
Պետրոս Քհնյ. Շիթիլեան
Մայրե՜ր, մայրե՜ր,
Մայրեր որդեկորոյս,
Մայրեր սրբացած:
Ձեզ հետ կը սգայ ազգն համայն,
Ձեզ հետ կու լայ վերինն աշխարհ,
Ձեզ հետ կ’ողբայ Որդին անգամ:
Մայրեր դուք սուրբ,
Տուիք անոնց հոգին հայկեան,
Տուիք անոնց հոգին հերոսական,
Տուիք անոնց հոգին զոհողութեան:
Մայրե՜ր, մայրե՜ր,
Մայրեր դուք սուրբ,
Ձեր արցունքով կը լեցուի տակարն մեր հոգւոյն,
Որմէ պիտ խմեն նոր մայրերն մեր,
Որոնք պիտ ծնին ժառանգներ արժան:
Լացէ՜ք մայրեր, մայրեր դուք սուրբ,
Ձեր արցունքով թող թրջուի մեր հողն սուրբ,
Ձեր արցունքով թող ծաղկի ուղին մեր փրկութեան:
Կ’ողբաք անոնց համար,
Որոնք կ’իյնան պատուի համար,
Անոնց համար,
Որոնք կ’իյնան լոյսին համար,
Անոնց համար,
Որոնք կ’իյնան խաչին համար:
Ու երկի՜նք երկի՜նք,
Լսէ ողբն անոնց,
Լսէ անոնց հառաչանքն սրբազան,
Տե՛ս, թէ ինչպէս առաջինն ազգն Միածինեան,
Կ’իյնայ խորանին վրայ Ճշմարտութեան:
Երկի՜նք, երկի՜նք,
Դռներդ բաց,
Կու գան լոյսի հերոսներն արդար,
Կու գան Տիրոջ զինուորներն անմահ:
Մայրե՜ր, մայրե՜ր,
Մայրեր դուք սուրբ.
«Ցնծածէ՛ք ու ուրախացէ՛ք, երկնքի մէջ մեծ է վարձքն անոնց»:
Մայրե՜ր, մայրե՜ր,
Ցնծացէ՛ք ու ուրախացէ՛ք, յաղթած էք դուք,
Ու ձեզմով պիտ յաղթէ ազգն թորգոմեան:
Beautiful, thank you