Հ.Օ.Մ.-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:1 Minute, 55 Second

 Սեպտեմբեր 29, 2012-ի առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ Երեւանի Արմենիա-Մարիոթ հիւրանոցի ժողովասրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի կազմակերպութեամբ խորհրդաժողով մը` “Երեխաների պաշտպանութեան համակարգը Հայաստանում, Սփիւռքի դերը համակարգի ձեւաւորման գործընթացում“ թեմայով: Խորհրդաժողովը կազմակերպուած էր Հ.Օ.Մ.-ի “Ծնողազուրկ երեխաներու խնամակալութեան“ ծրագրի քսանամեակի նշումի ձեռնարկներու ծիրէն ներս:

Խորհրդաժողովի նպատակն էր Հայաստանի մէջ երեխաներու նկատմամբ բռնութիւններու կանխարգիլման, երեխայի զարգացման վրայ խնամատար հաստատութիւններու ազդեցութեան, Հայաստանի մէջ այլընտրանքային ծառայութիւններու ձեւաւորման գործընթացի, ինչպէս նաեւ երեխայի պաշտպանութեան դաշտին մէջ պետական քաղաքականութեան ու արդի մարտահրաւէրներու արծարծումը եւ նշեալ խնդիրներու լուծման եղանակներու առաջադրումը ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութեան դերակատարութիւնը այդ լուծումներու գործադրութեան մէջ:

 Մասնակիցներու շարքին էին հայկական պետական, միջազգային ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի տարբեր երկիրներու մէջ գործող միաւորներու անդամներ:

Խորհրդաժողովի սկզբնաւորութեան ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին ՀՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեանը, ԼՂՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարար Նարինէ Նարիմանեանը, Հայաստանի մէջ Մ.Ա.Կ.-ի Մանկական հիմնադրամի (UNICEF) ներկայացուցիչ Հենրիեթ Ահրէնսը, որ միաժամանակ անդրադարձաւ “Այլընտրանքային ծառայութիւններու ձեւաւորման գործընթացը Հայաստանի մէջ, առկա խնդիրները, առաջարկներ“ թեմային: Հ.Օ.Մ.-ի անունով սեմինարը ողջունեց Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Լիզա Աւագեանը:

Խորհրդաժողովի ընթացքին ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերը.-

Աննա Մնացականեան` Հ.Օ.Մ..- “Որբ երեխան հայ աւանդական եւ խորհրդային ժամանակաշրջաններուն“:

Յարութիւն Բալասանեան` Խարբերդ մանկատան տնօրէն.- “Հաստատութեան մէջ տեղաւորման ազդեցութիւնը երեխայի զարգացման վրայ“:

Աննա Յարութիւնեան` Փրկենք երեխաները կազմակերպութիւն (Save the Children).- “Երեխաներու նկատմամբ բռնութիւններու կանխարգիլումը Հայաստանի մէջ“:

Լալա Ղազարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարարութեան Ընտանիքի, կանանց եւ երեխաների վարչութեան պետ` “Երեխայի պաշտպանութեան դաշտ. Պետական քաղաքականութիւնը եւ արդի մարտահրաւէրները“:

Բոլոր խօսնակները ծանրացան ծնողազուրկ կամ ծնողական խնամքէ զուրկ երեխաները խնամատարական հիմնարկներու փոխարէն ընտանեկան հարկի տակ խնամելու անհրաժեշտութեան վրայ արձանագրելով, որ գուցէ եւ որդեգի՛ր ընտանիքի ստեղծած ջերմութիւնը հիմնականօրէն կրնայ փոփոխութեան ենթարկել երեխայի մտաւոր ու զգացական զարգացումը, ինչ որ կը պակսի խնամատարական հիմնարկներու մէջ: Նոյնինք պետական ու մանկատան պատասխանատու անձնաւորութիւններ անդրադարձան, որ թէեւ անցնող տարիներուն մեծապէս բարելաւուած է Հայաստանի մէջ խնամատարական հիմնարկներու վիճակը, բայց այդ բարելաւումը կը մնայ նիւթական ու ֆիզիքական բարելաւում եւ չի կրնար փոխարինել ընտանեկան գուրգուրանքն ու ջերմութիւնը: Այս իմաստով, բոլոր մասնակիցները կոչ ուղղեցին հայրենի եւ արտերկրի պետական ու ոչ-կառավարական կառոյցներու միջեւ գործակցութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ նուազագոյնի իջեցնել խնամատարական հիմնարկներու մէջ ապրող երեխաներու թիւը, նիւթական եւ ընկերային օժանդակութիւն տրամադրելով յատկապէս ա՛յն ընտանիքներուն, որոնք ֆինանսական կամ ընկերային խնդիրներու պատճառով պարտաւորուած կ՛ըլլան իրենց երեխաները յանձնել հիմնարկներու:

 

Նիւթերու ներկայացման յաջորդեց մասնակիցներուն հետ հարց ու պատասխանի բաժին:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles