Գլխաւոր

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Ա. Ռուստամեան Հանդիպեցաւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի Նահանգային Վարչապետին Հետ

 

 

Advertisement Subscribe Today

Հինգշաբթի Մարտ 5-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան հանդիպումներ ունեցաւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի նահանգային կառավարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ՝ նահանգի մայրաքաղաք Վիքթորիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին։

Հանդիպումները տեղի ունեցան Պրիթիշ Քոլոմպիայի խորհրդարանի շէնքին մէջ, ուր Ռուստամեան նախ հանդիպեցաւ նահանգի ուժանութի եւ կլիմայական հարցերու նախարար Ատրիան Տիքսի եւ նահանգային Օրէնսդիր Ժողովի նախագահ Ռաճ Չուհանի հետ։ Այնուհետեւ ան հանդիպում մը ունեցաւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի վարչապետ Տէյվիտ Էպիի հետ։

Ռուստամեանի կ՚ընկերակցէին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Վահէ Անտոնեան, Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Վաննէսա Պարտաքճեան-Յակոբեան։

Հանդիպումներու ընթացքին Ռուստամեան նահանգային ղեկավարներուն ներկայացուց Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակը, ներքին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող անվտանգային եւ քաղաքական մարտահրաւէրները։ Ան յատուկ անդրադարձ կատարեց Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար կալանաւորուած հայ գերիներու խնդիրին, ինչպէս նաեւ Արցախի հայութեան բռնի տեղահանութենէն ետք ստեղծուած մարդասիրական ծանր հետեւանքներուն։

Ռուստամեան ընդգծեց միջազգային իրազեկութեան բարձրացման եւ աջակցութեան կարեւորութիւնը՝ յատկապէս մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ հայ գերիներու ազատ արձակման հարցերու վերաբերեալ։

Քննարկումները անցան բաց եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ։ Կողմերը փոխանակեցին տեսակէտներ այն մասին, թէ ինչպէս ժողովրդավարական գործընկերները եւ հաստատութիւնները, ներառեալ Գանատայի եւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի մէջ, կրնան նպաստել միջազգային ջանքերուն՝ բարձրացնելու իրազեկութիւնը, արձագանգելու մարդասիրական խնդիրներուն եւ աջակցելու Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին։

Ռուստամեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նահանգային ղեկավարութեան՝ հայ համայնքի մտահոգութիւնները լսելու եւ Հայաստանի ու հայութեան առջեւ կանգնած խնդիրներուն շուրջ բովանդակային երկխօսութիւն ունենալու պատրաստակամութեան համար։

Արմէն Ռուստամեան, Ուրբաթ՝ Մարտ 6-ին, Վանքուվըրի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ  Գանատայի Նոր Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (NDP) ժամանակաւոր ղեկավար Տոն Տէյվիսի հետ։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Վահէ Անտոնեան եւ Յակոբ Տէր Յակոբեան։

Հանդիպման ընթացքին Ռուստամեան ներկայացուց Հայաստանի եւ տարածաշրջանին վերաբերող վերջին զարգացումները՝ շեշտելով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ իրականացուած յարձակումէն բխող չլուծուած բազմաթիւ քաղաքական եւ մարդասիրական հարցերու կարեւորութիւնը։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը, Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հրամայականը, ինչպէս նաեւ Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը եւ անոնց հիմնարար իրաւունքներու ու ազատութիւններու վերահաստատումը։

Ռուստամեան նաեւ ներկայացուց այս հարցերուն շուրջ Հ.Յ.Դ.-ի դիրքորոշումները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Տէյվիսին՝ ինչպէս նաեւ Նոր Դեմոկրատական Կուսակցութեան, հայութեան վերաբերող հարցերուն մէջ ցուցաբերած հետեւողական աջակցութեան եւ սկզբունքային կեցուածքին համար։ Իր կարգին, Տէյվիս վեր առնելով գանատահայութեան դերկատարութիւնը Գանատայի քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ, անգամ մը եւս վերհաստատեց իր եւ իր կուսակցութեան աջակցութիւնը հայութեան եւ հայ դատին վերաբերող հարցերու ուղղութեամբ։

Կողմերը նաեւ մտքեր փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ։

Այցելութիւն Սենթ Քաթրինզ Եւ Համիլթըն

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Փետրուար 28-ին այցելեց Սենթ Քաթրինզ եւ Համիլթըն։

Ռուստամեան, Սենթ Քաթրինզի մէջ դիմաւորուեցաւ Հ.Յ.Դ. «Անդրանիկ» կոմիտէի ներկայացուցիչներուն կողմէ, իսկ Համիլթընի մէջ՝ «Վռամեան» կոմիտէի անդամներուն կողմէ։

Այցելութիւններուն ընթացքին Ռուստամեան մօտէն ծանօթացաւ երկու շրջաններու կազմակերպական կեանքին, գործունէութեան եւ առաքելութեան։ Ան նաեւ առիթ ունեցաւ ծանօթանալու այդ շրջաններու հարուստ պատմութեան եւ կուսակցական ու միութենական կառոյցներու անցեալին, որոնք հիմնուած են 20-րդ դարու առաջին տասնամեակին։ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նաեւ առիթ ունեցաւ ծանօթանալու աւելի քան հարիւր տարուան արխիւային արժէքաւոր փաստաթուղթերու, որոնք կը վկայեն Գանատայի մէջ Հ.Յ.Դ. կազմակերպական ներկայութեան սկզբնական շրջանին մասին։

Ռուստամեան նաեւ զեկոյց ներկայացուց տեղական ներկայացուցիչներուն՝ Հայաստանի մէջ եւ անոր շուրջ ընթացող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան դերակատարութեան եւ դիրքորոշումներուն մասին, յատկապէս յառաջիկայ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ։

Հանդիպում Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի Հետ 

Երկուշաբթի, 2 Մարտին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը։

Ռուստամեանի կ՚ընկերակցէին Հ՚Յ՚Դ՚ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Յովիկ Թիւֆէնքճեան եւ Նորա Արուշեան։

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներ Ծովիկ Թերզեան, Յակոբ Պուլկարեան, Թորոս Պապիկեան եւ Զաւէն Չոքաքլեան։

Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց Ռուստամեանին, որ Հայաստանէն Գանատա ժամանած էր մասնակցելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն։

Իր հերթին Ռուստամեան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային Վարչութեան անդամները՝ գնահատելով անոնց եկեղեցաշէն եւ ազգանուէր ծառայութիւնը ու մաղթելով շարունակական յաջողութիւններ իրենց գործունէութեան մէջ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներկայ իրավիճակը, Հայ Եկեղեցւոյ դէմ տարուող յարձակողական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ կատարուած եւ նախատեսուող աշխատանքները։

 

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button