
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչները մասնակցեցան “Ֆիտելիթի“ հիմնադրամի բաժնետէրերու հետ հանդիպման եւ արծարծեցին ընկերութիւններու ներդրումները` ցեղասպանութեան դէմ:
Հիմնադրամի բաժնետէրերուն հետ հանդիպման մասնակցեցան Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւելեան շրջանի գործադիր տնօրէն Միշել Յակոբեան եւ Հայ դատի գործիչ Տիգրան Խալիկեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ ցեղասպանութիւններուն եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներուն նպաստող վարչակարգերուն օգնող ընկերութիւններուն մէջ ներդրումներէն խուսափելու հարցը:
Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւելեան շրջանի գործադիր տնօրէն Միշել Յակոբեան յայտնեց, որ “Ֆիտելիթի“-ի բաժնետէրերուն հետ հանդիպումը ցոյց տուած է, որ միլիոնաւոր ամերիկացիներ կը ցանկան ներդրումներ կատարել այն ընկերութիւններուն մէջ, որոնք կապակղութիւն չունին ցեղասպանութիւններու հետ: Յակոբեան յայտնեց թէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը եւ Ներդրումներ Ցեղասպանութեան դէմ ընկերութիւնը, իրենց գործունէութեան միջազգային ուղղուածութիւն պիտի հաղորդեն` յանցաւոր վարչակարգերուն յատկացուող տնտեսական աջակցութեան վերջ տալու համար:
Հանդիպման ընթացքին բաժնետէրերը պահանջեցին, որ հիմնադրամի ղեկավարող խորհուրդը թափանցիկ ընթացակարգեր իրականացնէ` ցեղասպանութիւններուն եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներուն նպաստող երկիրներու ընկերութիւններուն մէջ ներդրումները բացառելու համար: Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային օրէնքը քարիւղի ընկերութիւններուն եւ շատ մը այլ ընկերութիւններուն կ՛արգիլէ գործել Սուտանի մէջ: Որոշումը կը մեկնաբանուի անով, որ “Ֆիտելիթի“-ն եւ ամերիկեան բազմաթիւ այլ տնտեսական կառոյցներ արտասահմանեան բազմաթիւ քարիւղի ընկերութիւններուն մէջ մեծ ներդրումներ կը կատարեն, եւ այդ ընկերութիւններն ալ իրենց հերթին ներդրումներ կը կատարեն Սուտանի մէջ` անուղղակիօրէն օգնելով այդ երկրին կառավարութեան կողմէ իրականացուող Ցեղասպանութեան: