Լուսանկարները` Զենոպի Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Ամենօրեայ Վարժարանի աշակերտները` պայծառ աչուկներով մանուկներ, ինքնավստահ ու անսխալ ու մանաւանդ աննկարագրելի խանդավառութեամբ ընթերցեցին, արտասանեցին ու երգեցին, ՀԱՅԵՐԷՆ, եւ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅԵՐԷՆ, Ուրբաթ` Մարտ 9, 2012ին: Ընթերցեցին Վարդանանցի պատմութիւնը ՀԱՅԵՐԷՆ, արտասանեցին հայրենաշունչ բանաստեղծութիւններ ՀԱՅԵՐԷՆ, պարեցին ՀԱՅԿԱԿԱՆ երաժշտութեամբ հայկական պարեր, երգեցին ազգային երգեր` ``Քաջն Վարդան``, ``Իմ Հայրենեաց Հոգի Վարդան``, եւ ``Արեւ Ելաւ Զէյթունցիներ``, վարակելով մեզ ալ իրենց խանդավառութեամբ եւ յուզելով մեզ Մեծասքանչի մաքուր ու հարազատ հնչեղութեամբ: Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Ամենօրեայ Վարժարանի աշակերտները` ներկաները տպաւորելու համար օտար լեզուներով արտասանելու եւ կամ երգելու կարիք չունէին: Կատարելապէս արդարացուցին Հայկական դպրոցի կոչումն ու առաքելութիւնը: Որքան պատշաճ է հարիւր տարի առաջ ըսուած, անկրկնելի բանաստեղծ` Դանիէլ Վարուժանի խօսքը ` ``Հայ աշակերտներ ընդունող որեւէ վարժարան` պարտական է Հայութեան ապագան փրկելու աշխատիլ: Մենք պարտաւոր ենք փրկել Հայ աշակերտին մէջ վտանգուած Հայութիւնը``: Ծնողներէն` Արամ Հէքինեանի պատրաստութեամբ, տեսաերիզով եւ անգլերէն բացատրութեամբ ներկայացուեցաւ Վարդանանց պատմութիւնը, որուն յաջորդեց երեխաներու թատերական ներկայացումը Վարդանանցի մասին: Այդ փոքր տարիքին, յաջողութեամբ դրսեւորեցին` Յազկերտ արքայ, Քաջն Վարդան, Ղեւոնդ Երեց, սուրհանդակ… եւայլն: Այնպիսի սքանչելի լրջութեամբ մարմնաւորեցին տիպարները, որ միայն հիանալ կարելի է: Յայտագիրը պատրաստած էին ուսուցչուհիներ` Գայիանէ Գաբրիէլեան, Շուշան Սաւզըեան եւ Զմրուխտ Մարգարեան: Վերջինս հատուածներ համառօտած էր Հ. Մարգարեանի ``Վարդանանք`` Թատերախաղէն: Ձեռնարկի վերջաւորութեան, աշակերտները երգեցին Վարժարանի քայլերգը: Ապա Ս. Լուս. Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ` Տէր Մեսրոպ Քահանայ Լագիսեան, իր շնորհաւորական եւ քաջալերական խօսքը ուղղեց աշակերտներուն ու ծնողներուն եւ շնորհաւորեց ուսուցչական կազմը: Վարդանանքի Յիշատակի օրը փակուեցաւ Տէր Մեսրոպ Քահանայ Լագիսեանի առաջնորդութեամբ, աշակերտներու եւ ներկաներու յոտնկայս` ``Հայր Մեր``ով եւ ``Մեր Հայրենիք``ով: Հոգեպարար ու յուզիչ օր մը իսկապէս: Ներկայ մը