշխատանքներուն հետ կապուած:
“Հ.Օ.Մ.-ը պատիւ կը զգայ մասնակցելու այսպիսի կարեւոր եւ յաջող յանձնաժողովի նիստերուն“, ըսաւ Փոլին Կեցոյեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ: “Վարչութիւնը յոյժ կը գնահատէ Մ.Ա.Կ.-ի մէջ Հ.Օ.Մ.-ի ներկայութիւնը ապահովող իւրաքանչիւր ընկերուհիի` տեղւոյն վրայ մեր համադրողանձնակազմի անդամը, Մ.Ա.Կ. -ի յանձնախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ Մ.Ա.Կ.-էն ներս անձագիր կրողները: Բոլորին գիտակից գործունէութեամբ է, որ կարելի կ՛ըլլայ կազմակերպել աշխատանիստեր եւ ստեղծել համագործակցութեան ա-իթներ մասնաւորապէս մասնակցելով կիներու եւ աղջիկներու դէմ գործադրուող բոլոր տեսակի բռնութիւններու վերացման ու խափանման պայքարին Հ.Օ.Մ.-ի դերը Մ.Ա.Կ.-էն ներս կը շարունակէ ընդլայնել եւ ան պիտի դառնայ ալ աւելի կարեւոր մանաւանդ կանանց հարցերու հարցերու հետ առնչուած մեր միջազգային աշխատանքներուն ընդմէջէն“, եզրափակեց Կեցոյեան: