Մ.Ա.Կ.-ԷՆ ՆԵՐՍ ԳՈՐԾՈՂ ՀԱՅԵՐ ԿԸ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 21 Second

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2011-ին, Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Ներկայացուցչութեան յարկին տակ, Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր Ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեանը հիւրընկալեց “Հայեր Մ.Ա.Կ.-էն ներս“ համախմբումը: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր տարիներէ ի վեր Մ.Ա.Կ.-ի մէջ աշխատող Լուսինէ Դերձակեանի եւ Հ.Օ.Մ.-ի Մ.Ա.Կ.-ի Աշխատանքները համակարգող Հուրի Կէօտելէքեանի կողմէ, իրարու մօտ բերելու Մ.Ա.Կ.-ի զանազան կառոյցներէն ներս աշխատող կամ ծրագիրներ հետապնդող հայ անձնաւորութիւնները: Աւելի քան 70 հայեր կը գործեն Մ.Ա.Կ.-ի ծիրէն ներս որպէս պաշտօնեաներ կամ Տնտեսական եւ Ընկերային խորհուրդի ծիրէն ներս գործող կամաւորներ:

Մայիս 26-ի հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին աւելի քան 25 անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց յաջողութիւններուն ու աշխատանքային փորձի մասին եկած էին խօսելու իրենց ազգակիցներուն հետ: “Ամէն տարի այս Ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ պիտի համախմբուինք մեր յաջողութիւնները նշելու, Հայաստանի անկախութիւնը տօնելու, քով-քովի բերելու Մ.Ա.Կ.-էն ներս գործող հայերը եւ մեր ապագայ ծրագիրներու մասին խորհրդակցելու“,- յայտնեց Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր Ներկայացուցիչ` Կարէն Նազարեանը: Այս հաւաքի հիւրասիրութիւնը կազմակերպած էր դեսպանի տիկինը` Նանա Նազարեանը:

Ձեռնարկի ընթացքին Լուսինէ Դերձակեանը ըսաւ,- “Մ.Ա.Կ.-էն ներս գործող հայերու անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր հիւրընկալութեան եւ ջերմ ընդունելութեան համար: Մենք մեզ կը զգանք մեր տան մէջ“: Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին ներկայացուցիչ` Մովսէս Աբէլեանը, որ այժմ Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդի տնօրէնութեան մաս կը կազմէ, իր յիշողութիւնները պատմեց թէ ինչպէ՞ս կարելի եղած էր այդ շէնքը վերածել Հայաստանի Հանրապետութեան Ներկայացուցչութեան շէնքի: Հաւաքի եզրափակման, Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հ.Օ.Մ.-ի Աշխատանքներու Համակարգող Հուրի Կէօտելէքեանը ըսաւ.- “Հաճոյքը ունեցայ Մ.Ա.Կ.-էն ներս գործող հայերու այս համախմբումի նորագոյն անդամը դառնալու“:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles