ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 8 Second

 “ՀԱՅՐԵՆԻՔ“

Խմբագրական

Նոյեմբեր 26, 2012

Ցաւալի երեւո՞յթ, արհամարհա՞նք…եւ այսպէս  յառաջիկայ Փետրուար ամսուան կատարուելիք նախագահական ընտրութիւններու սեմին… արձանագրուեցաւ նախընտրական աննախընթաց բացակայութիւն:

Արդարեւ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, մեծամասնութիւն վայելող Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը, ընդդիմութեան հրաւիրած Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին չներկայացաւ, եւ խորհրդարանականներու անհրաժեշտ թիւի բացակայութեան արդիւնք, պարզապէս նիստը չկայացաւ:

Բոլորովին անընդունելի եւ յետադիմական գաղափար է…այն պատճառաբանութիւնը, թէ նախագահական ընտրութիւններէն քանի մը ամիս առաջ կարելի չէ վերատեսութեան կամ փոփոխութեան ենթարկել որեւէ օրէնք:

Մեծամասնութեան ներկայանալը պարտաւորութիւն եւ պարտականութիւն էր եւ երբ նմանօրինակ կացութիւններու դիմաց, այսպիսի դիրքորոշումներ կը կիրարկուին, առ որ անկէ կը յստականայ թէ քանի մը ամիսէն կատարուելիք ընտրութեան դժուար թէ ազատութիւնն ու արդարութիւնը յաղթական դուրս գան:

Դժուա՛ր թէ ստեղծուի  ժողովուրդի ազատ կամարտայայտութեամբ իշխանութեան ձեւաւորումն ու փոփոխութիւնը երաշխաւորող ընտրական համակարգը, որուն համար որքա՜ն մելան հոսած է եւ դեռ ալ կը հոսի:

Դժուա՛ր թէ կարելի ըլլայ արդար միջոցներով պայքար մղել, ամէնայն ողջմտութեամբ իշխանութիւնները վերահսկելու եւ հակակշռելու նպատակով:

Դժուա՛ր թէ կառավարման խորհրդարանական համակարգին անցնելու նպատակով, կարելի ըլլայ նախաձեռնել սահմանադրական փոփոխութիւններ:

Եւ անշուշտ, այս գոյավիճակին լոյսին տակ, դժուա՛ր է տարանջատել գործարարութիւնն ու քաղաքականութիւնը եւ ապահովել դատական իշխանութեան լիարժէք անկախութիւնը: 

Այս գծով, Հ.Յ. Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինը, յայտարարութիւնով մը, արդէն իսկ պատրաստած ու լոյս ընծայած էր մանրամասն թղթածրար մը, որուն բովանդակութեան մասին հաւանաբար տեղեակ չեն կամ ալ չեն ուզեր տեղեակ ըլլալ այդ բացակայ ժողովականները:

Լրջութեան պակաս, անպատասխանատու կեցուածք, պարտաւորութեան խախտում եւ դեռ աւելին:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles