Լրահոս

Հ.Օ.Մ.-Ի ՈՒՂԱՐԿԱԾ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԻՐԵՐԸ ՀԱՍԱԾ ԵՆ ԱՐՑԱԽ՝ ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐԻՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ

Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, Օգոստոս 8, 2020-ին, 75 հեռավար ջերմաչափեր յանձնուեցան Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան՝ Քորոնա ժահրին դէմ պայքարելու նպատակով:

Շտապ օգնութեան այս ծրագիրը կարելի եղաւ իրականացնել Հ.Օ.Մ.-ի եւ Հ.Յ.Դ.-ի ճիգերով։ Բժշկական իրերու առաքումի ծախսերը ստանձնեց Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն:

Հ.Օ.Մ. Արցախի միաւորի ատենապետուհի Արմինէ Յարությունեանը եւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Վահագն Դադայեանը ջերմաչափերը յանձնեցին Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան՝ Քորոնա ժահրը կանխարգիլելու նպատակով։

Հ.Օ.Մ.-ը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն, միաւորներուն եւ անդամներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին Հ.Օ.Մ.-ի մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրներուն Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button