ԳլխաւորԼրահոս

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի 121-րդ Շրջանային Ժողովը իր խիստ վրդովմունքը կ’արտայայտէ այն մասին, որ Հ.Հ. Ազգային Ժողովի մեծամասնութեան որոշ ներկայացուցիչներ, Խորհրդարանի փոխ-նախագահի գլխաւորութեամբ, իրենց լիազօրութիւնները գերազանցելով, արտախորհրդարանական հարթակներու վրայ Հ.Հ. օրհներգը փոխելու հարցը դարձուցած են քննարկումի առարկայ։

Դատապարտելով ազգային-պետական արժէքներ կամ խորհրդանիշներ վարկաբեկելու, արժեզրկելու որեւէ փորձ՝յստակօրէն կ’արձանագրենք, որ պետական խորհրդանիշներու փոփոխութեան այս քննարկումը որեւէ իրաւական հիմք չունի: Մեր պետականութեան կերտման համար զոհուածներու արեամբ նուիրականացած խորհրդանիշները այլընտրանք չունին։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button