
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ .¬ Մայիս 12-ին, Մարտակերտի Կիչան տարածաշրջանին մէջ, տեղի ունեցաւ Նոր Կիլիկիա գիւղի առաջին տասը բնակելի առանձնատուներու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Առաջին հանգրուանին կառուցուած տաս երկսենեակնոց առանձնատուներէն երկուքը այդ օրը հանդիսաւոր կերպով յանձնուեցան Արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն, իսկ մնացեալ ութը հատը` վերաբնակիչ երիտասարդ ընտանիքներու:
Նոր Կիլիկիա թաղամասի տեղը պատահական չէր ընտրուած, քանի որ Արցախեան պատերազամի տարիներուն ճակատագրական մարտեր կը մղուէին այստեղ, եւ բազում զոհերու գնով ազատագրուած է այդ ձորակը:
Գիւղը կառուցուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան միացեալ ուժերով: Բացման հանդիսաւոր արարողութեան կը մասնակցէին այդ օրերուն Արցախ գտնուող` Թեհրանի եւ Հիւսիսային Իրանի հոգեւոր թեմի Առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանը, Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, Մարտակերտի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վլադիկ Խաչատրեանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Գէորգի Պետրոսեանը, Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ եւ բարերարներ:
Վարչապետ Արա Յարութիւնեան նշեց, որ Նոր Կիլիկիա գիւղի հիմնադրութեան նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որուն սիրով արձագանգած է Արցախի կառավարութիւնը: “Պատահական չէ Նոր Կիլիկիայի կառուցման համար ընտրուած վայրը, քանի որ այն կառուցւում է Արցախեան պատերազմի ժամանակ բախտորոշ նշանակութիւն ունեցող տարածքում“, ըսաւ ան:
Սեպուհ Արք. Սարգսեան շնորհաւորելով նորաբնակները` ըսաւ թէ անկախութիւն կերտելը, ճիշդ է, մեծ զոհողութիւն կ՛ենթադրէ, սակայն զայն պահելն ու ամրապնդելը աւելի մեծ զոհողութիւն եւ հաւաքական ճիգ ու ծրագրուած աշխատանք կ՛ենթադրէ: Ան յայտնեց թէ Արցախը վերանկախացաւ առաջին հերթին հայ ժողովուրդի հաւաքական հաւատքով, ամուր վճռականութեամբ ու արեան վկայութեամբ:
Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան տեղեկացուց թէ աւելի մեծ թիւով ընտանիքներ պիտի օգտուին, որովհետեւ, մօտիկ ապագային պիտի կառուցուին 24 այլ տուներ: “Նորակառոյց թաղամասի աջ եւ ձախ թեւերում յառաջիկայում կը կառուցուի եւս 24 տուն, որից տասը` երեք սենեականոց եւ 14“ը` երկու սենեականոց“, յայտնած է ան` աւելցնելով, որ, ըստ նախագիծի, պիտի կատարուի նաեւ տարածքի բարեկարգում, փողոցներու լուսաւորութիւն, մայթերու կառուցում: Յառաջիկային կը նախատեսուի կառուցել նաեւ մանկապարտէզ, համայնքային կեդրոն եւ եկեղեցի:
Այս առթիւ,Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան, ընդունած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Թեհրանի թեմի Առաջնորդ Սեպուհ Արքեպիսկոպոս Սարգսեանէ, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջանի Առաջնորդ Մուշեղ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանէ, Նոր Ջուղայի թեմի Առաջնորդ Բաբգէն եպիսկոպոս Չարեանէ եւ Սփիւռքէն ժամանած խումբ մը բարերարներէ: Այս հանդիպման ներկայ էր նաեւ Արցախի թեմի Առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան: