ԱմերիկահայԼրահոս

«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»-Ի ՀԱՄԵՐԳԸ «ՔԱՐՆԸԿԻ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 6 Մարտին, «Քառնըկի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Միւզիքըլ Արմինիա»-ի 37-րդ տարեշրջանի համերգը, կազմակերպութեամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանի երաժշտական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Տիկնանց Յանձնախումբին։ Սրահը լեցուցած երաժշտասէր հասարակութիւնը մեծապէս վայելեց յայտագիրը։ Առաջին բաժնին մէջ, երգահան եւ յօրինող Տաթեւ Ամիրեան ներկայացուց դաշնակի համար գրուած իր գործերը՝ արդիական ու ինքնատիպ հնչեղութեամբ։ Անոր յօրինած կարգ մը երգերը, հեղինակի ընկերակցութեամբ, մեկնաբանեց սոփրանօ Աննա Հայրապետեան։

Երկրորդ բաժնին մէջ, 18-ամեայ թաւջուկահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան ներկայացուց Կոմիտասի, Պրամսի եւ Չայքովսկիի գործեր, ընկերակցութեամբ մօր՝ դաշնակահարուհի Լիլիթ Նաւասարդեանի։

Advertisement Subscribe Today

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button