Նոյեմբեր 8-ին, Մարսէյի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի հիւպատոսարանի պաշտօնական բացումը, զոր կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանտեան: Ներկայ էին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեճեան, ֆրանսացի եւ հայ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, երեք յարանուանութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ շուրջ երեք հարիւրի հասնող հիւրեր:
Այս առիթով խօսք առին Մարսէյի քաղաքապետ Ժան Քլօտ Կօտէն, որ բարձր գնահատեց հայերը` դիտել տալով, որ թէեւ անոնք երբ Ցեղասպանութենէն ետք Մարսէյ եկան շատ ջերմ ընդունելութեան չարժանացան, սակայն հետագային իրենց աշխատանքներով եւ բարի նկարագիրով ու բնաւորութեամբ սիրուեցան բոլորին կողմէ, շրջանին մէջ իրենց ներդրումը ունեցան ու դարձան տիպար քաղաքացիներ` միշտ պահպանելով իրենց ինքնութիւնը: 

