ՄԻՋԱՆՑՔ,ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆԵՐ ԵՒ ԻՐԱՆԵԱՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 6 Second

Ա.Ա.

Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանի միջանցք տրամադրելու մասին խօսակցութիւնները, որոնք վերջին օրերուն դարձեալ թափ ստացան, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մղեցին «թուիթըր»-եան գրարումով մը վերահաստատելու հայկական պաշտօնական դիրքորոշումը՝ յղում կատարելով Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան։ Այլ խօսքով՝ Փաշինեան վերահաստատեց, որ Զանգեզուրի միջանցք կոչուած ուղիի մը մասին ոչ մէկ նշում եւ յիշատակութիւն գոյութիւն ունի, բայց Երեւան պատրաստ է բանալու երեք անցակէտեր, որոնք Նախիջեւանը Ատրպէյճանի պիտի կապեն։
Մինչ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ առիթ չեն փախցներ յիշեցնելու եւ վերյիշեցնելու Զանգեզուրեան միջանցքի մը մասին վերացական յանձնառութեան մը մասին, կ՛արժէ շեշտել Ռուսիոյ փոխ վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի քսանինը Սեպտեմբերին կատարած չափազանց կարեւոր յայտարարութիւնը, թէ արտատարածքային միջանցքներու մասին խօսք չկայ։ Ըստ Օվերչուքի, եռակողմ, այսինքն՝ հայ, ատրպէյճանցի եւ ռուս փոխ վարչապետերու գլխաւորած աշխատանքային խումբերուն քննարկումներուն ընթացքին մշակուած է սկզբունք, թէ «ճանապարհին հսկողութիւնը եւ գերիշխանութիւնը կը պատկանի այն կողմին, որուն հողերէն կ՛անցնի տուեալ ճանապարհը»։ Այլ խօսքով,եթէ ճանապարհը կ՛անցնի հայկական տարածքով, ապա ատիկա հայկական ճանապարհ է, եթէ ատրպէյճանական տարածքով՝ ատրպէյճանական։
Ռուսիոյ փոխ վարչապետին ձեւակերպումը շատ յստակ է։ Բայց պէտք է շեշտել նաեւ, որ ինը Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ, որուն տակ նաեւ ստորագրած է Ատրպէյճանի նախագահը, յստակօրէն կը նշուի Լաչինի միջանցքը, որ պիտի գործէ միջանցքային տրամաբանութեամբ։ Ինչպէս Փաշինեան շեշտեց, այլ միջանցքի մասին խօսք իսկ չկայ։
Իսկ ինչ կը վերաբերի երեք անցակէտերուն, որոնց մասին հայկական կողմը նշած է, որ կրնայ բանալ, որպէսզի ցամաքային ուղղակի կապ հաստատուի Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, Պաքուի եւ Անգարայի կողմէ յստակ է, որ մերժուած է, որովհետեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պատասխանատուներուն կողմէ կը շարունակուին ակնարկութիւնները «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին, տրամաբանութեամբ մը, որ աւելի կը յիշեցնէ ճնշումներու տակ միջանցք մը կորզելու ոճը։
Այս կեցուածքներուն եւ պնդումներուն զուգահեռ, բաւական նշանակալից է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտիւլլահիանի շեշտադրումը, որ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային վէճին։ «Իրան երբեք թոյլ պիտի չտայ, որպէսզի արգելափակուի Հայաստանի հետ հաղորդակցութեան իր ուղին։ Այդ նպատակին հասնելու համար ալ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը նաեւ ռազմափորձեր սկսաւ այդ շրջանին մէջ», յայտարարեց Իրանի դիւանագիտութեան պետը, ներկայացնելով Իրանի նախագահին պաշտօնավարութեան մէկ տարուան ընթացքին Թեհրանի արտաքին քաղաքականութեան դրոյթները։ Տեղին է նշել,որ իրանեան ուժեր լայնածիր ռազմափորձեր կատարեցին Ատրպէյճանի հետ սահմանակից շրջաններուն մէջ, Արաքս գետի շրջակայքը։ Ռազմափորձերուն մասնակցեցան Յեղափոխութեան Պահակագունդի ցամաքային ուժերը, որոնք գործածեցին պատերազմական ուղղաթիռներ եւ անօդաչու սարքեր։
Ապտիւլլահիանէն աւելի յստակ խօսեցաւ Յեղափոխութեան Պահակագունդի հրամանատար զօրավար Հիւսէյն Սալամին, որ կարեւորութեամբ ընդգծեց, թէ այնքան ատեն որ Իրանի դրացիները կամ ուրիշներ դաւադրութիւններ չեն սկսած Իրանի դէմ, կամ՝ թշնամութիւն չունին իրանցիներուն դէմ, բարեկամութեան մեր քաղաքականութիւնը անփոփոխ կը մնայ։
Կասկած չկայ, որ Իրան մտավախութիւններ չունի Հայաստանի հետ իր ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող սահմանին վերաբերեալ։ Հայկական դիւանագիտութեան համար իրանեան այս մտավախութիւնը մեծ առաւել մըն է։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles