Լրահոս
ՄԱՍԱՉՈՒՍԷՑ.- ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՅ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 500-ԱՄԵԱԿԻՆ
Կիրակի, Հոկտեմբեր 28-ին, յետ Սուրբ Պատարագի, կազմակերպութեամբ Ուաթըրթաունի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբին, ցուցահանդէս մը տեղի ունեցաւ Հայ Գրատպագրութեան 500-րդ տարադարձին առթիւ, եկեղեցւոյ Մշակութային համալիրին մէջ:
Ցուցադրուած էին աւելի քան երեսուն հայ հնատիպ գիրքեր, որոնցմէ յիշենք տպագիր առաջին հայերէն գիրքը` Ուրբաթագիրքը, Ոսկան Երեւանցի վարդապետի տպած առաջին հայերէն Աստուածաշունչը եւ Մխիթար Աբբահօր Աստուածաշունչը. ընտիր նմոյշներ կային Սուրբ Ղազարու, Ֆրանսայի, Սբ. Էջմիածնի, Հնդկաստանի, Վիեննայի, Ամսթերտամի, Թիֆլիսի եւ Երուսաղէմի հայկական տպարաններուն մէջ տպուած հնատիպներէ:

