Լրահոս
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ՄԻՋ-ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ 11-ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՊԱՆԹԷՈՆԷՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15-ին, միութեան միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնէն, ներկայութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ Կիրօ Մանոյեանի, Արսէն Համբարձումեանի, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, ինչպէս նաեւ միջ-դիւանական խորհրդաժողովի մասնակից 19 շրջաններէ 42 մասնակիցներու։


