Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը Կը Դատապարտէ 18-ամեայ Դաւիթ Մինասեանի Կալանաւորումը
ԵՐԵՒԱՆ․- Յատուկ յայտարարութիւն մը հրատարակելով, Հ․Յ․Դ․ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ 18-ամեայ Դաւիթ Մինասեանի կալանաւորումը՝ զայն գնահատելով իբրեւ իրաւական կամայականութեան եւ իշխանութեան չարաշահումի հերթական դրսեւորում։
Աւելին, Դաւիթ Մինասեանի գործողութիւններուն անաչառ քննութեան զուգահեռ, լուրջ քննութեան առարկայ պէտք է դառնայ Նիկոլ Փաշինեանի անվտանգութեան աշխատակիցներուն ցուցաբերած վարքը Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ։
Ըստ էութեան, այս ակնյայտ անհամաչափ եւ քաղաքական դրդապատճառներով իրականացուած որոշումը կը խախտէ Դաւիթ Մինասեանի կրթութեան իրաւունքը՝ զինք զրկելով այս տարի դպրոցը աւարտելու հնարաւորութենէն։
Խիստ մտահոգիչ է նաեւ Դաւիթ Մինասեանի առողջական վիճակը եւ այս պայմաններուն մէջ որդեգրուած ամէնախիստ խափանման միջոցը, որ կ՛արգիլէ նոյնիսկ պատգամաւորներու եւ ընտանիքի անդամներու տեսակցութիւնները։
Ակնյայտ է, որ ասիկա այն պարագան չէ, երբ կալանքը՝ իբրեւ խափանման ծայրայեղ միջոց, պէտք է կիրառուէր։ Այս մօտեցումը անգամ մը եւս կը փաստէ իրաւապահ եւ դատական համակարգերուն՝ որպէս քաղաքական ճնշման գործիք ծառայելը եւ ակնյայտ ընտրովի արդարադատութիւնը՝ աւելի խորացնելով պետական հիմնարկներու նկատմամբ հասարակական անվստահութիւնը։
Յայտարութեան մէջ, կը նշուի․-
Հ․Յ․Դ․ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ՝
Անմիջապէս ազատ արձակել Դաւիթ Մինասեանը։
Մինչ այդ՝ ապահովել անոր առողջական վիճակին համարժէք բժշկական միջամտութիւն։
Նախաձեռնել անկախ եւ լիարժէք քննութիւն Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքին վերաբերեալ։
Հ․Յ․Դ․ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը իր ամբողջական աջակցութիւնը եւ սատարումը կը յայտնէ Դաւիթ Մինասեանին եւ անոր ընտանիքի անդամներուն՝ կոչ ուղղելով բոլոր երիտասարդական եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն յստակ դիրքորոշում արտայայտելու կատարուող ապօրինութիւններուն վերաբերեալ։

