ԹՂԹԱԿԻՑ
Մայիս 28, 2009, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Ամենօրեայ Մայր Վարժարանի ամավերջի հանդէսն էր: Հայ Կեդրոնի սրահ եկած էին դպրոցի աշակերտներու ծնողները, հարազատներն ու բարեկամները՝ վայելելու համար մանուկներուն ներկայացուցած յայտագիրը:

Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Տ. Օշական Ս. Արք. Չօլոյեանի հովանաւորութեամբ կայացած հանդէսին, Սրբազան Հայրը կը ներկայացնէր Վաղինակ Վրդ. Մելոյեան: Ներկայ էին՝ Հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան եւ Տ. Մուշեղ Ա. Քհնյ. Տէր Գալուստեան, ինչպէս նաեւ՝ շրջանին մէջ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Հանդէսը սկսաւ Հայաստանի եւ Ա.Մ.Ն.ի քայլերգներով, որոնց յաջորդեց վարժարանի Մանկամսուրի եւ Մանկապարտէզի աշակերտներու կարճ ելոյթը: Անոնք մանկական ոգեւորութեամբ ներկայացուցին տարուան ընթացքին սորված երգերէն եւ արտասանութիւններէն փունջ մը՝ »Մենք մանուկներ հայոց ազգի«, »Այ Լորիկ«, »Մայրիկիս«, »Հայրիկիս« եւայլն:
Տնօրէնուհի՝ Քրիսթին Րէյկըլհոֆ հակիրճ խօսքով անդրադարձաւ անցնող տարեշրջանի աշխատանքներուն, աշակերտներու արձանագրած յաջողութիւններուն ու պարզեց վարժարանի յառաջիկայ տարուան ծրագիրը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի գոյատեւման սատար հանդիսացող բոլո°ր կազմակերպութիւններուն, բարերարներուն եւ անհատ նուիրատուներուն, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական մասնակցութեամբ կանգուն կը պահեն այս դպրոցը:
Ապա, ան բեմ հրաւիրեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Մարտօ Անաստասեանը, որ ոգեշունչ խօսքով ընդգծեց հայ ինքնութեան պահպանման համար ՀԱՅ վարժարանի կարեւորութիւնը, մանաւա°նդ Հայրենիքէն հեռու այս ափերուն:

Ապա, վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները յաջողութեամբ ներկայացուցին հայերէն եւ անգլերէն երգեր ու արտասանութիւններ: Յատկանշական էր մանաւանդ Sound of Music ժապաւէնէն »My Favorite Things«ը:
Հանդէսի վերջին բաժինով բեմ բարձրացան Մանկապարտէզի 7 շրջանաւարտները՝ Ալեքս Մկրեան, Միքայէլ Մկրեան, Նիքոլաս Մկրեան, Հայկ Շահվերտեան, Նարինէ Սամուէլեան, Էմմի Վիսիլինով, եւ Սալբի Քէչէլեան եւ ներկայացուցին կոկիկ յայտագիր մը՝ խանդավառութեամբ վարակելով ներկաները: Ապա, տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում: Մանկապարտէզի վկայական ստացան նշեալ 7 աշակերտները, որոնք յառաջիկայ տարի պիտի բարձրանան առաջին դասարան:
Վկայականաց բաշխման հանդիսութեան համար, բեմ բարձրացան տնօրէնուհին, ուսուցչուհի՝ Մարի Եարալեանը եւ ներկայ հոգեւոր հայրերը: Վկայականները աշակերտներուն յանձնեց Վաղինակ Վրդ. Մելոյեան, որ նաեւ թէ° աշակերտներուն եւ թէ ծնողներուն ուղղած բովանդակալից խօսքով վեր առաւ հայ դպրոցի կենարար դերը մեր կեանքին մէջ:
Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ կողմէ մանուկներուն խորհրդանշական նուէրներ յանձնեց հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, իսկ ՀՕՄի »Մայր« Մասնաճիւղին նուէրները փոխանցեց Արմինէ Մինասեան:
Հանդէսին իրենց շնորհակալ մասնակցութիւնը բերին Տիկ. Յասմիկ Մէյխանաճեան (Դաշնամուր) եւ Տիկ. ԱնիՆերսէսեան (բեմայարդարում):
Հանդէսը փակուեցաւ Տ. Մուշեղ Ա. քհնյ. Տէր Գալուստեանի »Պահպանիչ«ով: