Մանկութի՞ւն…Վրաս Գրէ՛
Գէորգ Պետիկեան
Այդ օր, դարձեալ դպրոցական միօրեայ արձակուրդ էր, որուն իբրեւ արդար հետեւանք, բազմահազար աշակերտներ, իրենց ծնողներուն աշխատանքին պատճառով, կրկին անգամ պիտի իյնային մեծ ծնողներու խնամքին տակ:
Մեր կարգին, մեր երկու թոռներն ալ մեզի հետ էին, ուրեմն, մենք ալ անմասն չէինք կրնար մնալ այս անգիր պարտականութիւն-օրէնքէն:
Օգտուելով Քալիֆորնիոյ Փետրուարեան նախանձելի օդէն, այլ եւ կին որոշեցինք այս անգամ մերինները՝ Հայկն ու Վանան, մեր տան շատ մօտիկ «բարք»-պարտէզը տանիլ: Ու այսպէս, ծանրաբեռնուելով տեսակաւոր «պէտք է»ներով, օրուայ կէսին, քալելով, խօսելով, երբեմն ալ «վազելով», հասանք հանրային այդ փոքր պարտէզը:
Աստուած իմ, այս ինչ զարմանալի տեսարան: Հայ տարեցներ, հայ մամաներ եւ հայ մօրքուր-հօրքուրներ, իրենց աղմուկով եւ «բեռներով» արդէն լեցուցած էին դաշտը: Դուրսէն դիտողին համար, այս «փարքը» զուտ հայկական ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգէր:
Նախ, տեղաւորուելու համար, յարմար անկիւն մը փնտռեցի: Բախտս քալեց: Շուքոտ տեղ մը գտած էի: Արագ մը սեփականացուցի, եւ երբ մեր բեռները գետինը շարած ու հազիւ տեղաւորած էի, յանկարծ նշմարեցի, երկու թոռներն ալ օրօրոցով կ’ուզէին զբաղուիլ:
Ուստի կանխելու համար կնոջս թելադրանքները, ըսի.-
–Ի՞նչ է. կ’ուզես, որ այս տարիքիս ես ալ թոռներուս հետ օրօրոց-մօրօրոց խաղամ…այդ անկարելի է…այսօր քու կարգդ է…
Այս բոլորը ըսի մէկ շունչով, հայկական «ջարդել-փշրել սիրեալներուն» մէջ հանդիպած «էրիկ մարդկութիւն» խաղացողներուն նման:
Իրապէս, որ խեղճ կինս զարմացաւ ու զարմանք մը գծելով դէմքին, պզտիկները առնելով դէպի սահնակներու ուղղութեամբ գնաց: Չորս կողմս նայեցայ յաղթական մը տանողի նայուածքով: Ոչ ոք զիս կը դիտէր: Ամէն մարդ, բանով մը ինքզինք կը զբաղեցնէր: Պարտէզին քարէ եւ փայտէ բոլոր սեղանները, հայ տարեցները իրենց նարտիներով գրաւած էին: Անդին՝ մայրիկներ գետինը, կանաչ խոտին վրայ կարպետներ փռած, անհոգ նստած, բարձրաձայն կը զրուցէին: Տակաւին շատեր ալ ուտելով զբաղուած, իսկ ուրիշներ՝ սուրճի գաւաթը ձեռքերնին, կը շաղատրէին: Քիչ մը անդին, պարտէզի աւազոտ բաժնին վրայ տեղաւորուած քանի մը օրօրոցներու եւ սահնակներու վրայ, մատի վրայ համրուող փոքրերն ալ, մամաներու հսկողութեամբ՝ կ’օրօրուէին, իրենց խանդավառ եւ ուրախ պոռչտուքներն ալ խառնելով տարածութեան ժխորին: Նաեւ տեսանելի էր մեծ թիւով 7-15 տարիք ունեցող տղաք եւ աղջիկներ, խոտին վրայ, կամ անկիւն մը եւ կամ ալ ծառի մը շուքին տակ նստած, իրարու հետ եւ նոյնիսկ իրարմէ հեռու, ափերնուն մէջ մէկական «սէլ»-բջիջային հեռաձայններ եւ կամ ալ «այ բատ»ներ բռնած՝ մատներով «գրաւոր կը խօսակցէին», երբեմն անիմաստ եւ անհասկնալի բացականչութիւններ արձակելով: Մէկ խօսքով ամէն մարդ զբաղուած էր եւ ուրախ: Ճանըմ ինչո՞ւ տխուր պիտի ըլլային, արձակուրդ օր էր: Արեւոտ ու անժամանակ գարնանային:
Ահա քեզի Քալիֆորնիոյ առաւելութիւնը, Ամերիկայէն ու աշխարհէն:
Բոլորին նման ես ալ ուրախ էի, որովհետեւ կինս արդէն իմ բեռս ուսէս վերցուցած էր: Կուտ ու պիստակ ուտելով, հիմա առանց խանգարումի պիտի կարենայի չորս կողմս դիտել: Ահա քեզի զբաղում:
–Է~հ մանկութիւն, դո՛ւն մարդուն կեանքին ամէնէն մաքուր եւ անմեղ բաժինն ես.ի՜նչ լաւ բան ես. դուն ես մարդոց հիմնաքարը, որուն վրայ կեանքը իր սիւները պիտի բարձրացնէ,-կ՛ըսէի մտովի, երբ կրկին անգամ աչքէ անցուցած էի ամբողջ դաշտին տարածքը: Միւս կողմէ սակայն նստած տեղս կը զգայի, որ նայուածքներուս ցանցը թուլցած էր: Մտածումներս սկսած էին օրօրուիլ գլխուս մէջ: Կարծես կապուած ըլլայի հին յիշատակներուս եւ ինքնաբերաբար նոր խորհրդածութիւններու յանձնուած:
Գիտէի, որ տարիքս իր խոհերով եւ հոգերով ծանրացած էր ու ամէն բանի մասին սկսած էի իբրեւ հետաքրքիր երեւոյթ նայիլ: Ու այդ պահուն, այդ մենակութեանս մէջ կարծես անցեալի բոլոր երազներս արթնցած էին: Քակուած էր յուշերուս գեղեցիկ շարանը: Յուշեր, որոնք տասնամեակներ առաջ կեանքս ջերմացուցած էին, հիմա սիրտս կը տրոփէին: Հաստատապէս նստած էի կեանքիս ապրուած ու երջանիկ պատառներուն հետ ու հինին երանութիւնը կ՛ապրէի:
Այն օրերուն, երկար կամ կարճ արձակուրդներուն՝ մենք դրացի կամ թաղի տղոց կամ մեր ընկերներուն հետ, մեր մեծ բակին կամ նեղ թաղին մէջ, մեծ աղմուկով գնդակ կը խաղաղայինք: Եթէ գնդակ չունենայինք, գնդիկ կը խաղայինք կամ հօլ եւ կամ ալ թաղին գետնի աղտոտ քարերուն վրայ նստելով «հինգ քար»: Տակաւին «կռիւ-կռիւ» ալ կը խաղայինք, աջ ձեռքերնիս երեւակայական սուրեր բռնած իրարու հետ սուսերամարտ ընելով: Յետոյ, երբ տուն կը կանչուէինք, մեզի կը թելադրուէր նախ լուցուիլ եւ ապա՝ գիրք կարդալ: Երբեմն ալ բակէն ներս, իբրեւ նստակեաց խաղ, մօրս մեզի համար պատրաստած մեր գրագէտներու անուններով փոքր քարթերով, որոնց վրայ հայ գրագէտին կամ բանաստեղծին գործերուն անունները գրած էին, թղթիկ կը խաղայինք: Մենք պիտի փորձէինք իրարմէ թուղթեր քաշելով նոյն գրագէտին գործերուն հաւաքածոն մէկս միւսէս առաջ կազմել: Այս խաղով արդէն գոց ըրած էինք Վարուժանի, Սիամանթոյի, Զոհրապի եւ միւս մեծերուն անուններն ու գործերը:
Մէկ խօսքով՝ հայ աշակերտական թղթախաղ:
Յանկարծ զգացի, որ նման օրերու ետեւէն մտովի վազքս ուրախութենէս սիրտս լաց պիտի բերէր:
Իսկ հիմա: Այսօր, հո՛ս, դիմացս ահա չոր ցամաք տեսարան մը: Ո՞ւր մնաց ասոնց բնութեան երկինքի տակ խաղալու սովորութիւնը: Ճիշդ է, որ մենք չունէինք «այ բէտ» կամ թիվի, կամ նման շատ ուրիշ խաղեր ու խաղալիքներ, բայց ընկերներով միասին ըլլալու, խաղալու, վազելու նոյնիսկ կռուելու հաճոյքը կ՛ապրէինք, գրեթէ ամէն օր:
Իրապէս կեանքը հիմա տարբեր էր: Լեռ ու ձոր տարբերութիւն: Ինծի համար հիմա, այս փոքրերը, թագը կորսնցուցած թագաւորի կը նմայէին: Ի՞նչ ունի այսօրուայ փոքրիկը, հարց կու տայի ես ինծի: Իմ թոռնիկներէս գիտեմ: Այսօրուան երեխային կամ աշակերտին սենեակն ու նոյնիսկ միտքը խճողուած է զանազան տեսակի ելեկտրոնային խաղալիքներով, պատկերասփիւռի յայտագիրներով, «ջարդել-փշրել»ներու նկարներով ու տեսակաւոր վայրագ-նորոյթ խաղերով:
Այսօրուան երեխան տակաւին վատն ու լաւը չճանչցած, բարին ու չարը չհասկցած արդէն ունի իր ուզած ելեկտրոնային անհամար խաղերը: Կը կարծեմ, որ այս իսկ ընթացքով ոչ միայն անոր կեանքը, այլեւ անոր միտքն ու հոգին ալ խաթարուած են: Նոյնիսկ ճաշակը փոխուած: Իւրաքանչիւր 5-6 եւ աւելի տարիք ունեցող փոքրիկ տղայ կամ աղջիկ իր աշխարհը քաշուած, իր ընկերոջ հետ խաղալու կամ նոյնիսկ վիճելու կամ կռուելու անուշութենէն ինքզինք զրկելով, գոհացած է այդ «սէլ»ով կամ »այ բէտի« տրամադրած» նորութիւններով պարապիլ: Ատով ապրիլ:
Այս նոր սերունդին պատկանող երախան, ի՛նք, այդ վայրագ խաղերու հերոսներով կը ներշնչուի, առանց հոգեկան բովանդակութեան:
Ի՞նչ է իր մօտ կեանքին ձեւը: Ինքն ալ տեղեակ չէ: Չի գիտեր : Ո՛չ ալ կ’ուզէ գիտնալ: Հոգը չէ: Իր խաղալիքը զինք այդպէս դասաւորած է: Առանձնանալ: Անձնասիրութիւն: Անհաղորդ: Ինծի համար տխուր մենակութիւն, որովհետեւ ունայնութիւններով միայն կ’արբենայ:
Ու հաւատացէ՛ք, մինչեւ հիմա չեմ կրցած «մարսել» իրենց այս վիճակը:
Անշուշտ բացառութիւններ կան, որոնք փոքրամասնութիւններ են միայն: Աննշան: անկարծ կ‘անդրադառնամ: Կը շտկուիմ: Սխալ բան մը կայ այս բոլորին մէջ, կ’ըսեմ գրեթէ ջղային ու կը զգամ, որ ճակատս քրտինք ունի: Իսկապէս այս մէկը զիս տագնապեցուցած էր: Սխալ բան եւ բաներ, որոնց գլխաւոր պատճառը մենք ենք կամ ծնողքը: Մենք ենք, որ կու տանք, կը գնենք այս փոքրերուն, այս տեսակի բոլոր խաղալիքները:
Ճիշդ է, որ նորերը իմ ապրած դարս չէ, որ կ’ապրէին,- կը շարունակէր տրամաբանութիւնս իր վազքը,- ճիշդ է, որ իմ հին մէթոտս, որուն շունչին տակ հասակ առած էի, բաւարարութիւն պիտի չի տար նոր սերունդին. բայց. ես զիս չեմ կրնար եւ մինչեւ հիմա ալ չեմ կրցած համոզել…
Բոլորս ալ քաջ գիտենք, որ մեր կեանքը մեր որոշման հայելին է: Բոլորս ալ կ՛ըմբռնենք այս մէկը. բայց չենք կրնար հաշտուիլ: Չենք կրնար ներկայ այս իրականութենէն հրաժարարիլ, բայց չենք ալ ընդունիր մեր սխալը:
Մեղք է այս սերունդը,-կ՛ըսեմ մտովի: Այս փոքրերը, իրենց այս «խաղալիքներով» առանձին կը մեծնան: Իրենք մտածելու առիթ չունին, ամէն բան իրենց հրամցուած է: Միայն կոճակը պիտի սեղմեն: Իրենց մատները պիտի շարժեն: Ներկայ արդի «թէքնոլոճիան» զիրենք, իրենց մտքի զարգացումէն հեռացած է:
Յուսախաբ ու տխրութեամբ կը մտածեմ: Ինծի համար ասոնց կեանքը իսկապէս կորսնցուցած է իր շքեղանքը: Բայց…որո՞ւ հոգը:
Յանկարծ, միրիններուն ձայները շատ մօտիկէն ակնաջիս հասան: Զգաստացայ:
–Հիմա քու կարգդ է, ըսաւ կինս: Տեսանելի էր…ան արդէն ֆիզիքապէս յոգնած էր: Այս անգամ չփորձեցի հակաճարել: Ու լայն ժպիտով ժպտելով քայլերս կամաց-կամաց կամաց ուղղեցի դէպի օրօրոցները:
Հաստատապէս ես հին գարուններովս շրջապատուած էի: Մարդ ինչպէ՞ս կրնայ մոռնալ իր ապրած կեանքն ու անոր ժամերը: Յայտնի էր որ անոնք տակաւին չմարած անցեալէս կու գային, այն անցեալէն, ուր հո՛ն տակաւին յուշերս մարդոց հետ կ’ապրին:
Ու արագօրէն սահնակներուն մօտ, թոռներուս ուրախ պոռչտուքին մէջ, յուզուած ու անցեալովս խանդավառ մտքովս, մէյ մը դէպի ետեւ դառնալով, իրենց «խաղալիքներով» զբաղուող երեխաներուն մտովի պոռացի.-
–Հէյ, պզտիկներ, տեսէ՛ք, ես երբեք չեմ նախանձիր ձեզի ու ձեր խաղալիքներուն: Ես իմ մանկութիւնս երբեք չեմ փոխեր ձերինին հետ: Դո՛ւք խեղճ էք…ինծի համար ձեր մանկութիւնը թէ՛ անբաղձալի եւ թէ՛ աննախանձելի…:
Ապա, մօտենալով թոռներուս, կարօտով յիշելով կանաչ օրերս, բարձրաձայն ըսի.-
հիմա պապիկին կարգն է ձեզի հետ օրօրուելու…
Անկասկած, աշխարհի չափ երջանիկ էի:

