ՄԻՋՆԱԴԱՐՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԳԱՂՈՒԹԸ…ԽՐԻՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱՂԹՕՃԱԽԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ
Ծ.Խ.- Վերջին շաբաթներուն, աշխարհի կիզակէտներէն մէկն է Խրիմի թերակղզին, որ անցեալ շաբաթավերջին, քուէարկութեամբ մը, որոշեց վերստին միանալ Ռուսաստանի: Բնակչութեան մեծամասնութիւնը ռուսեր են: Խրիմի մէջ նշելի է նաեւ հայկական ներկայութիւն մը, յանձին հանրածանօթ ծովանկարիչ Այվազովսքիի: Ստորեւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ միջնադարու մեծագոյն գաղութներէն` Խրիմի մասին:
Խրիմի ինքնավար հանրապետութիւնը 1954-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ուքրայինայի: Տարածքը` 27 հազար քառակուսի քիլոմեթր: Բնակչութիւնը` 2.3 միլիոն (2001): Բնակչութեան ներկայ թիւը կը գնահատուի 2 միլիոն: Մայրաքաղաքը` Սիմֆերոփոլ (360 հազար): Ոչ պաշտօնական տուեալներով հայերու թիւը 15-20 հազար է: Բնակչութիւնը բաղկացած է ռուսերէ (58%), ուքրայինացիներէ (24%), թաթարներէ (12%) պելոռուսերէ (2%), հայերէ (1%) եւ այլ փոքրամասնութիւններէ:
Խրիմի հետ հայերու կապը սկիզբ կ՛առնէ Տիգրան Մեծի եւ Միհրդատ Եւպատորի ժամանակներէն: 7-րդ դարու սկիզբը, Խերսոնես աքսորուած հայազգի բիւզանդական իշխան Վարդանը, տեղւոյն ապստամբներու օգնութեամբ, 711-ին տապալած է Յուստինիանոս Բ-ը եւ հռչակուած Բիւզանդիոնի կայսր: Տասերորդ դարուն Խերսոնեսի հայազգի իշխաններէն Կալոկիրը փորձած է դիւանագիտական կապեր հաստատել Քիեւի իշխան Սվիաթոսլաւի հետ:
Խրիմահայ գաղութի սկիզբը եւ ձեւաւորումը եղած է տեւական պատմական հոլովոյթ. գաղթականական առաջին շրջանը ընդգրկած է 10-րդէն 11-րդ դարերը: Բիւզանդիոնի նուաճողական քաղաքականութեան, ապա սելճուքներու եւ մոնկոլներու արշաւանքներու հետեւանքով գաղթի դիմած հայութեան նկատառելի մասը Բիւզանդական կայսրութեան փոքր ասիական եւ եւրոպական տարածքներով, Սեւ ծովու կովկասեան ափերով եւ Տրապիզոն-Խրիմ ծովուղիով անցած է Խրիմի թերակղզի: 14-րդ դարու 30-ական թուականներուն, համայնքին թիւը աճած է մոնկոլական արշաւանքներէն հայերու աննախընթաց մեծ հոսքին պատճառով, իսկ 15-րդէն 19-րդ դարերուն` քաղաքական եւ տնտեսական պատճառներով Հայաստանէն եւ հայաշատ վայրերէն եկած հայ գաղթականներու պատճառով:
Ճենովական պատմական աղբիւրներու համաձայն, միջնադարեան Խրիմի մէջ հայերու թիւը եղած է շուրջ 150 հազար (թիւով զիջած են միայն թաթարներուն): Թերակղզին բուն Հայաստանէն եւ հայկական Կիլիկիայէն ետք հայաշատ մեծագոյն տարածաշրջանն էր: Խրիմի մէջ հայերու թիւին, ունեցած դերին եւ ազդեցութեան մասին կը վկայէ այն, որ 15-րդ դարուն օտարերկրացիները թերակղզիի հարաւարեւելեան հատուածը անուանած են Armenia Maritima (Ծովային Հայաստան) կամ “Մեծ Հայաստան“: 13-րդ դարէն մինչեւ 18-րդ դարու 80-ական թուականները խրիմահայ գաղութը գտնուած է թաթարական, իսկ 1475-1783-ին` թուրք-թաթարական համատեղ տիրապետութեան տակ: 1260-ական թուականներէն մինչեւ 1475 թերակղզիի հարաւ-արեւելեան շրջանի հայութիւնը միաժամանակ ենթարկուած է Ճենովային հանրապետութեան գաղութային վարչակազմին, որ այստեղ կառավարած է թաթարներուն տուրք տալու պայմանով:
13-րդէն 18-րդ դար, հայ բնակչութիւնը կեդրոնացած է Խրիմի բոլոր նշանաւոր կեդրոններուն մէջ` Քաֆայի մէջ (Թէոդոսիա), Սուրխաթի մէջ` (Հին Խրիմ, Էսքի Կրիմ, Ստարի Կրիմ), Սուհաքի մէջ (Սուրոժ, Սուկտիա), Եւփաթորիոյ մէջ (Կօզլէ, Կոզլով), Ղարասուպազարի մէջ (Պելոկորսք), Աքմեչիթի մէջ (Սիմֆերափոլ), Պախչիսարայի մէջ, Քերչի մէջ, Քազարաթի մէջ, Փերեքոփիի մէջ (Օր ապու), Արմիանսքի մէջ (Արմիանսքի Պազար, Օրապազար), Ինքերմանի մէջ, Խերսոնեսի մէջ եւ շուրջ երկու տասնեակ հայկական գիւղերու մէջ: Խրիմի մէջ հայ բնակչութեան նման տեղաբաշխումը աննշան փոփոխութիւններով պահպանուած է նաեւ նոր ժամանակներուն մէջ:
Խրիմահայ մեծագոյն գաղթավայրն էր Քաֆան: Մեծ գաղթավայր էր Սուրխաթը` մերձակայ Ս. Խաչ վանքով, աւելի քան 10 եկեղեցիներով: Հայութեան նշանաւոր կեդրոն էր Ղարասուպազարը` առաքելական եւ կաթողիկէ հայ համայնքներով:
Ազգային-եկեղեցական եւ առհասարակ ներքին կեանքի կառավարման հարցերուն մէջ խրիմահայերը օգտուած են որոշակի ինքնավարութենէ, ղեկավարուած են ազգային սովորութիւններով եւ արժէչափերով, իսկ 1519-էն ետք` նաեւ Մխիթար Գոշի Դատաստանագիրքով: Իբրեւ Խրիմի խանութեան բնակիչներ` հայերը ենթարկուած են իշխողի իրաւակարգին, սակայն թաթար աւագանին միայն առանձին դէպքերու մէջ միջամտած է անոնց ներքին կեանքի հարցերուն եւ խանութեան տնտեսական կեանքին մէջ հայերու նշանակալի դերը հաշուի առնելով` հանդուրժած է անոնց ներամփոփ ազգային ինքնավար վիճակի գոյութիւնը:
Խրիմահայերու գործերուն մէջ գերակշիռ եղած են առեւտուրը, արհեստագործութիւնը եւ երկրագործութիւնը: 13-րդէն 15-րդ դար, երբ Խրիմը դարձած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ ապրանքաշրջանառութեան հիմնական օղակ, խրիմահայերը իրենց ձեռքը պահած են թերակղզիի առեւտուրի եւ տնտեսութեան մարզը: Անոնց գործունէութիւնը ծաւալած է բուն Խրիմի մէջ, սեւ ծովեան եւ Միջերկրականի արեւելեան աւազանի, սլաւոնական աշխարհի երկիրներու, Արեւելեան Եւրոպայի մէջ: Հայ առեւտրականները Խրիմի մէջ ունեցած են իրենց միաւորները, իջեւանատուները, պահեստաշէնքերը, վարձակալած նաւերը: Անոնց մէջ եղած են մեծ դրամատէրեր, որոնք միաժամանակ վարկաւորած են առեւտուրը: 15-րդ դարու 2-րդ կիսուն նկատելի դարձած է խրիմահայերու մասնակցութիւնը Խրիմ-Ռուսիա տնտեսական ու քաղաքական կապերու զարգացման (հայ վաճառականները յաճախ հանդէս եկած են նաեւ դիւանագիտական առաքելութեամբ): Հիւսիսի հետ աշխուժացած ցամաքային առեւտուրին նպաստելով` հայերը 1736-ին հիմնած են Օրապազար (Արմեանսքի բազար) քաղաքը:
Խրիմի հայկական գիւղերու, ինչպէս նաեւ քաղաքային հայ բնակչութեան նկատելի հատուածը զբաղած է այգեգործութեամբ, դաշտավարութեամբ, անասնապահութեամբ: Իւղատնտեսական արտադրանքի մէկ մասը հանուած է շուկայ‘ վաճառքի:
Հայերը Խրիմի մէջ ծաւալած են նաեւ շինարարական լայն գործունէութիւն, կառուցելով հոգեւոր եւ քաղաքացիական բազմաթիւ շինութիւններ: Միայն Քաֆայի մէջ 12-րդէն 16-րդ դար անոնք կառուցած են շուրջ 30 եկեղեցի: Քանի մը տասնեակ եկեղեցիներ կառուցած են Սուրխաթի, Ղարասուպազարի, Արմեչիթի, Արմիանսքի բազարի, Սուտաքի մէջ եւ այլուր: Հայկական նշանաւոր կառոյցներէն են մինչեւ օրս պահպանուած Ստարի Կրիմի Ս. Խաչ վանքը` իր տաճարով (1358), Քաֆայի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ (1348), Ս. Սարգիս (13-րդ դար), Միքայէլ ու Գաբրիէլ հրեշտակապետաց (1408) եւ Ս. Ստեփանոս (1491) եկեղեցիները, Պախչելի գիւղի մօտ` Ս. Փրկիչ վանքը (14-րդ դար): Համալիր մեծ կառոյցներ էին Քաֆայի հայկական պաշտպանական պարիսպը (14-րդէն 15-րդ դար), հայկական ջրմուղները Քաֆայի մէջ եւ Երկխարիսխեան ծովախորշի մէջ (14-րդ դար): Աւանդական եղած են աղբիւր-յուշարձաններ կառուցելը, խաչքարեր կանգնեցնելը:
Դարեր շարունակ խրիմահայերը առեւտրական, քաղաքական, մշակութային եւ եկեղեցական սերտ կապեր պահպանած են Հայաստանի, Հայկական Կիլիկիոյ, ինչպէս նաեւ հայկական այլ գաղութներու հետ: Միաժամանակ, անոնք տարբեր առիթներով իրենց վրայ սեւեռած են այլ վայրերու մէջ ապրող ազգակիցներու ուշադրութիւնը: Էջմիածինէն, Երուսաղէմէն ու հայ եկեղեցւոյ այլ կեդրոններէն զանազան նպատակներով եւ առաջին հերթին հանգանակութիւններ կատարելու համար պարբերաբար պատուիրակութիւններ եկած են Խրիմ: Հայրենիքի հետ կապերու աշխուժացման նպաստած են փոխադարձ ուխտագնացութիւնները, մշակութային գործիչներու փոխայցելութիւնները եւ անոնց տեւական գործունէութիւնը խրիմահայ վանքերուն եւ դպրութեան կեդրոններուն մէջ: Խրիմահայերը սերտ կապեր պահպանած են Պոլիսի եւ, մանաւանդ, լվովի ու շրջակայ լեհահայ միւս գաղութներու հետ: Այդ կապերու արտայայտութիւններէն էր 1363-ին Քաֆայի հայ վաճառականներու նուիրատուութեամբ Լվովի հայկական մայր տաճարի կառուցումը:
Օտար նուաճողներու տիրապետութեան շրջանին, հայերը Խրիմի մէջ ենթարկուած են եռակի հարկային ճնշումի. անոնք զանազան հարկեր եւ տուրքեր վճարած են թաթարական, թրքական եւ ճենովական իշխանութիւններուն: Թուրք-թաթարական ասպատակութիւններու եւ պատերազմներու նախօրեակին հարկահաւաքութիւնը վերածուած է թերակղզիի քրիստոնեայ բնակչութեան սեփականութեան բացայայտ բռնագրաւման: Ատոր զուգահեռ հայ համայնքները ենթարկուած են մահմետական հոգեւորականութեան հալածանքներուն:
1778-ին Թուրքիոյ դէմ Խրիմի համար մղուած սուր պայքարի ժամանակ, Ռուսիոյ կայսրուհի Կատարինէ Բ-ի կառավարութիւնը, Խրիմի խանը սնանկացնելու եւ ռուսական արքունիքէն տնտեսապէս կախեալ ըլլալու վիճակի մէջ դնելու նպատակով` թերակղզիէն տեղահանած է խանական գանձատան գլխաւոր հարկատու ժողովուրդները` հայերն ու յոյները:
Արտագաղթի ենթարկուած հայերը Ռուսաստանի Տօնի շրջանին մէջ 1780-ին հիմնադրած են Նոր Նախիջեւան քաղաքը եւ շրջակայ հայկական հինգ գիւղերը: Սակայն Խրիմի Ռուսիոյ միացումէն (1783) ետք, հայերը Նոր Նախիջեւանէն, Արեւմտեան Հայաստանէն եւ այլ վայրերէ սկսած են վերստին գաղթել եւ հաստատուիլ Խրիմ: 1790-ին առաջինը Խրիմ (Ղարասուպազար) վերադարձած է Եքաթերինոսլաւ տեղափոխուած հայ կաթողիկէ համայնքը: 18-րդ դարու վերջաւորութեան Ռուսիոյ մէջ հայ համայնքներուն տրուած արտօնութիւնները աւելի խթանած են հայերու ներհոսքը Խրիմ: Անոնց թիւը 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբին սկսած է հասնիլ շուրջ 20 հազարի, ներառեալ Սիմֆերոփոլի մէջ` 2000, Սթարի Կրիմի մէջ` 1750, Ղարասուպազարի մէջ` 1800, Կերչիմէջ` 700, Թէոդոսիոյ մէջ` 1000:
Ռուսական կառավարութեան թոյլտուութեամբ, խրիմահայերը հիմնած են իրենց ինքնակառավարման մարմինները` Սթարի Կրիմի քաղաքային ռատուշան եւ Ղարասուպազարի հայ կաթողիկէ դատարանը: Ընտրովի այդ մարմինները, որոնք գործած են շուրջ 70 տարի` 18-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 1870-ի սկիզբը, վարած են նշուած քաղաքներու հայ համայնքներու դատական, վարչական, տնտեսական, քրէական եւ տուրքերու գանձման վերաբերող գործերը:
19-րդ – 20-րդ դար խրիմահայ գաղութի տնտեսական կեանքին մէջ շարունակած են առաջնային դեր խաղալ առեւտուրը, արհեստներն ու արդիւնաբերութիւնը: 19-րդ դարու 2-րդ կէսէն խրիմահայ զօրացած տնտեսական դրամագլուխը թափանցած է նաեւ երկրագործութեան եւ արդիւնաբերութեան ոլորտները: Հայ գործատէր-արդիւնաբերողներ, հողատէրեր եւ առեւտրականներ զգալի մասնակցութիւն ունեցած են Ռուսիոյ միացած Խրիմի տնտեսական կեանքի գրեթէ բոլոր բնագաւառներու` երկաթուղային շինարարութեան, շոգեմեքենայական արտադրութեան, նաւաշինութեան, ներքին եւ արտաքին առեւտուրի զարգացման գործին մէջ: 19-րդ դարու վերջաւորութեան, Խրիմի մէջ կը գործէին 500-աւելի գործատէր-վաճառականներ:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի (1914-1918) եւ ատոր անմիջապէս յաջորդած տարիներուն Խրիմի մէջ ապաստան գտած են Թուրքիոյ սեւծովեան ափերէն եւ այլ շրջաններէն գաղթած հազարաւոր հայեր: 1926-ին տեղի ունեցած է Խրիմի Համահայկական համագումարը, որու որոշումներուն մէջ կարեւոր նշանակութիւն տրուած է Հայաստանի հետ մշակութային-կրթական կապերու սերտացման, դպրոցական գործի կազմակերպման, խրիմահայ գիւղերուն մէջ միատարր հայ բնակչութեան պահպանմանը: 1920-1930-ին Խրիմի մէջ տրուած են հայերէն շաբաթական ռատիոհաղորդումներ:
1930-ական թուականներու 2-րդ կէսէն սկսեալ Խրիմի մէջ, ռուսահայ միւս գաղութներու նման, հայ ազգային մշակութային կեանքը անկում ապրած է: 1939-ի մարդահամարի տուեալներով` Խրիմի մէջ բնակած է 12,963 հայ:

1944-ի Յունիսին թաթարներու եւ յոյներու հետ խրիմահայերը եւս, իբրեւ “անբաղձալի տարրեր“, աքսորուած են Ուրալի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարբեր շրջաններ‘ տալով բազմաթիւ զոհեր աքսորավայրերու ճանապարհներուն: 1955-ին, անոնց անձնական իրաւունքները վերականգնած են, սակայն առանց Խրիմ վերադառնալու եւ կրած տառապանքներու դիմաց փոխհատուցում պահանջելու իրաւունքի:
1980-ական թուականներուն վերջաւորութենէն ի վեր նկատելի է դարձեալ հայերու վերադարձը Խրիմ: 1989-ին խրիմահայերու “Լոյս“ հասարակական-մշակութային կազմակերպութեան հիմադրութեամբ հայերու վերադարձին կազմակերպուած ընթացք հաղորդուած է, եւ սկսած է իրագործուիլ անոնց վերադարձի եւ տեղաւորման պետական ծրագիրը: 1997-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հովանիի տակ, Խրիմի գերագոյն խորհուրդի եւ կառավարութեան որոշումով մեծ շուքով նշուած է Գաբրիէլ եւ Յովհաննէս Այվազոսքի եղբայրներու ծննդեան 185-րդ եւ 180-րդ ծննդեան ամեակները:
2003-ի դրութեամբ, Խրիմի հայ բնակչութեան թիւը հասած էր շուրջ 20 հազարի: Անոնց ազգային կեանքը 1993-էն ի վեր սկսած է կազմակերպել Խրիմի հանրապետութեան գերագոյն իշխանութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած Խրիմահայ ընկերութիւնը: Եալթա, Թէոդոսիա, Եւփաթորիա քաղաքներուն մէջ կը գործեն հայկական եկեղեցիներ, Խրիմի հինգ քաղաքներուն մէջ` կիրակնօրեայ հայկական դպրոցներ: 1998-ին Սիմֆերոփոլի մէջ բացուած է առաջին հայկական գոլէճը: Խրիմի հանրապետութեան պատկերասփիւռի համակարգին մէջ կը գործէ “Բարեւ“ հայկական միաժամ ծրագիրը, շաբաթը հինգ անգամ եթերի վրայ է հայերէն ռատիոժամը, կը հրատարակուի “Մասեաց աղաւնի“ թերթը: Սիմֆերոփոլի, Եալթայի, Սեւասթափոլի մէջ կը գործեն գեղարուսետական խմբակներ: Նկատելի աշխատանք կը կատարուի հայկական յուշարձաններու վերականգնման ուղղութեամբ: Պարբերաբար կը կատարուին հայ մշակոյթի օրեր Հայաստանի ստեղծագործական խումբերու եւ անհատ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ:

