

Շաբաթ, Մայիս 15, 2010ին Ֆլորիտահայութիւնը ժամադրուած էր Հայ կեդրոնի սրահը: Ուրախութեամբ, ոգեւորութեամբ եւ հպարտութեամբ լեցուած էին մեր մայրերն ու քոյրերը, որոնց գեղեցկօրէն զարդարած սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.ի Հարիւրամեակը, հիւրաբար մասնակցութեամբ գաղութիս Հ.Յ.Դ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերուն:

Ֆլորիտայի Հ.Օ.Մ.ի »Սօսէ« մասնաճիւղի ընկերուհիներու անունով մասնաճիւղի Ատենապետուհի ընկհ. Մէրի Անտոնեան ելոյթին բացումը կատարեց՝ բարի գալուստ յայտնելով 150էն աւելի ներկաներուն: Ընկերուհին տուաւ տեղեկութիւններ Մասնաճիւղի կատարած աշխատանքներուն շուրջ եւ բեմ հրաւիրեց օրուայ հիւր բանախօսուհի, 100ամեակի Շրջանային յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Անժէլ Մանուկեանը, որ իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց ֆլորիտայի »Սօսէ« Մասնաճիւղը, օրուայ հանդիսութեան առթիւ: Ընկհ. Մանուկեան շարունակեց ըսելով թէ այս տարի աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն ներս կը տօնակատարուի Հ.Օ.Մ.ի հարիւրամեակը: Ան բացատրեց նաեւ Հ.Օ.Մ.ի գործունէութեան ազգային եւ միջազգային նպատակները, շեշտը դնելով յատկապէս Հ.Օ.Մ.ի ազգանուէր գործունէութեան, եւ յիշեց կազմակերպութեան աշխատանքները՝ հայ աշակերտներ բարձրագոյն ուսման տիրացնելու նպատակով: »Հայրենիքին օգնել՝ յատկապէս երկրաշարժէն փրկուած հայորդիներուն օգնելով, բժշկական կայաններ, մանկատուներ, որբանոցներ եւ այլ կարեւոր հիմնարկներ հաստատելով ժողովուրդի բարելաւութեան համար: Այս է Հ.Օ.Մ.ի առաքելութիւնը…«, եզրափակեց ընկերուհի Մանուկեանը:

Տեղւոյն »Սօսէ« մասնաճիւղի ընկերուհիները պատրաստած էին ընթրիքը: Ապա բեմը տրամադրուեցաւ յաջորդաբար գաղութէս սիրուած համաշխարհային երգիչ Մանուէլ Մենենկիչեանի եւ համբաւաւոր երգիչ Սթիւ Իսքէնտէրեանի, որոնք իրենց երգերով խանդավառեցին ներկաները, մինչեւ առաւօտեան վաղ ժամերը:

Հ.Օ.Մ.ի ընկերուհիներու կողմէ կազմակերպուած՝ հարիւրամեակի կապակցութեամբ մոմավառութիւն մը տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցեցան ներկաներուն մեծամասնութիւնը: Այսպէս, յիշատակելի ելոյթի մը ներկայ եղաւ Ֆլորիտահայութիւնը: »Վարձքերնիդ կատար« Հ.Օ.Մ.ի ընկերուհիներ, Մայրեր եւ Քոյրեր:

Թղթակից