ԱմերիկահայԼրահոս
Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի 122-րդ Շրջանային Ժողով
ՖՐԱՆՔԼԻՆ (Մասաչուսէց)․- Յունիս 3-էն 6, Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի 122-րդ Շրջանային Ժողովը տեղի ունեցաւ «Քէմփ Հայաստան»-ի մէջ, մասնակցութեամբ շրջաններու ներկայացուցիչներուն, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ հրաւիրուած ընկերներու։ Մանրամասնօրէն քննելէ ետք, օրակարգի վրայ տեղադրուած հարցերը, ժողովը ձեւաւորեց ու որդեգրեց յառաջիկայ երկու տարիներու ռազմավարական ուղղութիւնը:


