
ՓԱՐԻԶ․- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 20-ին, տեղի ունեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․ – Ֆրանսի եւ Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետութեան միջեւ Հ․Մ․Ը․Մ․ – Ֆրանսի մարզամշակութային համալիրի շինարարութեան համաձայնագիրին պաշտօնական ստորագրութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիի, փոխքաղաքապետ Յարութ Խանճեանի, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուանի, հայ եւ օտար հոգեւոր պետերու, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Անդօ Պահարեանի եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ – Ֆրանսի Մեկուսի վարչութեան ատենապետ Արամ Սիսեռեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յարութ Խանճեան: Այս օրը Ֆրանսայի հայ համայնքին համար ուրախալի եւ պանծալի օր մըն է, ըսաւ ան եւ շարունակեց. «ՀՄԸՄ-ի մարզամշակութային համալիրին կառուցումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ֆրանսահայերուն համար: Այս համալիրին մէջ սերունդներ հասակ պիտի նետեն եւ պիտի շարունակեն իրենց նախնիներուն աշխատանքը` տէր կանգնելով ու պահպանելով հայ մշակոյթն ու աւանդութիւնները»:
Ապա, համալիրի ճարտարապետ Թիպօ Տէօ Լա Լուլանսի մանրամասն բացատրութիւն տուաւ ծրագիրին մասին` նշելով, որ համալիրը պիտի կառուցուի վերանորոգելով «Ալեմ Մինում» շէնքը, որուն պիտի կցուի 400 հոգի ընդունող թրիպիւն մը, ինչպէս նաեւ զանազան մարզաձեւեր կիրարկելու համար մարզասրահներ պիտի աւելնան:
Հ․Մ․Ը․Մ․ – Ֆրանսի Մեկուսի վարչութեան ատենապետ Արամ Սիսեռեան յայտնեց, որ իրեն համար հպարտութիւն է ներկայացնել Հ․Մ․Ը․Մ․ – Ֆրանսը` նկատել տալով, որ այս ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները վերջին տասը ամիսներուն ընթացքին սկսած են եւ մեծ արագութեամբ ծաւալած: Ան նշեց, որ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի երազը եղած է նման համալիր մը ունենալ իր հիմնուած օրէն ի վեր, այսինքն` 1918-էն, շուրջ մէկ դարէ ի վեր, որովհետեւ անիկա հայկական երիտասարդական մեծագոյն միութիւնն է:
Արամ Սիսեռեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Հարիրիին` Հ․Մ․Ը․Մ․-ի նկատմամբ անոր ցուցաբերած պատմական զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ այս հանդիսութեան անձամբ ներկայ գտնուելուն համար:
Այս առիթով խօսք առաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան ըսաւ, թէ Հ․Մ․Ը․Մ․-ը հիմնուած է Հայոց ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք` ջարդերէն փրկուած որբերը հաւաքելու, անոնց ֆիզիքական եւ հոգեմտաւոր կրթութիւն ջամբելու եւ լաւ մարդեր ու տիպար քաղաքացիներ պատրաստելու համար:
«Ճշդուած նպատակը իրականացնելը երբեք դիւրին չէ եղած, սակայն Հ․Մ․Ը․Մ․-ի համար անկարելի՛ բան չէ եղած, հաստատեց Մկրտիչեան եւ շարունակեց ըսելով, որ Հ․Մ․Ը․Մ․ սկաուտական եւ մարզական իր ճիւղերով փորձած է հասնիլ 1915-ի բոլոր որբերուն անխտիր` առանց որեւէ խտրութեան: Այդ աշխատանքին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է միութեան հիմնադիրներէն Գրիգոր Յակոբեանը, որ աւելի ուշ հաստատուած եւ մահացած է Ֆրանսա` վայելելով ֆրանսացի ժողովուրդին մեծ յարգանքը»:
Մարզամշակութային համալիրի ստեղծման շարժառիթին անդրադառնալով` Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ըսաւ, թէ «ժամանակի ընթացքին, Հ․Մ․Ը․Մ․ – Ֆրանս մեծնալով եւ իր գործունէութիւնը ծաւալելով, կարիքը ունեցաւ յարմար կեդրոնի մը, որպէսզի կարենայ յաւելեալ երիտասարդութիւն համախմբել եւ անոր դաստիարակութեան յարմար պայմաններ ստեղծել: Հետեւաբար, տարիներու եւ սերունդներու երազ մը իրականութիւն կը դառնայ այս կեդրոնին ստեղծումով: Կեդրոն մը, որուն համար շնորհակալ եւ երախտապարտ պէտք է ըլլալ նախ եւ առաջ Լիբանանի արդի պատմութեան մեծագոյն դէմքերէն Ռաֆիք Հարիրիի, որ միշտ եղաւ ու մնաց հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ – Ֆրանսին նեցուկ: Ան չտեսաւ իր եւ մեր մեծ երազին իրականացումը, բայց, ահաւասիկ, իր զաւակը` հօրը աշխատանքը շարունակող, Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի մասնակից կը դառնայ մեր մեծ ուրախութեան եւ իրագործումին»:
Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետ Անտրէ Սանթինիին, որ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի հետ երկար տարիներու իր ծանօթութիւնը այսօր կը պսակէ այս համալիրին իրականացումով, ի շահ առողջ երիտասարդութեան մը կերտման, ի շահ քաղաքին փայլուն ապագայի մը ապահովման: «Վերջապէս, շնորհակալութիւն ընկերոջս` Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Հրաչ Սիսեռեանին եւ իրեն գործակից բոլոր Հ․Մ․Ը․Մ․-ականներուն, որոնք անցնող տարիներուն ճիգ ու ջանք չխնայեցին նման կեդրոնի մը ստեղծման համար», ըսաւ ան:
Իր խօսքին աւարտին, Գ. Մկրտիչեան քաղաքապետ Սանթինին պատուեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի «Արտակարգ» պատուանշանով, իսկ Յարութ Խանճեանը` միութեան «Ծառայութեան» շքանշանով:
Խօսք առաւ նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան: Ան նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին` այս ծրագիրը հովանաւորելուն համար, նշելով, որ Լիբանան առաջին պետութիւններէն էր, որ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը, որոնք դարձան Լիբանանի քաղաքացիներ եւ միաժամանակ պահեցին իրենց հայկականութիւնը, իրենց մշակոյթն ու հայկական դաստիարակութիւնը:
Դեսպան Տոլմաճեան ըսաւ, թէ Իսի Լէ Մուլինօ քաղաքը կը յատկանշուի Ֆրանսա-Հայաստան-Լիբանան բարեկամական սերտ յարաբերութիւններով:
Իր կարգին, քաղաքապետ Սանթինի նշեց, որ վարչապետ Հարիրի իր այս նախաձեռնութեամբ կը յիշեցնէ հանգուցեալ հայրը` Ռաֆիք Հարիրին: Ան ըսաւ, որ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի մեծ կազմակերպութիւնը կարեւոր աշխատանք կը կատարէ աշխարհի տարածքին, հայապահպանութեան գործին մէջ:
Իր խօսքին աւարտին, քաղաքապետ Սանթինի Իսի լէ Մուլինօ քաղաքի բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրեց վարչապետ Սաատ Հարիրին:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սանթինիի կողմէ իրեն շնորհուած շքանշանին համար` նշելով, որ ինք իր հօրը նման մեծապէս տպաւորուած է Հ․Մ․Ը․Մ․-ի կատարած աշխատանքով: Հարիրի ըսաւ, թէ իր հայրը բարեկամական սերտ կապեր ունեցած է հայ ժողովուրդին հետ թէ՛ Լիբանանի մէջ եւ թէ՛ աշխարհի տարածքին: Իր մահէն ետք այդ կապերը ես շարունակեցի եւ փորձեցի աւելի զարգացնել զանոնք, հաստատեց ան:
«Ինծի համար ուշագրաւ եղած է Հ․Մ․Ը․Մ․-ի մարզական եւ սկաուտական կազմակերպուածութիւնը, իսկ 1974-էն ի վեր Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան կեդրոնը Պէյրութի մէջ գործելու իրականութիւնը առիթ տուած է նշմարելու Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան ցուցաբերած նուիրումը իր առաքելութեան հանդէպ», շեշտեց Հարիրի:
Հարիրի ըսաւ, թէ ծրագիրը մեծապէս հետաքրքրած է զինք, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետին, որ զօրավիգ կանգնեցաւ անոր իրականացման:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ համալիրին շինարարութեան ազդանշանը տուող համաձայնագիրի ստորագրութիւնը: