
Ստորեւ, կը հրապարակենք հետաքրքրական հարցազրոյց մը, “Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդ“ի գործադիր տնօրէն Վերպ. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի հետ; Զրոյցը վարեց, Միշիկընի “Հայրենիք“ի գործունեայ թղթակից Անդրանիկ Գարատօլեան.-
Վերպ.Դոկտ. Վահան Թութիկեանի հետ, իմ առաջին հանդիպումս եղաւ Ապրիլ 24, 1985ին: Ս. Սարգիս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, Մեծ Եղեռնի նահատակներուն յիշատակին մատուցուած Սուրբ պատարագի ընթացքին, ան` երկլեզուով տուաւ կրօն–ազգային հոգետոչոր պատգամ մը:
Թաւալող տարիներուն ընթացքին, ներկայ գտնուած եմ իր տուած դասախօսութիւններուն, մամուլի էջերէն կարդացած եմ դաստիարակչական, կրօն–ազգային աժմէական հարցերու մասին գրած շահեկան յօդուածները, որոնք միտքս ու հոգիս կլանած են, համակրանք եւ յարգանք պարտադրած են իր նկատմամբ: Վերպ. Դոկտ. Վահան Թութիկեան գիտակից իր հոգեւոր կոչումին առընթեր օժտուած է մտաւորական տաղանդով, վարչական, տնտեսական, կազմակերպչական, եւ ընկերային յատկութիւններով, անշահախնդիր ու անխոնջ նուիրումով, 30 տարիներ համբերութեամբ եւ հմտութեամբ փայլք տուած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ծաղկումին, եւ համայնքի զաւակներուն ջամբելով հոգեմտաւոր եւ ազգային դաստիարակութիւն:
Կանխաւ առնուած ժամադրութեամբ մը, Չորեքշաբթի, Յունիս 13, 2012ին, երեկոյեան իր բնակարանին մէջ հարցազրոյց մը ունեցայ իր հետ, իմ համեստ կարողութեամբս զայն կը բաժնեմ “Հայրենիք“ շաբաթաթերթի ընթերցողներուն:
Ա. Գ.
Հ.- Կարելի՞ է համատօտ գիծերու մէջ ներկայացնէք ձեր ծննդավայրը եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ:
Պ.- Ծնած եմ Սուրիոյ հիւսիս արեւմտեան շրջանը գտնուող Քէսապ հայ գիւղաւանի Էքիզ-Օլուք, 35-ը, Հայ Աւետարանական ընտանիքներէ կազմուած գիւղին մէջ: Յակոբ եւ Գեղանուշ Թութիկեաններու յարկին տակ:
Նախակրթարանի ուսումս ստացայ տեղւոյն Հայ Աւետարանական նախակրթարանի մէջ: Ապա փոխադրուեցայ Լիբանան, Պէյրութ: Երկրորդական ուսումս ստացայ Հայ Աւետարանական Կեդրոնական երկրորդական վարժարանին մէջ:
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի դասընթացքներուն առընթեր, հետեւեցայ Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանի (Near East School of Theology) դասընթացքներուն: 1959-ին, Ամերիկեան համալսարանէն ստացայ Պսակաւոր արուեստի ( Bachelor of Arts) տիտղոսը: Իսկ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանէն ստացայ ) պսակաւոր Աստուածաբանական վկայականները (Bachelor of Theology) պատւոյ յիշատակութեամբ:
Հ.- Ին՞չ էր պատճառը որ ընտրած էք հոգեւոր ծառայութիւնը:
Պ.- Շատ կանուխէն ծնողքս եւ միջավայրը ուր հասակ առի Էքիզ-Օլուք գիւղը, արդէն իսկ պէտք եղած ատաղձը տուած էին հոգեւոր գիտակցութեան: Ծնողքս, մեծ մայրս հաւատացեալ ու գիտակից Հայ քրիստոնեայ էին: Ժամանակի ընթացքին, արդէն իմ մէջս այդ կոչումը արթնցաւ:12 տարեկան հասակիս իրական նուիրումը ունեցայ, յատկապէս երբ Վերպ. Աւետիս Հասէսեան Պէյրութէն եկաւ եւ 12 աշակերտներ զատելով մեզ Պէտրուսիա ծովեզերքը տարաւ, ուր 8- օր բանակում ունեցանք:
Այդ շրջանին ես հոգեւոր փորձառութիւնը ունեցայ, եւ արդէն մտքով ու հոգիով պատրաստ էի հոգեւոր ծառայութեան ասպարէզին: Երբ Պէյրութի Ամերիկեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանները աւարտեցի, ընտրեցի հոգեւոր ասպարէզը:
Հ.- Որպէս հոգեւոր հովիւ ո՞ւր ծառայած էք:
Պ.- 1959-60ին, երբ Եգիպտոս եւ Սուրիա միապետութիւն հռչակեցին, մէկ տարուայ համար գործուղղուեցայ Դամասկոս, ուր ստանձնեցի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովութիւնը, որուն առընթեր վարեցի նաեւ տեղւոյն նախակրթարանի տնօրէնութիւնը: 1961-ին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հովանաւորութեամբ ձեռնադրուեցայ, եւ այդպէսով սկսաւ իմ հոգեւորականի ծառայութիւնս:
1960-65ին, որպէս հոգեւոր հովիւ գործուղղուեցայ Եգիպտոս, Գահիրէ, ուր ստանձնեցի Գահիրէի Հայ Աւետարանական Ժողովական Եկեղեցւոյ հովիւի պաշտօնը, զոր Աստուծոյ կամքով կրցայ իմ հոգեւոր խնամքիս յանձնուած հօտը խաղաղութեամբ առաջնորդել:
1965-ին, որպէս ուսանող եկայ Միացեալ Նահանգներ, եւ կայք հաստատեցի Մասաչուսէց նահանգի Ուաթըրթաուն քաղաքը, ուր ստանձնեցի Հայ Նահատակաց Եկեղեցւոյ հովիւի պաշտօնը: Հոգեւոր ծառայութեանս առընթեր հետեւեցայ ( Hartford Theology Seminary) Հարթֆըրտի Աստուածաբանական համալսարանի դասընթացքներուն: 1970ին, (Harvard Divinity School and Andover Newton Theological Seminary) Աստուածաբանական ճեմարանէն վկայուեցայ Աստուածաբանութեան մագիստրոսի վկայականով: Իսկ1973-ին, նոյն համալսարանին մէջ, պաշտպանեցի Ատուածաբանական Դոկտորականի աւատաճառս եւ արժանացայ Վարդապետ Աստուածաբանութեան Տիտղոսին: Արժանացած եմ Edwin Mitchell Knox Scholarship կրթաթոշակի, բացառիկ ակադեմական կոչումին:
Հ.- Երբ Տիթրոյթ հաստատուեցաք եւ ստանձնեցիք տեղւոյն Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւի պաշտօնը, քանի՞ տարի որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայեցիք, եւ քանի՞ անդամ ունի:
Պ.- Յուլիս, 1975-ին, ստանձնեցի Մեծն Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովութիւնը: Ինձմէ առաջ Եկեղեցւոյ հովութիւնը ստանձնած են հետեւեալ հոգեւորականները.-Վերպ. Եդուարդ Թովմասեան 1947-59, Վերպ. Բիւզանդ Ռուպեան 9-ը տարի: Ապա իր հրաժարումէն ետք, շուրջ մէկ տարի հովութիւնը ստանձնած է Վերպ. Դոկտ. Սօլօ Նիկոսեան, որմէ ետք պատուելի Ժիրայր Սողոմեան: Այստեղ կ՛ուզեմ աւեցնել հետեւեալը.-Վերպ. Եդուարդ Թովմասեանի նախաձեռնութեամբ եւ հետեւողական աշխատանքով “Ուէյն Սթէյթ“ համալսարանի մէջ հիմը դրուեցաւ Հայկական Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին, որուն դասախօսութիւնը ինք ստանձնեց մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը, եւ ապա, Վերպ. Բիւզանդ Ռուպեան զայն շարունակեց մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը:
Երբ ստանձնեցի Եկեղեցւոյ հովութիւնը, Աստուծոյ օգնութեամբ եւ համբերութեամբ կրցայ համայնքի չորս հարիւր հաշուող զաւակները համախմբել Եկեղեցւոյ հովանիին տակ, ջամբել անոնց հոգեմտաւոր դաստիարակութիւն, ազգային ինքնագիտակցութիւն եւ Հայ ընտանիքի դարաւոր աւանդութիւններու եւ արժէքներու անաղարտ պահպանումը:
Հոգեւոր ծառայութեանս օրով էր որ իրագործուեցաւ եկեղեցւոյ յարակից Քրիստոնէական Դաստիարակութեան շէնքին կառուցումը, շնորհիւ համայնքիս բարերար տէր եւ տիկ. Մարտիրոս Գէտեաններու: 1975-2005ին, երեսուն տարիներ, որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայեցի Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ:
Հ.-Արդեօք կրնա՞ք ամփոփ կերպով ներկայացնել Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական Համայնքին կազմաւորման եւ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան հանգրուանները:
Պ.- 1913ին, արդէն իսկ Հայ Աւետարանական համայնքի զաւակներ հաստատուած են Տիթրոյթ եւ յարակից շրջաններու մէջ, հաւանաբար աշխատելու “Ֆօրտ“ ինքնաշարժի եւ այլ մարզերու գործատեղիներուն մէջ: Առաջին քանի մը տարիներուն անպաշտօն ժողովներ ունեցած են տուներու մէջ եւ զԱստուած պաշտած: 1917ին, կազմաւորուած է եկեղեցին, եւ ապա տարակարծութեանց պատճառով կարճ ժամանակ մը եկեղեցին բաժնուած է երկու մասի, սակայն տարակարծութիւնները շուտով փարատած են ու Եկեղեցին կրկին վերամիացած է: 1922ին, արդէն իսկ եկեղեցաշէնք մը գնած են Քալիկթըն փողոցին վրայ: Իսկ անկէ ետք զայն ծախած են ու նոր եկեղեցաշէնք մը գնած են Տիթրոյթի հայաբնակ թաղի մը մէջ: Սակայն, երբ շրջանին մէջ այլազգի խուլիկաններ սկսած են բազմանալ ու զանազան ձեւով նեղութիւն տալ, զայն ծախած են ու Սաութֆիլտ քաղաքին մէջ գնած են ներկայ Եկեղեցւոյ հողաշերտը:
Լաւ կը յիշեմ երբ այս հողաշերտը գնեցին, հողաշերտին մէջ պզտիկ մացառոտ պուրակ մը կար ուր վայրի կենդանիներ կը վխտային: Տարեց սերունդը կը գանգատէր ըսելով.- Ինչո՞ւ համար մեզ այս մացառոտ վայրը բերիք: Սակայն այդ օրուայ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը որ կը բաղկանար միջին տարիքի երիտասարդներէ, անոնք հեռատես էին եւ գիտէին թէ շրջանը շուտով պիտի զարգանայ եւ կեդրոնի պիտի վերածուի: Եւ իսկապէս ալ այդպէս եղաւ:
1968ին Վերպ. Բիւզանդ Ռուպեանի օրով կառուցուած է ներկայ Եկեղեցին:
Նորակառոյց Եկեղեցւոյ մէջ, պատուելի Վերպ. Ռուպեանի օրով առաջին պսակադրութիւնը ես կատարեցի, եւ առաջին պսակուողը եղաւ եղբայրս:
Հ.- Ձեր հոգեւոր ծառայութեան առընթեր ին՞չ պաշտօններ ստանձնած էք, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ծառայութեան բնագաւառներէն ներս:
Պ.- Ինչպէս վերեւ յիշեցի, երբ աւարտեցի համալսարանական ուսումս, 1959-60ին, Դամասկոսի մէջ հոգեւոր ծառայութեանս առընթեր ստանձնեցի տեղւոյն նախակրթարանի տնօրէնութիւնը:
1960ին գործուղղուեցայ Եգիպտոս, Գահիրէ ու ստանձնեցի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովութիւնը մինչեւ 1965: Այդ թուականին, որպէս ուսանող եկայ Միացեալ Նահանգներ ու հաստատուեցայ Մասաչուսէց Նահանգի Ուաթըրթաուն քաղաքը ու նշանակուեցայ Հայ Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: Նոյն տարին նաեւ ընտրուեցայ ատենապետ` Ուաթըրթաուն քաղաքի Միջ-Եկեղեցական Միութեան:
Այդ օրերուն Միացեալ Նահագներու Հայ Աւետարանական Եկեղեցիները կը բաժնուէին Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու, որպէս Արեւմտեան շրջան նկատի առնուած էր Քալիֆորնիան: Արեւելեան շրջանի մէջ կը գործէին 21 Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներ: Երիտասարդ էի եւ փորձառութիւնը չունէի վարելու ատենապետի պաշտօնը, Ատուծոյ օգնութեամբ կրցայ ինձ վստահուած պաշտօնը ձեռնահաս օրէն կատարել: Արեւելեան շրջանի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները ամիսը անգամ մը կը հաւաքուէինք, իսկ տարին միասնաբար քանի մը գործունէութիւն կը կատարէինք:
1971-ին, Տիթրոյթի մէջ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու մէջ գործող Հայ Աւետարանական Եկեղեցիները իրարու միացան եւ կազմուեցաւ “Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն“, որուն ատենապետութիւնը հերթաբար չորս անգամ անձիս վստահուեցաւ 1974-76, 1986-88,1988-2000, եւ 2000-2002ին:
1978ին, աշխարհի տարածքին գործող Հայ Աւետարանական Եկեղեցիները միութեան անունը որդեգրեցին “Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդ“: Որուն մէջ կը ներփակուին հինգ միութիւններ, եւ երկու կազմակերպութիւններ որոնք հետեւեալներն են.-Հիւսիւսային Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Մերձաւոր Արեւելքի, Հայաստանի եւ Եւրոպա-Ասիայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւններ: Եւրոպա-Ասիա ըսելով կը հասկնանք այն երկիրները, որոնք 1991-ին Խորհրդային Վարչակարգի փլուզումէն ետք անկախութիւն ստացան, Վրաստան, Աբխազիա եւ քանի մը այլ երկիրներ թէեւ թիւով մեծ չեն, սակայն միութիւն մը կազմեցին: Առաւել, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Եկեղեցիներու Ընկերակցութիւնը եւ Փիլիպոսեան Հիմնարկը:
Ստեփան Փիլիպոսեան մեծահարուստ հայ մը, տարիներ առաջ քանի մը միլիոն տոլար կտակ դրաւ ու հիմնարկ մը հաստատեց, օգնելու համար Միացեալ Նահանգներէն դուրս գտնուող Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու, Մերձաւոր Արեւելքի, Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Եւրոպա-Ասիայի: Մինչեւ օրս նիւթապէս կ՛օժանդակէ այդ Եկեղեցիներուն կարիքներուն: Որուն նախագահութիւնը վարեցի հերթաբար 1987-90, 2000-2002: Իսկ 2003-էն ի վեր “Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդ“ի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը կը վարեմ:
Հ.- Որպէս հոգեւոր հովիւ, ին՞չ մակարդակի վրայ եղած են ձեր յարաբերութիւնները գաղութիս մէջ գործող Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ, Ս. Սարգիս Հայց. Առաքելական եւ Ս. Վարդան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու եւ համայնքին հետ:
Պ.- Փառք կու տամ Աստուծոյ, ասկից առաջ տարբեր գաղութի մէջ որ ծառայած եմ, ( Էքիւմենական ) փոխադարձ հասկացողութեամբ, համերաշխ գործակցութիւն ունեցած եմ Հայ յարանուանութեանց եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն եւ համայնքին հետ:
1975ին երբ ստանձնեցի Մեծն Տիթրոյթի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովութիւնը, նոյն ոգիով ուզեցի գործակցիլ գաղութին մէջ գործող բոլոր Հայ Եկեղեցիներու հետ: Ցաւ ի սրտի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին հետ մեր գործակցութիւնը եղաւ սահմանափակ: Հակառակ որ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, եւ տեղւոյն Հ.Բ.Ը.Մ.ի նախաձեռնութեամբ քանի մը անգամ դասախօսեցի եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ:
Իսկ Ս. Սարգիս Հայց. Առաքելական, եւ Ս. Վարդան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերու Արժպ. Դոկտ. Տ. Կորիւն Աւգ. Քհնյ. Շրիգեանի, եւ Գրպծ. Հայր Յովսէփ Գալաճեանի հետ մեր գործակցութիւնը եղաւ սիրալիր, համերաշխ եւ փոխադարձ հասկացողութեամբ: 1990-ին հետեւողական աշխատանքէ ետք, չորս եկեղեցիները յաջողեցանք միասնաբար կազմակերպել Սուրբ Գրքի սերտողութիւնը, հերթական շարքով իւրաքանչիւր ամիս եկեղեցիի մը մէջ տեղի կ՛ունենար Սուրբ Գրքի սերտողութիւնը: Սակայն, դժբախտաբար միայն երկու տարուայ կեանք ունեցաւ:
Հ.- Հանգստեան կոչուելէ ետք, ին՞չպէս կ‘անցնէք ձեր ժամերը, եւ ի՞նչ աշխատանք կը կատարէք Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ բնագաւառին մէջ:
Պ.- Ինձ համար հանգստեան կոչուիլ չկայ: Ներկայիս շատ աւելի կ՛աշխատիմ քան նախապէս: Հանգստեան կոչուելէ ետք, շարունակեցի Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր տնօրէնի աշխատանքը: Եւ այդ պատճառով աւելի առիթը ունեցայ ճամբորդութիւններ կատարել, Հայաստան, Եւրոպա, Միջին Արեւելք եւ հեռաւոր Աւստրալիա: Ասիկա բաւական գործօն պահեց զիս եւ տակաւին կը պահէ: Բաւական լայնատարած գործ մըն է, 150 եկեղեցիներու պատասխանատուութիւն, ամէն օր թղթակցութիւն, ելեկտրոնային նամակագրութիւն եւ հեռաձայններ, որոնք զիս բաւական զբաղ կը պահեն: Այս ծառայութիւնը տարիներէ ի վեր առանց նիւթական ակնկալութեան, նուիրումով ու պարտաճանաչ գիտակցութեամբ կը կատարեմ, ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծաղկումին “Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Եկեղեցիներու Խորհուրդ“ի:
Հ.- Որպէս հոգեւորական եւ մտաւորական, քանի՞ գիրքեր կրցած էք հեղինակել եւ ի լոյս ընծայել. արդե՞օք որոշած էք Հոգեւոր գրականութեան ասպարէզէն անկախ, ազգային հարցերը յուզող նիւթերու մասին գրել:
Պ.- Մինչեւ օրս հեղինակած եւ ի լոյս ընծայած եմ 34 գիրքեր: Ներկայիս 35-րդ գրքին վրայ կ՛աշխատիմ: Անգլերէն բաժինը աւարտելու համար քանի մը յօդուածներ մնացած է : Իսկ Հայերէն բաժինին վրայ կ՛աշխատիմ, կը յուսամ շուտով զայն եւս իր աւարտին հասցնել, եթէ ոչ գէթ, յառաջիկայ տարուայ սկիզբը ի լոյս ընծայել:
Ազգային յուզող հարցերը, յօդուածներով միշտ ներմուծած եմ հեղինակած գրքերուս մէջ: Այս նոր գրքին մէջ եւս մեզ հետաքրքրող, եւ յուզող հարցերու մասին կը պատրաստեմ յօդուածներ: Այսօր նոր աւարտեցի յօդուած մը Հայաստանի մասին, “Ին՞չ են մեր ակնկալութիւնները Մայր Հայրենիքէն“: Որուն մէջ կ՛անդրադառնամ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զեղծարարութիւններուն, որոնք տակաւին կը շարունակուին: Արտագաղթը. Հայ իգական սեռի բարոյական մակարդակը, մարդկայնական, որը անվայել է, ուր հարց կու տամ ըսելով.-“Արդեօք լուծում կա՞յ այս հարցերուն“: Գիտեմ թէ դժուար հարցեր են: Բայց առաւելաբար այս հարցերը առաջնորդութեան հետ կապ ունին: Մենք որպէս Հայ ժողովուրդ ասկէ շատ աւելի դժուար պայմաններու մէջէն անցած ենք: Բայց մեր ազգը իր բարոյական գիտակցութիւնը պահած է, շնորհիւ Հայ ընտանիքի տոհմիկ աւանդութիւններուն ու արժէքներուն, եւ Ս. Գրային հասկացողութեան եւ այլն:
Եթէ փոփոխութիւն մը պիտի ըլլայ, հոգեւոր եւ քաղաքական առաջնորդներէն պէտք է սկսի: Հայաստան ամենէն աւելի հոգեւոր լուսաւորութեան պէտք ունի:
Ասոնք լուրջ հարցեր են: Անշուշտ կան նաեւ ուրիշ ազգային հարցեր, որոնց մասին յաճախ կը գրեմ:
Անջատաբար առ հասարակ աշխատասիրութեամբ կը հետաքրքրուիմ: Տիթրոյթ հաստատուելէ ետք, հոգեւոր ծառայութեան առընթեր, 1976-2006 դասախօսեցի Lawrence Technological University համալսարանի մէջ, իսկ 1985- 89-ին University of Michigan համալսարաններու մէջ, իւրաքանչիւր կիսամեակին կը դասաւանդէի երկու կամ երեք դասեր, այդ դասերը առհասարակ եղած են կրօնքի մասին, կրօնքի պատմութեան մասին, տարբեր կրօնքներու մասին, Ս. Գիրքը որպէս գրականութիւն, եկեղեցական պատմութիւն եւ բարոյագիտութիւն: Մինչ այդ գիրքերս ալ հեղինակեցի որոնք լոյս տեսան: Սոյն դասանիւթերը ես ներմուծեցի համալսարաններու դասընթացքներուն մէջ, եւ հեղինակած գիրքերս մինչեւ օրս որպէս դասագիրք կը գործածուին վեց համալսարաններու մէջ:
Հ.- Որպէս Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ատենապետ եւ ղեկավար ի՞նչ կը մտածէք Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման հարիւրամեակին մասին, համազգային մակարդակով, եւ գաղութի ազգային կեանքէն ներս:
Պ.- Արդէն իսկ կը գտնուինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին: Մեր առջեւ ունինք դժուար ու երկար ճամբայ մը, մենք պարտաւոր ենք մեր առջեւ գտնուող այդ դժուար գործը գլուխ հանել, Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք գործակցաբար յառաջիկային պատրաստեն սերտուած ծրագիր, միջազգային օրէնքներու լոյսին տակ արժեւորելու եւ յստակ նպատակով, մասնագիտական քննարկումներու ճամբով, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որդեգրած Ցեղասպանութեան Ուխտագրի, Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբերու որոշումներով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցումը ներկայացնելու միջազգային ընտանիքին:
Բնականաբար, Հայաստանի հանրապետութիւնը կարեւոր դեր ունի կատարելիք այս ուղղութեամբ: Թէեւ անցեալին Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին գլխաւորութեամբ, եւ մասնակցութեամբ Ս. Էջմիածնի Գարեգին Բ.-ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ի, Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս-Պատրիարքի, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ, Կազմակերպութիւններու, Միութիւններու ներկայացուցիչներու, գիտնականներու եւ պատմաբաններու մասնակցութեամբ Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ժողով մը: Ժողովին ընթացքին որդեգրուեցաւ գործունէութեան յստակ ծրագիր մը: Դժբախտաբար մինչեւ օրս այդ մասին ոեւէ գործուղղեցոյց մը չէ ղրկուած Սփիւռքի գաղութներուն:
Անկեղծ ըլլալու համար` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Մայրավանքին մէջ 23-26 Փետրուար 2012-ին, կազմակերպեց միջազգային համագումար մը` “Հայկական Ցեղասպանութիւնը` Ճանաչումէն Հատուցում“ թեմայով:
Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ գլխաւորութեամբ: Համագումարին մասնակցեցան օրէնքի երեսուն օտար մասնագէտներ, միջազգային դատական ատեաններու դատաւորներ, պետական երեսփոխաններ, Ցեղասպանութեան ու 20-րդ դարու Օսմանեան կայսրութեան պատմութեան ծանօթ անձեր եւ Հայ Դատի մարմիններու ներկայացուցիչներ: Համագումարը իր տեսակէտով եզակի նախաձեռնութիւն մըն էր Հայ Դատի պահանջատիրութեան աշխատանքներու հեռանկարով:
Բնականաբար Սփիւռքի գաղութներու մէջ, նոյնպէս Տիթրոյթի ազգային կեանքէն ներս, Եղեռնի ոգեկոչման 100-ի, առիթով պէտք է կազմուի Միացեալ Յանձնախումբ մը: Որպէսզի ծրագրէն ու երիտասարդութիւնը մասնակից դարձնեն քարոզչական եւ քաղաքական գործին: Կազմակերպեն եւ հրաւիրեն օտար եւ հայ քաղաքական գործիչներ, պատմաբաններ, երկլեզուով կրօն-ազգային դասախօսութիւններ, դաստիարակելու եւ քաղաքականացնելու համալսարանաւարտ երիտասարդ տարրը, որոնք յառաջիկային պիտի ստանձնեն այս գաղութի ղեկավարութիւնը: