
Պըրպէնք (Քալիֆորնիա) – Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացուի, թէ Յուլիս 15-18-ին, «Պեշիր Մարտիրոսեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի 55-րդ Շրջանային Ժողովը: Ժողովին ներկայ էին շրջանի 18 կոմիտէութիւններէն 16-ի պատգամաւորները, ներառեալ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեանի Շրջանի և Հ.Յ.Դ. Շանթ Ուսանողական Միութեան պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ նաեւ այլ շրջաններէն եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչներ: Մասնակիցներու ընդհանուր թիւն էր 130:
Ժողովը հանգամանօրէն քննեց շրջանի և շրջանաւարտ Կեդրոնական Կոմիտէի գործունէութիւնը եւ տուաւ իր համապատասխան գնահատականը:
Ժողովը միաժամանակ մանրամասն անդրադարձաւ յառաջիկայ տարեշրջանի գործունէութեան, յատկապէս՝ կազմակերպական, քաղաքական եւ գաղութային բնագաւառներու մէջ, կատարեց մատնանշումներ ու ճշդեց յաջորդ երկու տարիներու գործունէութեան ընթացքը: Շրջանային ժողովը վերահաստատեց Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու իր հաստատական կամքը և շրջանի հաւատարմութիւնը Հ.Յ.Դ. ընտանիքին:
Վերջին օրակարգով ժողովը երկու երրորդը գերազանցող մեծամասնութեամբ ընտրեց յառաջիկայ նստաշրջանի Կեդրոնական կոմիտէ կազմը՝ Զարեհ Աճէմեան, Զանգու Արմէնեան, Հարմիկ Բաղտասարեան, Խաչիկ Թազեան, Լեւոն Պարոնեան, Լաուրա Յակոբեան, Տարօն Տէր Խաչատուրեան, Ստեփան Պոյաճեան, Վիգէն Պապիկեան, Յովիկ Սալիպա, Զոհրապ Քահուէճեան, Մայք Քէլէշեան եւ Քրիս ՔԷօսեան:
Աարտին՝ 55-րդ Շրջանային ժողովը յոտնկայս իր յարգանքի տուրքը մատուցեց բոլոր նահատակներուն, Լիզպոն 5-ին, Արացախեան պատերազմի բոլոր զոհերուն եւ առյաւէտ բաժնուած Հ.Յ.Դ. բոլոր ընկերներու յիշատակին, ապա ժողովը փակուեցաւ «Մշակ Բանուոր»-ով: