ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 17-ին մեկնարկեց Հայ Օգնութեան Միութեան «Թիկունք Կանգնինք Արցախահայ Ընտանիքին» ծրագիրը։
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ` Համեստ Պէօճէքեան, Հայաստանի Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան անդամները, ընկերակցութեամբ ծրագրի յանձնախումբին ու Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամներուն, առաջին հանգրուանով այցելեցին Արարատի մարզի Նիզամի, Սիս, Սայաթ Նովա եւ Ղուկասաւան գիւղերը։ Անոնք ընդհանուր 84 ընտանիքներու նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեցին, իւրաքանչիւր ընտանիքի յանձնելով $250 ամերիկեան տոլար։ 
Սոյն ծրագիրը կը մտի 4 ամսուան տեւողութեամբ, ամսական դրութեամբ $250 ամերիկեան տոլար նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել տեղահան եղած Արցախահայ նուազագոյնը 1000 ընտանիքներու` մասամբ հոգալու համար անոնց սննդեղէնի, հագուստեղէնի եւ կենցաղային ծախսերը։
Առաւելաբար, հիմնուելով Հ.Օ.Մ.-ի աւանդական «Ամանոր» ծրագրի գաղափարին, այս տարի, դրամահաւաքի յատուկ արշաւին արդիւնքով, Հ.Օ.Մ.-ի մասնաճիւղերուն եւ համակիրներուն նուիրատուութեամբ, կ՛իրագործուի «Ամանոր» յատուկ ծրագիրը զուարճացնելու համար Արցախահայ երեխաներուն Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին։ Առ այդ, վերոնշեալ ծրագրին զուգահեռ, նոյն շրջաններէն ներս, 210 երեխաներ ստացան Ամանորի առթիւ նուէրներ։
Նուիրեալ Հ.Օ.Մ.-ուհիներն ու Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն ընթացքին պիտի այցելեն այլ շրջաններ եւս, յաւելեալ ընտանիքներու թիկունք կանգնելու եւ մեծ թիւով երեխաներու նուէրներ բաժնելու նպատակով։
Շնորհակալութիւն մեր բոլոր նուիրատուներուն, որոնց ճիգերով Հ.Օ.Մ.-ը ձեռնարկեց եւ իրականացուց այս ծրագրին առաջին հանգրուանը։


