Հարցազրոյցներ
ՄՕՏԱԿԱՅ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ… ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾ ”ԲԱԲԳԷՆ ՍԻՒՆԻ” ԱԿՈՒՄԲԻ .- ”ԱՅՍ ԿԵԴՐՈՆԸ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԳՈԻՐԳՈՒՐԱՆՔԻ” ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ”ԲԱԲԳԷՆ ՍԻՒՆԻ” ԱԿՈՒՄԲԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՎԱՉԻԿ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
”Բաբգէն Սիւնի” ակումբը` հիմնուած, ու տասնամեակներէ ի վեր կենսունակ պահուած տեղւոյն Հ.Յ.Դ. կոմիտէութեան կողմէ որպէս Պոսթընի մէջ գործող քոյր կազմակերպութիւններու ժողովասրահ, ժամադրավայր ու հանդիսասրահ: Այս կառոյցը, իր առաջին յարկի եւ ներքնայարկի ծաւալուն սրահներով ու յարակից յարմարութիւններով, տարիներ շարունակ, իր հայաշունչ յարկին տակ, ի մի է բերած եւ ազգանուէր գործի մղած մէկէ աւելի սերունդներ, շրջանի նմանօրինակ այլ կեդրոններու կարգին, իր անժխտելի ներդրումը ունենալով Ատլանտեանի ափին ծաղկող ամերիկահայ գաղութի երկարամեայ կազմաւորման մէջ, որպէս հայապահպանման մինչեւ օրս կանգուն ամրոցներէն մին:


