
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութիւնը առիթ է, որ կազմակերպութիւնը հաշուետուութեամբ ներկայանայ ժողովուրդին: Յունուար 26-ին, Հալէպի մէջ տեղի ունեցած Հ.Յ.Դաշնակցութեան122-ամեակի տօնակատարութիւնը սովորական այս աւանդութենէն աւելի էր:
Առաջին ակնարկով` հանդիսասրահի պատկերը զարմանալի կը թուէր. անապահովութեան այս պայմաններուն մէջ լեփ-լեցուն սրահ…: Կարելի չէր առանց յուզումի դիտել նաեւ տեսանիւթը: Հանդիսութեան ներկայ համակիր եւ ընկերներու հետ կարճ զրոյցները աննկարագրելի դրական լիցք ունէին: Այդ պատկերի գաղտնիքը երկու ուղղութեան մէջ կարելի է տեսնել. անշահախնդիր ծառայութիւն եւ ժողովուրդի վստահութիւն: Հանդիսասրահը լեցնող բազմութիւնը եկած էր կազմակերպողներուն եւ կասկածամիտներուն հաստատելու, որ շատ լաւ կը ճանչնայ ամենադժուար պահերուն ի՛ր կողքին կանգնող, ի՛ր ցաւն ու մտահոգութիւնը բաժնող եւ անոնց լուծում բերելու համար ճիգ չխնայող ուժը:
Հալէպահայութիւնը ամենօրեայ կեանքին մէջ ականատես կը դառնայ այդ աշխատանքին: Թերեւս շատեր առաջին անգամ ըլլալով կ՛անդրադառնան, որ “գիտակցութիւն“, “հերոսութիւն“ եւ “նուիրում“ հասկացութիւնները վերացական բառեր չեն եւ միայն մարտի դաշտերուն վրայ չեն արձանագրուիր: Նուիրումը կրնայ ամենօրեայ, անտրտունջ, աննկատ ընթացք ըլլալ…: Հերոսները` մեր ամենօրեայ կեանքի մասնիկը կրնան ըլլալ. մեր դրացին, մեր ընկերուհին, մեր ազգականը…: Անոնք ալ, բոլորին նման նոյն անապահով շրջաններու բնակիչներ են, որոնք կենցաղային եւ ընդհանուր նո՛յն մտահոգութիւնները ունին:
Բայց, հաւատարիմ մնալով իրենց ուխտին եւ գիտակցելով, որ գաղութը իրենց կարիքը ունի` ամէն օր, ամէն գիշեր, ամէն առիթին պատնէշին վրայ են:
Նոյնիսկ աննախադէպ ցուրտ օրերուն, իրենց ընտանիքներն ալ առանց ջուրի, առանց ելեկտրականութեան, առանց ջերուցման յարմարութիւններու ձգելով, այդ երիտասարդները չզլացան իրենց բաժին աշխատանքը ընել:
Այս պայմաններուն մէջ, կենցաղային թէ այսօրական դժուարութիւնները մէկդի ձգելով, տասնեակ կիներ եւ աղջիկներ, համայնքային աշխատանքին նախապատուութիւն տալով, անտրտունջ կը հասնին համայնքի կերդոններ եւ վարժարաններ, աշխատանքի իրենց բաժինը բերելու համար: Մէկուն` պնակ մը տաք ճաշ, միւսին` բժշկական կամ նիւթական օգնութիւն, երրորդին` փաստաթուղթերու օգնութիւն եւ…եւ…:
Մինչ շատեր ֆէյսպուքեան էջերով կը հետեւին որեւէ պայթումի կամ վիրաւորի լուրին, այդ տղաքը, իրենց կեանքը վտանգելով, կը փութան այրող բնակարանի կրակը յանգցնելու կամ վիրաւորներուն օգնութեան հասնելու:
Մինչ շատեր մամուլի կամ ֆէյսպուքի էջերով սուրիահայութեան առօրեայի կամ ճակատագրի մասին մտքի փայլատակումներ կ՛արձանագրեն, այդ տղաքն են դարձեալ Հալէպի հայահոծ թաղերուն եւ հայկական հաստատութիւններուն շուրջ պահակութիւն ընողները: Քանի մը օր առաջ, ֆէյսպուքեան հանդիպումի մը ընթացքին, ընկերուհի մը իր յուզումը կը փոխանցէր. չես գիտեր ինչու, փողոցը հսկող “մեր պահակ տղոց“ պատկերը այս անգամ շատ յուզած էր զինք…: Հպարտութեամբ խառն յուզում էր:
Հալէպի մէջ աննախադէպ կացութիւն ստեղծուած է: Այս պայմաններուն մէջ մարմինները եւ անհատները կը փորձեն յարմարագոյն լուծումները գտնել: Յաճախ կը յաջողին: Կաղացումներ, բացթողումներ եւ սխալներ չկա՞ն: Անշուշտ` կան: Գիտէ՞ք ինչու: Որովհետեւ աշխատա՛նք կայ: Ժողովուրդը շատ իմաստուն խօսք մը ունի. միայն չաշխատողը չի սխալիր:
Այսօր, մէկ անգամուան համար մեր աւանդութիւնը շրջանցելով, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր այն ընկեր-ընկերուհիներուն, որոնք արտակարգ այս պայմաններուն մէջ կը ջանան ապահովել գաղութի բնականոն ընթացքը: Շնորհակալութիւն` գրասենեակներու, դպրոցներու, կեդրոններու, հիւանդանոցներու, ծերանոցի, պատսպարանի, դարմանատան եւ բոլոր այլ հաստատութիւններու մէջ ձեր աշխատանքին համար: Շնորհակալութիւն` բոլոր անոնց, որոնք հաւատարիմ իրենց երդման` անսակարկ կ՛աշխատին հալէպահայութեան անվտանգութեան համար:
Տօնակատարութիւնը սոսկ հանդիսութիւն չէր: Այս բոլորին խտացումն էր: Ահա հո՛ս է Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղտնիքը: Ի հեճուկս բոլոր անոնց, որոնք այս կազմակերպութեան տկարացումը կը սպասեն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր երթը, որովհետեւ նորանոր հաւատացողներ կը միանան ա՛յս տեսակ աշխատանքի դաշտ նետուող կազմակերպութեան: