Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Պիտի Մասնակցի Արցախի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններուն
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Արդէն սկսած է Արցախի Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու քարոզարշաւը։ Հ․Յ․Դ․ Արցախի կառոյցի մասնակցութեան եւ ակնկալիքներուն մասին անդրադառնալով, Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ. «Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը միշտ կարեւոր նկատած է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու համակարգի կայացման անհրաժեշտութիւնը: Համոզուած ենք, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կայացումը պիտի նպաստէ մեր երկրի զարգացման: Մենք կրնանք իրական զարգացում ունենալ միայն այն պարագային, երբ պետական կառավարման համակարգին մէջ ապահովենք ազգաբնակչութեան մասնակցութիւնը: Տեղական կառավարումը երկրի կառավարման համակարգին մէջ պէտք է դառնայ առանցքային նշանակութիւն ունեցող դրոյթ:
Վերը նշուածին հիման վրայ` մեզի համար կարեւոր են այս ընտրութիւնները:
Հ․Յ․Դ․ Արցախի կառոյցը բոլոր շրջաններուն մէջ ալ կը պաշտպանէ առաջադրուած թեկնածուներ, ինչպէս նաեւ` աւագանիի թեկնածուներ: Յատկապէս կարեւոր է շեշտել Ստեփանակերտը` իբրեւ մայրաքաղաք, ուր կը պաշտպանենք քաղաքապետի թեկնածու Գրիգորի Սահակեանը:
Հ․Յ․Դ․ Արցախի տեղական կառոյցները արդէն հանդիպումներ ունեցած են կուսակցութեան կողմէ պաշտպանուող թեկնածուներու հետ: Կ՛ակնկալենք` առաւելագոյն ներկայութիւն ապահովել համայնքներու ղեկավարներու եւ աւագանիներու կազմերուն մէջ»:
Անդրադառնալով Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն` Դաւիթ Իշխանեան նշեց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը երբեք պիտի չուշանայ, ճիշդ ժամանակին, ճիշդ որոշումներ պիտի կայացնէ:
Հ․Յ․ Դաշնակցութեան Ստեփանակերտի կառոյցի անդամները Օգոստոս 15-ին հանդիպում ունեցած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Ստեփանակերտի քաղաքապետի պաշտօնին առաջադրուած Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի հրետանային զօրամասերէն մէկուն նախկին հրամանատար, գնդապետ Գրիգորի Սահակեանի հետ, որ ներկայացուց իր նախընտրական ծրագիրը: Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցի անդամներն ալ իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Սահակեանին` յայտարարելով, որ Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած աւագանիի թեկնածուները պիտի ուղեկցին անոր քարոզարշաւի ընթացքին::
Հանդիպումին կը մասնակցէին Հ․Յ․Դ․ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները, Ստեփանակերտի կոմիտէի եւ երիտասարդական միութեան անդամները, ինչպէս նաեւ տեղի ունենալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած աւագանիի թեկնածուներ Արմէն Յովսէփեանը, Տրդատ Մարտիրոսեանը, Սիրանուշ Սարգսեանը եւ Հայկ Մոսիեանը:

