“Հ.Յ.ԴԱՇ­ՆԱԿ­ՑՈՒ­ԹԻՒՆԸ ՊԻ­ՏԻ ՈՒ­ՆԵ­ՆԱՅ ԻՐ ՎՃՌԱ­ԿԱՆ, ԱՌԱՆՑ­ՔԱ­ՅԻՆ ԵՒ ԸՆԴ­ԴԻ­ՄԱ­ԴԻՐ ԴԵ­ՐԱ­ԿԱ­ՏԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆԸ“ ԿԸ ՅԱՅՏ­ՆԷ Ա. ՎԱՐ­ԴԱՆ­ԵԱՆ

0 0
Read Time:7 Minute, 54 Second

 p5  aghvan_19-2-13  ԵՐԵ­ՒԱՆ.- Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի փոխ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Աղ­ուան Վար­դան­եան, վեր­ջերս հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ “Ազա­տու­թիւն“ ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին հետ, եւ անդ­րա­դար­ձաւ ընտ­րու­թեան նա­խօր­եա­կին հրա­պա­րակ­ուած Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նին կող­մէ ընտ­րող­նե­րուն ուղղ­ուած կո­չին:

Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ “երբ կո­չին մէջ կը նշէք, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ել­քը կան­խո­րոշ­ուած է, կը կար­ծէ՞ք, թէ յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի կեղծ­ուին“, Ա. Վար­դան­եան ըսաւ. “Վեր­ջին 15-20 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ընտ­րու­թիւն­նե­րու մե­քա­նիզ­մը այն­պէս կա­տա­րե­լա­գործ­ուած է, որ ակն­յայ­տօ­րէն ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րուն վրայ հսկա­յա­կան դեր կ՛ու­նե­նան իշ­խա­նա­կան, պե­տա­կան, վար­չա­կան եւ նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րը: Խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը ատոր փայ­լուն կա­տա­րե­լա­գործ­ուած ապա­ցոյցն են:

“Մենք տե­սած ենք, որ բուն ընտ­րու­թիւն­նե­րու օրը տե­ղա­մա­սե­րուն մէջ կար­ծես թէ մեծ ծա­ւա­լի ընտ­րա­կեղ­ծիք­ներ չեն ըլ­լար: Երբ մենք կ՛ը­սենք, որ կան­խո­րոշ­ուած են, մենք նկա­տի ու­նինք, որ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը մրցակ­ցա­յին չեն, այս ընտ­րու­թիւն­նե­րով որե­ւէ բան կա­րե­լի չէ փո­խել այս երկ­րին մէջ եւ ար­դիւնք­ներն ալ ակն­յայ­տօ­րէն կան­խո­րոշ­ուած են: Ատի­կա մենք ըսած ենք տա­կա­ւին Դեկ­տեմ­բե­րին` մեր խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րէն ետք“:

Անդ­րա­դառ­նա­լով Սերժ Սարգս­եա­նի այն յայ­տա­րա­րու­թեան, թէ ո՞վ ար­գի­լած է հիմ­նա­կան քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն մաս­նակ­ցիլ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, Վար­դան­եան ըսաւ. “Որե­ւէ երկ­րի մէջ իշ­խա­նու­թիւնը իր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, մի­ջոց­նե­րը կ՛օգ­տա­գոր­ծէ: Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, դժբախ­տա­բար, այդ մի­ջոց­նե­րուն օգ­տա­գոր­ծու­մը դար­ձած է ան­սահ­մա­նա­փակ, հա­մա­տա­րած, վե­րէն վար: Մաս­նակ­ցե­լով մենք որե­ւէ բան պի­տի չփո­խէ­ինք, մեր մաս­նակ­ցու­թեամբ այս ժո­ղո­վուր­դը, այս պե­տու­թիւնը որե­ւէ բան պի­տի չշա­հէր: Ընդ­հա­կա­ռակն` ինչ որ առու­մով մենք մաս­նակ­ցե­լով պի­տի օրի­նա­կա­նաց­նէ­ինք այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը“:

Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ ի՞նչ կը պատ­րաստ­ուի ընել Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք, հա­ւա­նա­կա՞ն է, որ յա­ջորդ հա­մա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն դարձ­եալ չմաս­նակ­ցի, Վար­դան­եան պա­տաս­խա­նեց. “Այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը մեր պե­տու­թեան պա­րա­գա­յին սահ­մա­նա­գիծ էին, եւ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ետք հա­յաս­տան­եան քա­ղա­քա­կան դաշ­տը ար­մա­տա­կան վե­րա­փո­խում­նե­րու պի­տի են­թարկ­ուի: Մեր խնդի­րը պի­տի ըլ­լայ այդ նոր ձե­ւա­ւոր­ուե­լիք դաշ­տին մէջ իբ­րեւ առանց­քա­յին ընդ­դի­մա­դիր ուժ աշ­խա­տիլ մեր հա­սա­րա­կու­թեան, տար­բեր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու հետ եւ ձե­ւա­ւո­րել այն ընդ­դի­մա­դիր ու­ժը, որ պի­տի կա­րե­նայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ վստա­հու­թիւն վե­րա­դարձ­նել ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, երկ­րի ապա­գա­յին նկատ­մամբ“:

Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Գե­րա­գոյն մար­մի­նի փոխ­ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ընդգ­ծեց. “Քա­ղա­քա­կան վե­րա­փո­խում­նե­րու մա­սին կը խօ­սին բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը. ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տա­նի հետ, ո՞ր ուղ­ղու­թեամբ պի­տի եր­թայ, ասոնք հար­ցա­կան­ներ են: Ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ Հայ ազ­գա­յին քոնկ­րէսի հետ, այս­տեղ եւս բազ­մա­թիւ տար­բե­րակ­ներ կան… նոր կու­սակ­ցու­թիւն, Նի­կոլ Փա­շին­եա­նը` առան­ձին, միւս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը առան­ձին, այս­տեղ եւս բա­ցեր կան: Կայ ար­դէն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու կամ գործ­նա­կան քայ­լե­րու մա­կար­դա­կով, որ փորձ պի­տի ըլ­լայ որոշ կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, որոշ գոր­ծիչ­ներ մի­ա­ւո­րե­լու մէկ ու­ժի շուրջ` պայ­մա­նա­կան եւ­րո­պա­կան ար­ժէք­նե­րու շուրջ. խօս­քը Հան­րա­պե­տու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան, Դա­ւիթ Շահ­նա­զար­եա­նի, Հրանդ Բագ­րատ­եա­նի մա­սին է, չի բա­ցառ­ուիր նա­եւ (ասոնք են­թադ­րու­թիւն­ներ են) Ազատ դե­մոկ­րատ­նե­րը եւ այլն: Ակն­յայտ է, որ իշ­խա­նու­թիւնը եւս մի­ա­տարր, մի­ա­բե­ւեռ չէ, մենք վստահ ենք, որ փո­փո­խու­թիւն­ներ պի­տի ըլ­լան նա­եւ իշ­խա­նու­թեան մէջ, չի բա­ցառ­ուիր նոր մտա­ծո­ղու­թեան, նոր ու­ժե­րու ի յայտ գա­լը: Ատոր նա­խադր­եալ­նե­րը այ­սօր եւս ակն­յայտ են: Ակն­յայտ է նա­եւ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան հա­սա­րա­կու­թեան աշ­խու­ժա­ցու­մը եւ այս­տեղ եւս բա­ցառ­ուած չէ, որ որոշ վե­րա­փո­խում­ներ պի­տի ըլ­լան, որոշ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ պի­տի փոր­ձեն քա­ղա­քա­կան դաշտ տե­ղա­փոխ­ուիլ: Այն­պէս որ, մեր առ­ջեւ լրիւ նոր դաշտ պի­տի ձե­ւա­ւոր­ուի, եւ Հ.Յ. Դաշ­նակ­ցու­թիւնը պի­տի փոր­ձէ այդ դաշ­տին մէջ ու­նե­նալ իր վճռա­կան, առանց­քա­յին, ընդ­դի­մա­դիր դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը“:

Ստո­րեւ, Ուր­բաթ, Փետր­ուար 15-ի հրա­պա­րակ­ուած կո­չը` ընտ­րող­նե­րուն, որ օրին տե­ղադր­ուած էր “Հայ­րե­նիք“ի կայ­քէ­ջէն ներս.-

“Յար­գե­լի՛ քա­ղա­քա­ցի­ներ,

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թեա­նը թեկ­նա­ծու չա­ռա­ջադ­րե­լու` Հ.Յ.Դ. որոշ­ման պատ­ճառ­նե­րը ձեզ յայտ­նի են. մի­աս­նա­կան քա­ղա­քա­կան օրա­կարգ ձե­ւա­ւո­րե­լու, ընդ­դի­մա­դիր մի­աս­նա­կան թեկ­նա­ծու ու­նե­նա­լու մեր ջան­քը ար­դիւնք չու­նե­ցաւ: Այդ պայ­ման­նե­րում անի­մաստ էր մաս­նակ­ցել մի մի­ջո­ցառ­ման, որի ել­քը կան­խո­րոշ­ուած է: Նա­խընտ­րա­կան այս ըն­թաց­քը նոյն­պէս ընտ­րու­թիւն­նե­րի “որա­կի“ ապա­ցոյցն է:

Բայց կեան­քը Փետր­ուար 18-ից յե­տոյ շա­րու­նակ­ուե­լու է, ժո­ղովր­դին յու­զող խնդիր­նե­րը մնա­լու են օրա­կար­գում, եւ մենք վստահ ենք, որ հայ հա­սա­րա­կու­թիւնն իր մէջ ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու ուժ է գտնե­լու եւ վաղ, թէ ուշ հնա­րա­ւոր է դարձ­նե­լու ազատ, ար­դար, մրցակ­ցա­յին ընտ­րու­թիւն­նե­րի անց­կա­ցու­մը:

Մենք ձեզ յոր­դո­րում ենք Փետր­ուար 18-ին ան­պայ­ման գնալ ընտ­րու­թեան, թոյլ չտալ, որ վերջ­նա­կա­նա­պէս վար­կա­բեկ­ուի այդ հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը եւ ձեր ձայնն օգ­տա­գործ­ուի իշ­խա­նու­թեան վե­րար­տադր­ման հա­մար: Ի վեր­ջոյ, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Հա­յաս­տա­նը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րով է կա­յա­նա­լու: Իբ­րեւ ընդ­դի­մա­դիր քա­ղա­քա­կան ուժ` մենք կոչ ենք անում‘ գնալ ընտ­րու­թեան, ձայն չտալ իշ­խա­նու­թեան թեկ­նած­ուին, քու­է­ար­կել ձեր խղճով ու ցան­կու­թեամբ կամ քու­է­ա­թեր­թի­կը ան­վա­ւեր դարձ­նել:

Հ.Յ. Դաշ­նակ­ցու­թիւնը շա­րու­նա­կե­լու է պայ­քա­րը` նպա­տակ ու­նե­նա­լով իր հռչա­կած քա­ղա­քա­կան օրա­կար­գով ար­մա­տա­պէս շրջել անվս­տա­հու­թեան, յու­սալ­քու­թեան մթնո­լոր­տը, եր­կի­րը դուրս բե­րել բնա­կա­նոն զար­գաց­ման հուն, ապա­հո­վել մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րի բա­րե­կե­ցիկ ու ար­ժա­նա­պա­տիւ կեան­քը“:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles